Պատիւ - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

27 Kasım 2020  

Պատիւ -

Պատիւ Պատիւ

Ինձ հա­մար զի­նուո­րակա­նու­թիւնը պա­տուի խնդիր է»։ Ահա այս նշա­նաբա­նով ապ­րեր ու նա­հատա­կուեր է Ար­տա­կը, հայ­կա­կան բա­նակի հա­զարա­ւոր հե­րոս­նե­րէն մէ­կը։ Իսկ անոր այ­րին, ամուսնոյն պար­գե­ւատ­րո­ւած յետ­մա­հու «Մար­տա­կան ծա­ռայու­թիւն» մե­տալը ստա­նալու ժա­մանակ մա­մու­լին խօ­սեր է. «Ու­րիշ այլ հարց ին­քը իր առ­ջեւ չէր դրել. Պա­տիւ եւ Հայ­րե­նիք։ Նա ամէն ինչ արեց՝ մին­չեւ վերջ բարձր պա­հելու իր հա­մար այնքան թանկ պա­տիւը»։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ ամէն հայ­րե­նանո­ւէր հա­յոր­դի, ըլ­լայ զի­նուո­րական, թէ ըլ­լայ աշ­խարհա­յին, պա­տուով կը կա­տարէ տե­ղի եւ ժա­մանա­կի հրա­մայա­կանը, պա­տիւը ու­նիմ խօ­սելու «պա­տիւ»բա­ռի մա­սին ու ձե­զի ներ­կա­յաց­նե­լու, թէ ան ի՛նչ պա­տուա­բեր էջեր պար­գե­ւեր է հա­յոց լե­զուի եւ գրա­կանու­թեան պատ­մութեան։

Մեր ամե­նահին գո­յական­նե­րէն մէկն է «պա­տիւ»ը։ Հա­յոց նախ­նի­ները, որոնք շատ պա­տիւ­ներ առեր են ու տո­ւեր են, մե­զի աւան­դեր են «պա­տիւ»բա­ռի հա­րուստ եւ նախ­նա­ձելի գանձ մը։ Յօ­դուա­ծիս մէջ այդ գո­հար­նե­րուն զու­գա­հեր պի­տի մէջ­բե­րեմ նաեւ հայ զի­նուո­րի, կա­մաւո­րի եւ հրա­մանա­տարի հա­մար ար­տա­սանո­ւած պա­տուա­բեր խօս­քեր։

Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ոս­կե­դարուն ու­նէինք «պա­տիւ»երկվան­կը՝ «շուք ներ­քին եւ ար­տա­քին, փառք, փա­ռաւո­րու­թիւն, պար­ծանք. շնորհ, յար­գանք»։ 19-րդ դա­րու ակա­նաւոր բա­նաս­տեղծ եւ թարգմա­նիչ Ալեք­սանդր Ծա­տու­րեանը «Պա­տիւ»քեր­թո­ւածի մէջ չորս տո­ղով պա­տաս­խա­նեց այն հին հար­ցումը, թէ պա­տի՞ւն է աւե­լի կա­րեւոր, թէ՝ ան­ձը. «Ասում են, մարդս պէտք է իր ան­ձից / Միշտ բարձր դա­սի պա­տիւն անա­րատ, / Եւ ով զրկո­ւած է այդ ան­գին գան­ձից, / Նա՚ է կեան­քի մէջ ամե­նից աղ­քատ»։

Բա­ռը ժա­մանա­կի ըն­թացքին ու­նե­ցաւ իմաս­տի զար­գա­ցում, դար­ձաւ՝ բարձ (ուր իշ­խաննե­րը կը նստէին ըստ աս­տի­ճանի), աթոռ, տա­ճարին տրո­ւած ըն­ծայ, պար­գեւ, ճաշ­կե­րոյթ կամ՝ հիւ­րա­սիրու­թիւն, իրբ շնոր­հա­կալու­թիւն, ու վեր­ջա­պէս՝ աղջկայ կու­սութիւն։ Իսկ եթէ յի­շէնք, թէ հնա­գոյն ժա­մանակ­նե­րուն իշ­խա­նական պսա­կը եւ պա­տուի զար­դը կը կո­չուէին «պա­տիւ», այն ժա­մանակ հասկնա­լի կը դառ­նայ «Կա­պէր զպա­տիւ վար­սին» ար­տա­յայու­թիւնը։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, քիչ վերջ պի­տի տես­նենք 5րդ դա­րէն մին­չեւ 10րդ դար «պա­տիւ»բա­ռի առած ձե­ւերը, սա­կայն, այժմ ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ ժա­մանա­կակից մա­մու­լէն պա­տուա­բեր պա­տառիկ­ներ. «Սի­սիանում նո­րածին տղա­յին անո­ւանա­կոչել են ի պա­տիւ այս օրե­րին առաջ­նագծում զո­հուած հա­մաքա­ղաքա­ցու զին­ծա­ռայո­ղին», «Փառք ու պա­տիւ ձեզ, որ բարձր էք պա­հում մեր հո­ղի ու հայ զի­նուո­րի պա­տիւը», «Փառք ու պա­տիւ ամէն օր խա­ղաղու­թիւն պար­տադրող հայ զի­նուո­րին ու սպա­յին»։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։

«Պա­տիւ»ը Ե. դա­րուն դար­ձաւ «պա­տուա­կան», այ­սինքն՝ պա­տուոյ ար­ժա­նի։ Այս իմաս­տով է, որ Եղի­շէ պատ­մի­չը գոր­ծա­ծեց զայն. «Պա­տուա­կան զի­նուո­րու­թիւնն հա­սանէր 'ի չարտշուք անար­գութիւն»։ Ժա­մանա­կի ըն­թացքին այս ածա­կանը նիւ­թա­կանա­ցաւ, այ­սինքն նշա­նակեց՝ մե­ծագին, սա­կաւա­գիւտ, գի­նով մե­ծածախ։ Այ­նուհե­տեւ հայ վա­ճառա­կան­նե­րը եւ ոս­կե­րիչ­նե­րը առա­տօրէն սկսան գոր­ծա­ծել շլա­ցու­ցիչ նկա­րագ­րութիւններ, ինչպէս՝ «Պա­տուա­կան մար­գա­րիտ», «Անօթ պա­տուա­կան»։ Ապա եկան այլ բա­ռեր։ Ազ­նո­ւական­նե­րը, իշ­խա­նաւոր­նե­րը եւ մե­ծամեծ­նե­րը կո­չեցինք «պա­տուա­կանք», պա­տիւ ու­նե­ցող­նե­րը՝ «պա­տուա­կալ», փա­ռասէր եւ ամ­բարհա­ւաճ­նե­րը՝ պա­տուա­սէր, առա­ւել ազ­նուական­նե­րը կամ մե­ծագին առար­կա­ները՝ «պա­տուա­կանա­գոյն»։ Իսկ երբ պէտք եղաւ աթո­ռի ոտ­նա­տեղիի մա­սին խօ­սիլ, որ կը դնէին բարձրու­թեան աս­տի­ճանի ի պա­տիւ՝ շի­նեցինք «պա­տուան­դան» բա­ռը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, կա­րելի՞ է եր­կի­րը գոր­ծա­ծել իբր պա­տուան­դան, որ­պէսզի մէ­կը հաս­նի երկնա­ւոր կեան­քին, կամ մարդ մը կրնա՞յ պա­տուան­դան ըլ­լալ ու­րի­շի հա­մար։ Ահա այդ միտ­քե­րը կը գտնենք հե­տեւեալ եր­կու նա­խադա­սու­թիւննե­րու մէջ։ «Եր­կինք աթոռ իմ են, եւ եր­կիրս պա­տուան­դան ոտից իմոց», «Ըն­դէ՚ր խա­փանից» զանձն լի­նել պա­տուան­դան ընդ ոտիւք այ­լոց»։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։

Բա­ռը շա­րու­նա­կեց զար­գա­նալ։ 6-րդ դա­րուն յայտնո­ւեցան «պա­տուա­կից» եւ «պա­տուա­սիրա­կան» բա­ռերը, 8-րդ դա­րուն՝ «պա­տուա­սիրել» բա­յը, իսկ 10-րդ դա­րուն՝ «պա­տուա­մատոյց» եւ «պա­տուա­պար­գեւ» բա­ռերը։ Հե­տաքրքրա­կան է, թէ 9րդ դա­րուն ան նաեւ դար­ձեր էր իւ­րա­յատուկ կե­տադ­րա­կան նշան՝ «Պա­տիւ»։ Մա­տենա­գիր­նե­րը զայն կը գոր­ծա­ծէին հա­մառօ­տագ­րե­լու հա­մար եօթը բառ, որոնք տէ­րու­նա­կան էին. Աս­տո­ւած (ԱԾ), Յի­սուս (ՅՍ), Քրիս­տոս (ՔՍ), Տէր (ՏՐ), Սուրբ (ՍԲ), Իս­րա­յէլ կամ Իս­րաէղ (ԻԷՂ) եւ Երու­սա­ղէմ (ԵՂՄ)։ Այս հա­մառօ­տագ­րո­ւած բա­ռերու վրայ կը դրո­ւէր «պա­տիւ»նշա­նը, քան­զի մեր գրիչ­նե­րը եւ ծաղ­կողնե­րը իրենց ար­ժա­նի չէին հա­մարեր զա­նոնք լրիւ գրե­լու։ Իսկ այժմ մեր առօ­րեայ զրոյցնե­րը հա­րուստ են «պա­տիւ»վա­յելող բազ­մա­թիւ դար­ձո­ւածքնե­րով, ինչպէս՝ պա­տիւ առ­նել, պա­տիւ տալ, պա­տիւ ու­նե­նալ, պա­տիւը ծախ­սել, պա­տիւը ոտ­նա­տակ ընել, պա­տիւը պա­հել, պա­տիւը ցե­խին խառ­նել, պա­տուի բռնել՝ զի­նուո­րական պա­տուի կե­ցուածք ըն­դունիլ, զգաստ կանգնիլ եւ ձեռ­քը գլխին մօ­տեց­նել, պա­տուի գի­նով, պա­տուին հետ խա­ղալ, պա­տուի զգա­ցում, պա­տուին դպչիլ, պա­տուով դուրս գալ՝ բան մը յա­ջողու­թեամբ կա­տարել, գլուխ բե­րել, պար­զե­րես դուրս գալ։ Մե­րօրեայ բա­ռարան­նե­րը այ­սօր կը պա­րու­նա­կեն «պա­տիւ»ով շի­նուած 75-ի չափ բառ։ Այդ բա­ռերու շնոր­հիւ է, որ յա­ջողակ հա­յը կը ստա­նայ «պա­տուա­գիր», որ­դին կ՛ըլ­լայ «պա­տուա­բեր», հե­րոսը կը ստա­նայ «պա­տուա­խաչ», բծախնդիր սպան կ՛ըլ­լայ «պա­տուախնդիր», տուն վե­րադար­ձող մար­տի­կին ի պա­տիւ «պա­տուա­ճաշ» կու տան, իսկ եր­բեմն մու­րացկան­ներն ալ կ՚ըլ­լան «մե­ծապա­տիւ».. Հայ­կա­կան մա­մու­լը կը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­գան­գել. «Զո­հեր չու­նենք, ու­նենք հե­րոսա­ցած ու պա­տուով կեանք տո­ւած տղերք», «Իւ­րա­քան­չիւր զի­նուոր պա­տուով է կրում մար­տա­կան հեր­թա­պահու­թիւնը»։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։

Ուշ միջ­նա­դարուն, երբ բա­ցակայ էր հայ­կա­կան պե­տակա­նու­թիւնը, բա­ռը զրկուեցաւ իր զի­նուո­րական պա­րու­նա­կու­թե­նէն, սոսկ պա­հեց կրօ­նական եւ բա­րոյա­կան գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Այդ օրե­րուն, Խա­չատուր Խաս­պէկ Կա­ֆացին պա­տուեց Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­ծինը. «Ցո՛յց ճա­նապարհ կե­նաց, մայր ճշմար­տա­գոյն... / Որոյ պա­տիւ եւ փառք անսպա­ռագոյն»։ Տա­ղասաց Սու­քիասը խրա­տեց, որ մար­դը չփա­րի մարմնա­կան պա­տիւին, «Թէ ի մարմնոյ պա­տիւ հա­յիս, / Նան­րա­կանօք յե­րակ (միշտ) խա­բիս»։ Իսկ աշ­խարհիկ գրիչ­նե­րը պա­տուե­ցին գե­ղեցի­կը ու գե­ղեց­կուհին ստեղ­ծո­ղին, ու բա­ռը իր կեան­քի մէջ առա­ջին ան­գամ դար­ձաւ... քնա­րական։ Ահա սրտագ­րաւ փունջ մը. «Փառք ու պա­տիւ քո ստեղ­ծո­ղին... Նազ­լու, ո՞ր մայր է զքեզ բե­րեր», Խեւ Կա­ֆացի, «Փառք ու պա­տիւ ասեմ ես քո արար­չին», Քո­սայ Երէց, «Ա՜յ իմ մարգրտ» շա­րոց, ոս­կե­թել ծած­կոցդ ի վե­րայ, / Զքո հայրն պա­տիւ ձե­նեմ, քեզ ին­ձի կ՛ու­զեմ՝ թէ կու տայ», Նա­հապետ Քու­չակ, «Փառք եւ պա­տիւ եւ գո­հու­թիւն. / Ա՚յ լից ու տուց, ա՚յ լից ու տուր / Զա­նուշ գի­նին անա­պական», Աս­տո­ւածա­տուր, «Ամե­նայն արա­րածոց / Փառք եւ պա­տիւ ես դու, Ստըմ­պոլ», Առա­քել Բա­ղիշե­ցի, «Չար թշնա­մին թող վե­րանայ, / Պա­տիւ հա­յոցս մե­ծանայ», Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցի։

«Պա­տիւ» բա­ռը պա­տիւ բե­րաւ նաեւ հայ­կա­կան գրատ­պութեան։ Սկսե­լով 1802 թո­ւակա­նէն, ան յա­ճախ յայտնո­ւեցաւ որ­պէս գիր­քի տիտ­ղոս. «Հա­մառօտ կրթու­թիւն վասն ման­կանց՝ ի պա­տիւ օրհնա­բանեալ Կու­սին», «Ներ­բո­ղեան ի պա­տիւ Ս. Հոգ­ւոյն», «Ի պա­տիւ անա­րատ յղու­թեան», «Ներ­բող ի պա­տիւ անուան Ամե­նօրհնեալ Կու­սին Մա­րիամու», «Ի պա­տիւ Հայ թատ­րո­նի ութսու­նա­մեակին», «Ի պա­տիւ հայ գրոց գիւ­տի 1500-ամեակին եւ տպագ­րութեան 400-ամեակին», «Յո­բելի­նական նո­ւագա­հան­դէս ի պա­տիւ Ա. Շահ-Մու­րա­տեանի»։ Հե­տաքրքրա­կան են նաեւ հնա­տիպ եր­կա­րաշունչ խո­րագիր­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծուած ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «Ի պա­տիւ ազ­գիս Հա­յոց», «Ի պա­տիւ վսե­մափա­ռու­թեան...», «Ի պա­տիւ կա­ռու­ցուելիք...»։ Բա­ռը նաեւ բե­մական յայտնի գոր­ծի անուն դար­ձաւ։ 1904 թո­ւակա­նին Շիր­վանզա­տէի կող­մէ գրի առ­նուած եւ նոյն տա­րի հա­յաշատ Բա­քու քա­ղաքի թա­տերա­սէր ժո­ղովուրդին հա­մար բե­մադ­րո­ւած «Պա­տուի հա­մար» թա­տերա­խաղն էր ան։ 1905-ին, Պոլ­սոյ մէջ Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րանի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեանը ամա­վեր­ջի հան­դէ­սին իր ըն­թա­ցաւարտնե­րուն տո­ւաւ հե­տեւեալ պատ­գա­մը. «Հա­ւատա­րիմ մնա­լու հա­մար Պա­տուոյն, որ­պէսզի ո՛չ մէ­կու մ՛առ­ջեւ ամօ­թով կարմրի, ո՛չ մէ­կու մ՛առ­ջեւ ստի­պուի իր ճա­կատը խո­նար­հել ակնկոր- ահա՛ պա­տուա­ւոր մար­դը... Ան­գամ մ՛իր պա­տիւը կո­րու­սա­նելէ յե­տոյ՝ ո՜րքան դժուարին է վերստա­նալ զայն... Բուն պա­տիւը, ճշմա­րիտ պա­տիւը չի կրնար եր­բեք հաշտ ըլ­լալ այնպի­սի արարքնե­րու հետ զորս կը դա­տապար­տէ բա­րոյա­կանը»։

Իսկ վեր­ջա­պէս ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան «Զի­նուած ոյ­ժե­րու սպա­յի պա­տուի կա­նոն­նե­րը հաս­տա­տելու մա­սին» օրէն­քէն մէջ­բե­րում մը. «Հրա­մանա­տարը պէտք է մշտա­պէս դրա­կան օրի­նակ ծա­ռայի են­թա­կայ անձնա­կազ­մին, բարձրաց­նի վեր­ջիննե­րիս մէջ պա­տուի եւ զի­նուո­րական պարտքի գի­տակ­ցումը»։ Եւ այն զին­ծա­ռայո­ղին, որ ար­ժա­նի է խրա­խու­սանքի, անու­նը, հօր անու­նը ու մա­կանու­նը կը գրեն զօ­րամա­սի «Պա­տուոյ գիրք»ի մէջ։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։






Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+