Օծուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած մատրան գմբէթի նորակերտ Ս. Խաչը -
Օծուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած մատրան գմբէթի նորակերտ Ս. Խաչը
Տեղի ունեցաւ Զմմառու մայրավանքի "Ցաւագին Տիրամօր" մատրան գմբեթի Խաչի օծման արարողութիւնը։ նորակերտ Ս. Խաչը օծուեցաւ ձեռամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ զետեղուեցաւ մատրան գմբէթին վրայ։
Շաբաթ, 5 Յուլիս 2025-ի, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, տեղի ունեցաւ Զմմառու մայրավանքի "Ցաւագին Տիրամօր" մատրան գմբեթի Խաչի օծման արարողութիւնը։ նորակերտ Ս. Խաչը օծուեցաւ ձեռամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ զետեղուեցաւ գմբէթին վրայ։
Սա, Զմմառու մայրավանքի "Ցաւագին Տիրամօր" մատրան գմբեթին զետեղուած երկրորդ խաչն է։ Առաջինը տեղադրուած է 1940-ին, երբ Աստուծոյ Ծառայ` Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան կառուցել տուաւ մատուռը։
Այս մասին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան իր դիմատետրի էջին վրայ նշած է.
«Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած մատրան գմբէթի նորակերտ Ս. Խաչը Բարերարութեամբ՝ Թարխանեան ընտանիքին։ Պատմական վայրկեաններ էին, զոր Աստուած մեզ՝ անարժաններս արժանի դարձուց ապրելու եւ վկայելու։ Սոյն մատրան 85-րդ ամեակն է... Աստուծոյ ծառայ՝ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան կառուցել տուած է 1940թ.ին։ Եւ ահա այսօր, մեր սերունդը, հաւատարիմ իր նախնեաց հաւատքին, ամուր քայլերով կ՚ամրապնդէ Ս. Խաչը ոչ միայն երեւութապէս, այլ՝ նոր եւ նորանոր սերունդի զաւակներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Քանզի, Անոր ապաւինելով է, որ հայը կը կերտէ իր կեանքի երկար ճամբորդութիւնը մինչեւ ժամանակի աւարտը։ Անոր ապաւինելով է, որ հայը կ՚արարէ այս աշխարհին մէջ։ Անոր ապաւինելով է, որ հայը կարողացաւ մոխիրներուն տակէն կրկին ոտքի կանգնիլ եւ դէպի յաւերժութիւն իր ընթացքը շարունակել։
Խաչը մեր զօրութիւնն է, ուստի որմէ՞ պիտի վախնանք։
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զրահանդերձ է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն եւ երգն է միշտ յաղթութիւն… Վահան Թէքէեան»։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com