Անիի Մայր Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Նիւթի Շուրջ Հարցագիր՝ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան -
Անիի Մայր Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Նիւթի Շուրջ Հարցագիր՝ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան
Ծանօթ է որ Անիի մայր տաճարը կը վերանորոգուի եւ ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններու՝ տաճարը պիտի վերաբացուի որպէս մզկիթ։ Լուսաբանութեան նպատակով Խորհրդարանական ընդդիմադիր քրտամէտ կուսակցութեան ասորի երեսփոխան Ճորճ Արսլան հարցագիր ուղարկեց Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին։
Հարցումները կը վերաբերին Անիի Մայր տաճարին, թէ արդեօք վերանորոգումէն ետք տաճարը այցելուներու առջեւ պիտի բացուի որպէս մզկի՞թ։
Երեսփոխանին հարցումներուն բնագրին մէջ Անին բնորոշուած է որպէս հայերու պատմական նշանաւոր կեդրոն։
Արսլան դիտել կուտայ որ Անիի Մայր տաճարին պէս Թուրքիոյ մէջ հարիւրաւոր պատմական եկեղեցիներ եւ վանքեր անտէրութեան մատնուած են եւ ոչնչացման վտանգի տակ կը գտնուին։ Իսկ անոնցմէ մէկ մասն ալ մզկիթներու վերածուած է։
Երեսփոխանը կը շեշտէ Անիի Մայր տաճարի կարեւորութիւնը՝ որպէս համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան կարեւոր մասնիկը։
Ստորեւ՝ Նախարարութեան ուղղուած հարցումները.
1.- Արդեօք ճի՞շդ են ա՛յն պնդումները, որ Անիի Մայր տաճարը վերանորոգումէն ետք պիտի բացուի որպէս մզկիթ։
2.- Արդեօք նշեալ պատմական կառոյցի կրօնական ինքնութեան փոփոխութիւնը եւ մզկիթի վերածման որոշումը չի՞ հակասեր Թուրքիոյ բազմակրօն եւ բազմամշակոյթ էութեան։
3.- Արդեօք պիտի վերանայուի՞ Անիի Մայր տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը՝ հաշուի առնելով կառոյցի կրօնական եւ յատուկ ինքնութիւնը։
4.- Որո՞նք են մզկիթի վերածուած այն վանքերն ու եկեղեցիները ձեր՝ նախարար ըլլալու ժամանակաշրջանին։ Վերջին 20 տարիներուն քանի՞ վանք ու եկեղեցի մզկիթի վերածուած է։
Երեսփոխանը նոյն հարցումները ուղղած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com