Յակոբի ու Ալպերի կսկիծով - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

27 Kasım 2020  

Յակոբի ու Ալպերի կսկիծով -

Յակոբի ու Ալպերի կսկիծով Յակոբի ու Ալպերի կսկիծով

Պոլ­սոյ պատ­մա­կան թա­ղերէն է Օր­թա­գիւ­ղը։ Այդ թա­ղի պատ­մա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րէն է Թարգման­չաց վար­ժա­րանը։ Ան­ցեալին այդ նոյն թա­ղի մէջ գոր­ծող երեք դպրոց­նե­րէն մեր օրե­րուն հա­սած միակը։

Օր­թա­գիւ­ղը յե­տեղեռ­նեան շրջա­նին եւս կա­րեւոր կեդ­րոն էր իր գաղ­թա­կայա­նի յատ­կութիւ­նով։ Ան Սա­մաթիոյ «Սու­լու Մա­նաս­տըր» կո­չեալ Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ եւ այլ մի քա­նի կեդ­րոննե­րու հետ առա­ջին հանգրո­ւանը դար­ձած էր Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նէ տա­րագ­րո­ւած բիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րու։

Որո՞նք էին այդ տա­րինե­րու երե­ւելի­ները։ Ի՞նչ հետ­քեր թո­ղու­ցին օտա­րու­թեան մէջ յայտնո­ւած, բազ­մա­թիւ զրկանքնե­րու մատ­նո­ւած ժո­ղովուրդի յի­շողու­թեան մէջ։ Կա՞յ ար­դեօք այդ մա­սին վկա­յու­թիւններ պա­րու­նա­կող յու­շա­մատեան մը։

Եթէ այ­սօր ձեռ­նարկո­ւի նման յու­շա­մատեանի մը գրա­ռու­մին, կաս­կած չկայ թէ հոն իր ար­ժա­նի բա­ժինը պի­տի ու­նե­նայ Թարգման­չաց վար­ժա­րանի վաս­տա­կաւոր տնտե­սը՝ Յա­կոբ Էզի­քօղ­լուն։

Ան վար­ժա­րանի սա­ներուն եւ անոնց ծնո­ղաց ծա­նօթ է «Յա­կոբ վար­պետ» անու­նով։ Յա­ճախ չէ որ կը հան­դի­պինք իր գոր­ծին, որ­դեգրած առա­քելու­թեան նման նո­ւիրու­մով փա­րած մարդկանց։ Նման նո­ւիրու­մի ետին կայ եր­կու գոր­ծօն՝ մար­դու յղկո­ւած բնա­ծին բա­րոյա­կան վե­հու­թիւն եւ իր հա­մես­տութեան մէջ ամուր գի­տակ­ցութիւն։ Այդ եր­կու շնորհնե­րով օժ­տո­ւած ան­ձը առանց դոյզն իսկ յա­ւակ­նութեան, կը գե­րազան­ցէ ինքն իր, ստանձնած բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ։

Հայ Պոլ­սոյ պատ­մութեան մէջ հա­մեմա­տաբար աւե­լի նոր թա­ղամաս մըն է Ֆե­րիգիւղ։ Օրի­նակի հա­մար ան չէ ար­ժա­նացած Յա­կոբ Պա­րոնեանի «Պտոյտ մը Պոլ­սոյ թա­ղերուն մէջ» գրքին էջե­րուն վրայ յա­տուկ նշա­նակ­ման։ Բայց Ֆե­րիգիւղ իր կար­գին ու­նի ու­րիշ յատ­կութիւն մը, ան մե­րօրեայ Պոլ­սոյ ամե­նահա­յաշատ թաղն է։ Քա­ղաքի ամե­նագոր­ծոն աղօ­թատե­ղինե­րէն է Ֆե­րիգիւ­ղի Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեցին։ Սփիւռքա­հայու­թեան յա­տուկ երե­ւոյթ է եկե­ղեցի­ներու շրջա­կայ­քի բա­ցի հո­գեւոր նշա­նակու­թե­նէ, ըն­կե­րային ապ­րումնե­րու ալ կեդ­րոն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։ Հա­յաշատ թա­ղի եկե­ղեցին եւս ու­նէր են­թա­մար­միններ, Մե­րամէթ­ճեան վար­ժա­րանով, դպրո­ցի սա­ներու հիմ­նած միու­թիւնով, աղ­քա­տախ­նա­մով եւ մա­նաւանդ ալ Վար­դա­նանց երգչա­խումբով։ Հոն եւս կար նո­ւիրեալ մը՝ որ իր ամ­բողջ կեան­քը նո­ւիրած էր թա­ղի եկե­ղեց­ւոյ շուրջ կա­տարո­ւած բո­լոր աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։ Ոչ թէ բա­րիքի հա­մար, այլ ու­րիշ կեր­պը պատ­կե­րաց­նե­լու կա­րողու­թիւն չու­նե­նալով։ Բա­րի էր այն, հե­տեւա­բար իր գոր­ծը միայն բա­րիք պի­տի բե­րէր։ Յա­տուկ ջան­քի մը կա­րիք չու­նէր։ Պարզ ու հա­մեստ, ան­ձայն անշշուկ կ՚ընէր յանձն առած գոր­ծը։ Չէր պար­ծե­նար իր ըրա­ծով։ Կը բե­րէր իր նո­ւիրու­մը, որ­մէ կը ծնէր բա­զում ար­դիւնք եւ ան կ՚ու­րա­խանար հա­ւաքա­կան յաղ­թա­նակով։ Բե­մի լու­սարձակ­նե­րը չէին շող­շո­ղար իր վրայ, չէր ար­ժա­նանար հա­սարա­կու­թեան գնա­հատան­քին։ Միայն քի­չերը, իր ան­մի­չական ըն­կերնե­րը գի­տէին թէ բե­մին վրայ ար­ձա­նագ­րուած յաղ­թա­նակի ետին ի՞նչ հե­րոսա­կան աշ­խա­տու­թիւն տա­րած է Ալ­պե­րը։

Ինչպէս կեան­քի բո­լոր դրո­ւակ­նե­րը, հա­մավա­րակն ալ անար­դար է մե­զի հան­դէպ, կը խլէ մեր ամե­նասի­րելի­ները։ Աւե­լին՝ կը խլէ կան­խարգել­ման մի­ջոց­նե­րուն հա­ւատար­մօ­րէն հնա­զան­դողնե­րը։

Այս ալ հա­յու յա­տուկ ճա­կատա­գիր է։ Ոչ ոքի հա­մար չենք ցան­կար, բայց երա­նի պսա­կաձեւ ժահ­րը հա­լածան­քի ար­ժա­նի գտնէր բո­լոր այն մարդկանց, որոնք առա­ջին օրէն սկսեալ մեր­ժե­ցին այս մա­սին գի­տու­թեան բո­լոր թե­լադ­րանքնե­րը եւ մար­տահրա­ւէր ուղղե­ցին հա­մավարակին։

pakrates@yahoo.com






Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+