​Սեւան Տէյիրմենճեանի Դասախօսութիւնը - Հայերէն
12 Temmuz 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Անի / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

11 Temmuz 2025  

​Սեւան Տէյիրմենճեանի Դասախօսութիւնը -

​Սեւան Տէյիրմենճեանի Դասախօսութիւնը ​Սեւան Տէյիրմենճեանի Դասախօսութիւնը

Բանասէր դոկտ. Սեւան Տէյիրմենճեան վերջերս հանդէս եկաւ առցանց դասախօսութեամբ մը՝ ուղղեալ Համազգայինի հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու եւ ուսուցչութեան պատրաստուող ուսանողներու ծրագրի մասնակիցներուն։

Դասախօսութեան նիւթն էր գրաբարէն աւանդուած եւ արդի հայերէնի մէջ գործածական քերականական ձեւերն ու բառապաշարային տարրերը։

Հնարաւորինս երկխօսային դասաւանդութեան ընթացքին, դասախօսը անդրադարձաւ գրաբարեան հնագոյն նմոյշներուն, մանաւանդ ԺԹ դարու ու զայն կանխող շրջանի գրաբարէ աշխարհաբար փոխանցման փուլին, հասնելու համար գրաբարեան քարացած բառաձեւերու, բառակազմական, ձեւաբանական-շարահիւսական կանոններու այժմու վիճակին։

Երկու ժամ տեւած դասախօսութեան աւարտին ծրագրի մասնակիցները նոր գիտելիքներով հարստացած ու շնորհակալութեամբ հրաժեշտ տուին Տէյիրմենճեանի։








Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+