Թեհրանի «արարատ» Մարզաւանը Վնասներ Կրած Է - Հայերէն
07 Temmuz 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

07 Temmuz 2025  

Թեհրանի «արարատ» Մարզաւանը Վնասներ Կրած Է -

Թեհրանի «արարատ» Մարզաւանը Վնասներ Կրած Է Թեհրանի «արարատ» Մարզաւանը Վնասներ Կրած Է

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ թէ Իսրայէլ-Իրան 12օրեայ պատերազմի հետեւանքով վնասներ կրած է նաեւ «Արարատ» մարզաւանը։ Իրանի նախագահի կրօնական համայնքներու հարցերու յատուկ յանձնակատար հոճաթոլլահ Ալաւի 1 Յուլիսին այցելեց «Արարատ» մարզաւան եւ ծանօթացաւ 12օրեայ պատերազմի պատճառած վնասներուն։

Մարզաւանին պատասխանատուները Ալաւիին դիտել տուին, որ բացի փշրուած ապակիներուն եւ պատուհաններուն վերանորոգումէն, մարզադահլիճներէն մէկուն առաստաղին ունեցած վնասը մտահոգիչ է, նկատի ունենալով ճարտարապետական ստուգումներու անհրաժեշտութիւնը, որ կը կարօտի երկար ժամանակի։ Անոնք յայտնեցին, թէ իրենք յոյս ունին, որ յանձնակատարին այցելութիւնը պիտի նպաստէ այս հարցին շուտափոյթ լուծում մը գտնելուն։

Պատգամաւոր Արա Շահվերտեան եւս, ընդգծելով համայնքային աշխատանքները եւ աշխուժութիւնը բնականոն կշռոյթի վերադարձնելու կարեւորութեան մասին՝ կարեւոր համարեց «Արարատ»ի դերը՝ յուսալով, որ մարզաւանին ունեցած վնասներուն շուտափոյթ լուծում մը կը տրուի։
Ալաւի հետաքրքրուելով մարզաւանի պատմութեամբ՝ գեղեցիկ ճարտարապետական կոթող անուանեց «Արարատ»ը եւ նշեց. «Միանգամայն պարզ է, թէ մարզաւանը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ «շէնցնող» ածականը կրող իրանահայ համայնքի համար»։ Ան աւելցուց որ այսպիսի հաստատութիւնները հասարակական կեանքի մէջ վերստին ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի գործ է, յատկապէս, համայնքներու ստեղծագործական ոգին վերադարձնելու առումով։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+