​Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիյեւ Կը Բանակցին Ապու Տապիի Մէջ - Հայերէն
11 Temmuz 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Երեզկան / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

10 Temmuz 2025  

​Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիյեւ Կը Բանակցին Ապու Տապիի Մէջ -

​Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիյեւ Կը Բանակցին Ապու Տապիի Մէջ ​Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիյեւ Կը Բանակցին Ապու Տապիի Մէջ

Արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ համաձայնութիւն գոյացնել եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Այսօր ա՛յս թէման է որ ամէնէն աւելի կը քննարկուի հայաստանեան մամուլի եւ բոլոր այն երկիրներու մէջ, որոնց համար կարեւոր է Կովկասեան տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։

Հայաստանի Վարչապետն ու Ատրպէյճանի Նախագահը երէկ, 9 Յուլիսին, Ապու Տապի մեկնեցան, գլուխ գլխի եւ պատուիրակութիւններու կազմերով բանակցելու համար։

Նկատի ունենալով վերջին քանի մը շաբաթներու զարգացումները եւ յայտարարութիւնները, որոնք հնչեցին կարեւոր գերտէրութիւններու կողմէ, զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը կայ խաղաղութեան ճամբուն վրայ։

Վարչապետի մեկնումի լուրը հաղորդեց իր աշխատակազմի ղեկավարը՝ Նազելի Պաղտասարեան։ Նիկոլ Փաշինեան նախ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ, իսկ այսօր՝ 10 Յուլիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի շրջածիրէն ներս, Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ երկկողմանի հանդիպում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիյեւի միջեւ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Թիրանի մէջ՝ 16 Մայիսին։

Ուշագրաւ է որ Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարար Մարքօ Ռուպիօ յոյս յայտնեց, որ շատ շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Դիտել տանք որ Մուհամմատ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան ծրագրային հարցերը՝ ընդգծելով փոխադարձ վստահութեան բարձր մակարդակը եւ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, ներդրումային ու մարդասիրական յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները։

Վարչապետ Փաշինեանը ընդգծեց Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ խորացման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ երկկողմանի գործակցութիւնը մեծ ներոյժ ունի թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ներդրումային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ։ ԱՄԷ նախագահը ջերմօրէն ողջունեց վարչապետ Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ Էմիրութիւնները կարեւոր կը նկատեն գործընկերային յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ պատրաստ են համատեղ քայլեր առնել փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+