​Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Նոր Ատենապետը՝ Արթին Քիլեճի - Հայերէն
12 Temmuz 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Անի / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

12 Temmuz 2025  

​Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Նոր Ատենապետը՝ Արթին Քիլեճի -

​Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Նոր Ատենապետը՝ Արթին Քիլեճի ​Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Նոր Ատենապետը՝ Արթին Քիլեճի

Երէկ, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ համայնքային շրջանակներուն կողմէ ընկալուեցաւ թէ՛ ուշադրութեամբ եւ թէ յուզումնախառն զգացումներով։ Այսպէս, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան նոր ատենապետը դարձած է Արթին Քիլեճի։

Այս իրադարձութիւնը, անշուշտ, թէ՛ շատ կարեւոր է եւ թէ զգացական տեսակէտէ շատ բարդ ժամանակաշրջանի մը կը զուգադիպի։ Արդարեւ, Արթին Քիլեճի ատենապետի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որ տասնամեակներ շարունակ գլխաւորած էր խնամակալութիւնը, եղած էր Գարակէօզեանի ընտանիքի սիւներէն։ Երախտաշատ բարերարի եւ իսկական ղեկավարի կերպարով անմահացած Տիգրան Կիւլմէզկիլին ատենապետի պաշտօնին մէջ յաջորդելու ծանր պատասխանատուութիւնը վիճակած է Արթին Քիլեճիին։ Միեւնոյն ժամանակ, սա կը նշանակէ, որ խնամակալութեան անդամները նոր ատենապետին՝ Արթին Քիլեճիի նկատմամբ ունին մեծ վստահութիւն՝ քանի այսպիսի նուրբ իրավիճակի մը մէջ ատենապետի պաշտօնին իրեն վստահուած ըլլալը ուրիշ մեկնաբանութեան տեղ չի թողուր։

Արթին Քիլեճի 1953 թուականին ծնած է Կեսարիոյ մէջ։ 1966 թուականին աւարտած է Գարակէօզեանը, ուրկէ վերջ յաճախած է Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն։ Պոլիս վերադառնալով՝ ան յիսուն տարի առեւտրական գործունէութիւն ծաւալած է Գոց շուկայի մէջ, ուր գործարար կեանքէ ներս ձեռք բերած է բարի համբաւ եւ հեղինակութիւն։ Արհեստավարժ աշխատանքի տասնամեակներուն միշտ մասնակցութիւն բերած է նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, նաեւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան գործի գլուխ եկած շրջանէն ի վեր Արթին Քիլեճի ունեցած է իր դերակատարութիւնը։ Ան ներկայիս հանգստեան կոչուած է եւ այս ժամանակաշրջանին եւս կը շարունակէ կուտակած փորձառութիւնը ծառայեցնել Գարակէօզեան տան կայունութեան եւ խնամակալութեան գործունէութեան յարատեւութեան համար։ Որպէս խնամակալութեան ամենափորձառու դէմքերէն մին՝ այս փուլին իր Գարակէօզեան տան ղեկին գլուխը անցնիլը ողջունելի դարձած է համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Արթին Քիլեճի, որ ամուսնացած է, ունի թոռ մը։








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+