Պոլսահայ Համայնքը Երկու Նոր Բժիշկ Շահեցաւ -
Պոլսահայ Համայնքը Երկու Նոր Բժիշկ Շահեցաւ
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ մեր համայնքի բժշկական ընտանիքը հարստացած է երկու նոր մասնագէտներով։
Թալիա Արապօղլու յաջողութեամբ աւարտած է Հալիչ համալսարանի բժշկական ասպարէզը։ Ներքին հիւանդութիւններու ընդհանուր մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք, ան աշխատած է Չամ Սագուրա եւ Օքմէյտանը Ճեմիլ Թաշճըօղլու հիւանդանոցներուն մէջ։ Ան այժմ կը պատրաստուի Բժշկական Մասնագիտացման Քննութեան (ԷԱՄ)։
Սարին Պայծառ Արսլան, յաջողութեամբ աւարտած է Մետիփոլ համալսարանի բժշկական ասպարէզը։ Ներքին հիւանդութիւններու ընդհանուր մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք, աշխատած է Պաղճըլար Մետիփոլ հիւանդանոցին մէջ, այժմ կը պատրաստուի Բժշկական Մասնագիտացման Քննութեան (ԷԱՄ)։
Երկու բժիշկուհիներն ալ Պէզճեան Մայր վարժարանի 2015ի շրջանաւարտներ են։
Սրտանց կը շնորհաւորենք զիրենք ու յաջողութիւն կը մաղթենք մասնագիտական կեանքին մէջ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com