1-3 Յուլիս 1913. Ռոտոսթոյի հայերուն եւ յոյներուն «ազգային մաքրազտում»ը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

03 Temmuz 2017  

1-3 Յուլիս 1913. Ռոտոսթոյի հայերուն եւ յոյներուն «ազգային մաքրազտում»ը -

1-3 Յուլիս 1913. Ռոտոսթոյի հայերուն եւ յոյներուն «ազգային մաքրազտում»ը 1-3 Յուլիս 1913. Ռոտոսթոյի հայերուն եւ յոյներուն «ազգային մաքրազտում»ը

Յու­լիս ամ­սու ա­ռա­ջին այս օ­րե­րուն, 104 տա­րի ա­ռաջ, ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ ծո­վե­զե­րեայ Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը ներ­կո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց պատ­կա­նող քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, յատ­կա­պէս հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու ան­մեղ ա­րեամբ։

1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ, ոչ¬թրքաբ­նակ քա­ղա­քը վե­րագ­րա­ւած թրքա­կան զօր­քե­րը, 1 ­Յու­լիս 1913էն սկսեալ, կո­տո­րե­ցին ան­զէն հա­յերն ու յոյ­նե­րը՝ հրոյ ճա­րակ դարձ­նե­լով ա­նոնց տու­ներն ու խա­նութ­նե­րը։

Մար­մա­րա ծո­վու ա­րեւմ­տեան ա­փին գտնո­ւող նա­ւա­հան­գիստ քա­ղաք է ­Ռո­տոս­թոն, որ այ­սօր մաս կը կազ­մէ եւ­րո­պա­կան ­Թուր­քիոյ, ա­ռա­ւե­լա­բար թուր­քե­րով բնա­կո­ւած է եւ 1923էն ի վեր կը կո­չո­ւի ­Թէ­քիր ­Տաղ։

104 տա­րի ա­ռաջ միայն սա­կա­ւա­թիւ թուր­քեր կ­’ապ­րէին ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, որ ա­ռա­ւե­լա­բար յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան քա­ղաք էր։ ­Յայտ­նա­գոր­ծո­ւած էր հին ժա­մա­նակ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու եւ նա­ւաս­տի­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք դա­րե­րու ըն­թաց­քին նախ յու­նա­կան, ա­պա բիւ­զան­դա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան կա­րե­ւոր կեդ­րո­նի վե­րա­ծած էին զայն։

Նոյն­քան հին ժա­մա­նակ­նե­րէ կու գայ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, որ ինչ­պէս հա­յոց ա­ռեւ­տու­րի, այն­պէս եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի, ձե­ռա­րո­ւես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան ծա­նօթ կեդ­րոն ե­ղած է։

Ինչ­պէ՞ս պա­տա­հե­ցաւ, որ ­Ռո­տոս­թո­յի եւ ա­նոր մեր­ձա­կայ՝ նոյն­պէս հա­յաբ­նակ ­Մալ­կա­րա գիւ­ղա­քա­ղա­քին հայ բնա­կիչ­նե­րը, 1913ի ­Յու­լիս 1էն սկսեալ, կո­տո­րա­ծի եւ ա­ւե­րու­մի ու թա­լա­նի են­թար­կո­ւե­ցան թրքա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ։

30 ­Յու­նիս 1913ին սկսաւ ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը։

Հա­զիւ ա­միս մը ա­ռաջ, 30 ­Մա­յիս 1913ին, վերջ գտած էր ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մը, որ բռնկած էր 9 ­Հոկ­տեմ­բեր 1912ին՝ մէկ կող­մէ պալ­քա­նեան չորս եր­կիր­նե­րու (­Պուլ­կա­րիա, Յու­նաս­տան, ­Սեր­պիա, ­Չեռ­նո­գո­րիա) դաշ­նակ­ցու­թեան եւ միւս կող­մէ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ։

Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին ­Թուր­քիա կրեց ծան­րա­գոյն պար­տու­թիւն եւ պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ 30 ­Մա­յիս 1913ին ստո­րագ­րե­լու ­Լոն­տո­նի հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գի­րը, ո­րուն հի­ման վրայ կորսնցուց ­Պալ­քա­նեան ­Թե­րակղ­զիի իր տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ բո­լոր հո­ղե­րը։ ­Պո­լի­սէն եւ ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ փոքր մէկ բաժ­նէն զատ ո­չինչ մնաց եւ­րո­պա­կան Թուր­քիա­յէն։

Հա­յու­թիւ­նը եւս աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին։ Անդ­րա­նի­կի եւ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծե­ցին թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ՝ հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ու զի­նո­ւո­րա­կան կո­չում­նե­րու ար­ժա­նա­նա­լով պուլ­կար սպա­յա­կոյ­տին կող­մէ։

Իսկ ­Պուլ­կա­րիան ե­ղաւ գլխա­ւոր յաղ­թա­կա­նը ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին՝ խլե­լով ա­ռիւ­ծը բա­ժի­նը օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թե­նէն ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րուն։

Բայց թէ՛ ­Պուլ­կա­րիոյ պալ­քա­նեան դաշ­նա­կից­նե­րը՝ ­Յու­նաս­տանն ու ­Սեր­պիան դժգոհ մնա­ցին, որ ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րէն ի­րենց սպա­սած բաժ­նին չկրցան տի­րա­նալ, թէ՛ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գո­ւե­ցան, որ Ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քի դրօ­շա­կիր ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նը միա­կող­մա­նիօ­րէն շատ ըն­դար­ձա­կած էր իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը Պալ­քան­նե­րու մէջ։

Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ հրահ­րու­մը, 1913ի ­Յու­նիս 30ին, ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին՝ այս ան­գամ մէկ կող­մէ ­Պուլ­կա­րիոյ եւ միւս կող­մէ ­Թուր­քիոյ, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Սեր­պիոյ, Չեռ­նո­գո­րիա­յի եւ ­Ռու­մա­նիոյ միա­ցեալ ճա­կա­տին մի­ջեւ։

Թէեւ իր նա­խոր­դին բաղ­դա­տած կարճ տե­ւեց եւ 10 Օ­գոս­տոս 1913ին ա­ւար­տե­ցաւ Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը, բայց «ազ­գա­յին մաք­րազ­տում»ի ա­ռու­մով ան­հա­մե­մա­տա­բար ա­հա­ւոր եւ ծան­րակ­շիռ ե­ղաւ։

Յատ­կա­պէս ­Ռո­տոս­թո­յի եւ ­Մալ­կա­րա­յի հա­յե­րը, ո­րոնք ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թիւն չէին ու­նե­ցած ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին, թի­րախ դար­ձան թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նա­կան մո­լուց­քին։

Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը վերջ գտաւ ­Պուլ­կա­րիոյ պար­տու­թեամբ եւ թրքա­կան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րու վե­րա­բաշ­խու­մո­վը պալ­քա­նեան միւս՝ յաղ­թա­կան եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։

Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը չա­րա­շա­հեց ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մով ներ­կա­յա­ցած ա­ռի­թը, որ­պէս­զի ձեռ­նա­մուխ ըլ­լայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րաս­նու­թիւն­նե­րէ «մաք­րազ­տել»ու եւ «վնա­սա­զեր­ծե­լու» իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։
Կայս­րու­թեան հիւ­սիս¬ա­րեւմ­տեան՝ եւ­րո­պա­կան սահ­մա­նա­գօ­տիին ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիր­քե­րէն ­Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը այդ հի­ման վրայ էր, որ թի­րախ դար­ձաւ ա­րիւ­նա­լի «մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ու…

Պա­տե­րազ­մէն ետք, Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց միա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ քննիչ յանձ­նա­խումբ մը, որ եր­կուս­տեք գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը ցու­ցա­կագ­րեց եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռաւ այն փաս­տին վրայ, որ թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րու ձե­ռամբ, Ռո­տոս­թո­յի մէջ, սպան­նո­ւե­ցան ա­ւե­լի քան հա­զար հա­յեր, շուրջ 300 հա­յոց բնա­կա­րան­ներ ու 500է ա­ւե­լի հա­յոց խա­նութ­ներ կո­ղոպ­տո­ւե­ցան եւ հրոյ ճա­րակ դար­ձան։

Թր­քա­կան զօր­քե­րու գոր­ծած հա­կա­հայ խժդժու­թիւն­նե­րը յա­ւե­լեալ պատ­ճառ մը ե­ղան, որ­պէս­զի եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ դրո­ւած ­Հայ­կա­կան Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու հար­ցը վերս­տին հրա­տապ բնոյթ ստա­նայ։ Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած բա­նակ­ցու­թեանց ար­դիւն­քով՝ ­Փետ­րո­ւար 1914ին, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը յան­գե­ցան այն հա­մա­խո­հու­թեան, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րե­ւե­լեան՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու բա­րե­կար­գում­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար հարկ է կի­րար­կել տե­ղա­կան լայն կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն։ Ո­րո­շո­ւե­ցաւ հաս­տա­տել հայ­կա­կան կա­ռա­վար­ման եր­կու շրջան՝ ­Կա­րին եւ ­Վան, նշա­նա­կե­լով եւ­րո­պա­ցի եր­կու կա­ռա­վա­րիչ­ներ, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս ճամ­բայ ե­լան դէ­պի ի­րենց նստա­վայ­րե­րը, բայց ա­նոնք դեռ տեղ չհա­սած՝ ար­դէն բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ… ջու­րը ին­կաւ եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յա­պա­ղած այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։

Այս­պէս, 104 տա­րի ա­ռաջ, ­Ռո­տոս­թո­յի հա­յու­թեան դէմ իր ձեռ­նար­կած սպան­դով, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տեց տա­րի­նե­րէ ի վեր իր մշա­կած «ազ­գա­յին մաք­րազ­տում»ի ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րեւմ­տեան սահ­ման­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէ «մաք­րա­գոր­ծե­լէ» ետք, թուրք պե­տա­կան միտ­քը թա­փով լծո­ւե­ցաւ նաեւ իր հա­րա­ւա­յին եւ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէ «վնա­սա­զեր­ծե­լու գոր­ծին»։

Յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ ան­նա­խըն­թաց տա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճամ­բով ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն մէ­կան­գընդ­միշտ «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» թուրք պե­տա­կան հրէ­շա­յին ծրագ­րին մշա­կու­մը եւ գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Պատ­րո­ւա­կե­լով, որ ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մէն ետք եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց կող­մէ միաս­նա­բար մշա­կո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու եւ բուն ­Հա­յաս­տա­նը տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վա­րու­մով օժ­տե­լու ծրա­գի­րը կրնար ա­ւե­լիով սեղ­մել թրքա­կան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րը, Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սկսաւ պատ­րաս­տո­ւիլ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան այն նպաս­տա­ւոր պա­հուն, երբ ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար ար­մա­տա­կան «լու­ծում» մը տա­լու «վտանգ»ին…

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան ըն­ձե­ռեց այդ սպա­սո­ւած ա­ռի­թը։ Օգ­տո­ւե­լով մի­ջազ­գա­յին լա­րո­ւա­ծու­թեան եւ ի­րա­րան­ցու­մի ա­ռի­թէն՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ամ­բողջ ու­ժով նե­տո­ւե­ցաւ Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հին մէջ, կայ­սե­րա­պե­տա­կան իր սահ­ման­նե­րուն մնա­ցոր­դը ար­մա­տա­պէս թրքաց­նե­լու եւ, այդ ճամ­բուն վրայ, ­Հայ­կա­կան Հար­ցէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հրէ­շա­յին իր ծրա­գի­րը՝ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լով։

Ռո­տոս­թո­յի մէջ ­Յու­լիս 1913ի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն գոր­ծո­ւած հա­յե­րու ջար­դը, այդ ա­ռու­մով, փոր­ձարկ­ման ա­ռի­թի դեր կա­տա­րեց թուրք ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան ծրագ­րած հե­տա­գայ Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար։





Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+