​Ֆրանսական Ալֆորվիլն ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած են - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

03 Temmuz 2017  

​Ֆրանսական Ալֆորվիլն ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած են -

​Ֆրանսական Ալֆորվիլն ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած են ​Ֆրանսական Ալֆորվիլն ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած են

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի (Վալ տէ Մարնի շրջան) քաղաքային խորհուրդը, Յունիս 30-ին, որոշում կայացուցած է Բարեկամութեան Հռչակագիր ստորագրելու Բերձոր (Արցախի Հանրապետութիւն) քաղաքի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Բարեկամութեան այս Հռչակագիրը 9-րդն արցախեան եւ ֆրանսական համայնքներու միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներու շարքին: Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի փոխնախագահ Ռընէ Ռուքեն, որ նաեւ երկար տարիներ զբաղցուցած է Ալֆորվիլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է Ալֆորվիլի ներկայ քաղաքապետ Լիւգ Գարուունասին, ինչպէս նաեւ Բերձորի քաղաքապետին:

«Ինծի համար մեծապէս ուրախալի է Հռչակագիրի ստորագրման որոշման մասին լուրը, որ կը խորհրդանշէ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած աւելի քան 2 տանսամեայ մեր յարաբերութիւնները»,- նշած է Ռընէ Ռուքէն` աւելցնելով. «Բարեկամութեան շրջանակի յատուկ խանդավառութեան մասին, որ Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներու միջեւ այս ձեւաչափով համագործակցութեան հեղինակն է»:

Ալֆորվիլի քաղաքապետ, նոյնպէս Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւգ Գարուունասը, անդրադառնալով Հռչակագիրին կողմէ հետապնդուող նպատակներուն, նշած է, «փաստաթուղթը թոյլ կու տայ համատեղ ուժերով զարգացնելու Արցախի շրջանները` հնարաւորութիւն տալով տեղի բնակիչներուն իրենց հողին վրայ կերտելու սեփական ապագան»:

Ֆրանսայի ԱԺ նոտընտիր պատգամաւոր-քաղաքապետը ընդգծած է, որ «հռչակագիրը նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի խոշոր ծաւալներու հասցնել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համատեղ ծրագիրները»` եզրափակելով, որ «տնտեսական զարցագումն ու աշխատատեղերու ստեղծումը պատերազմի եւ բնակչութեան տեղաշարժերու դէմ լաւագոյն երաշխիքներն են» եւ որ «եւրոպական միութիւնը, որ ներկայիս կանգնած է գաղթականութեան խնդիրներու առջեւ, պէտք է իր օժանդակութիւնը բերէ Արցախի մէջ զարգացման նման ծրագիրներու իրագործման»:

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ Հռչակագիրներու ստորագրման միջոցով տարուող իր գործունէութիւնը նպատակ կը հետապնդէ Հարաւային Կովկասի մէջ վերահաստատելու խաղաղութիւն` ապահովելով բարգաւաճութիւն: Բերձոր քաղաքը (նախապէս Լաչին) կը գտնուի Արցախէն Հայաստան անցակէտին վրայ, որ կ՝ընձեռէ զարգացման բազում ծրագիրներ կեանքի կոչելու հնարաւորութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+