23 Temmuz 2016
Հայրենիք”-ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք․
Եթէ Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ պատահած դէպքերը կատարուած ըլլային ութսունականներուն եւ նոյնիսկ իննիսունականներուն, վստահաբար արդիւնքը պիտի ըլլար տարբեր ու յար եւ նման 1960-ի, 1971-ի եւ 1980-ի դէպքերուն: Այսինքն, պետական հարուածներու արդիւնք, բանակը ինքզինք պարտադրած պիտի ըլլար քաղաքական այլազան հոսանքներուն:
Դեռ աւելին, եթէ Էրտողան յամառօրէն փակած ըլլար գերարդիական համացանցային դրութեան դռները, այդ ժամանակ ինքզինք պարտութեան մատնած պիտի ըլլար եւ գլխիկոր հեռացած՝ Անգարայի նորակառոյց նախագահական «Աքսարայ» պալատէն:
Այս պետական հարուածը կատարուեցաւ, անցեալ Յունիս 28-ին, Տահէշի ահաբեկչական ուժերուն կողմէ, Պոլսոյ միջազգային օդակայանին մէջ, յիսունի շուրջ զոհեր խլած խափանարարական արարքէն քանի մը շաբաթ ետք:
Դեռ քանի մը տարի առաջ, ընկերային կեանքի մեծագոյն չարիքներէն նկատելով, ան ամէն ճիգ թափած էր, համակարգիչներու եւ բջիջային հեռաձայններու միջոցաւ արգիլելու գործածութիւնը համացանցային զանազան կառոյցներու, որոնց կարգին դիմադետր (ֆէյսպուք), դայլայլիչ (թուիթըր): Նոյնիսկ «Կուկըլ»ը եղած էր անբաղձալի համացանցային կառոյց մը՝ Սուլթան Էրտողանի համար: Սակայն այդ նոյնինքն համացանցային կառոյցն է որ փրկեց Թուրքիոյ ղեկավարը այդ օր Յուլիս 15, 2016-ի երեկոյեան, երբ ան իր բջիջային հեռաձայնով, կապ հաստատեց տեղական Սի. Էն. Էն. կայանին հետ եւ կոչ ուղղեց բնակիչներուն դուրս գալ բնակարաններէն եւ պայքարիլ ընբոստ բանակայիններուն դէմ:
…Եւ այդ արդի անթել ելեկրոնային ոճը հասաւ իր նպատակին:
Մայրաքաղաք Անգարայի եւ Պոլսոյ բանալի կառոյցները ռմբակոծելով եւ որոշ յառաջխաղացքներ արձանագրող ընբոստ բանակայինները, իրենց դէմ ունեցան ամբոխ մը, որ կրցաւ յեղաշրջել կացութիւնը:
Կարգ մը անպաշտօն լուրեր, նոյնիսկ կը տեղեկացնէին թէ Մարմարիսի ամառանոցը արձակուրդի մեկնած՝ էրտողան կը պատրաստուէր Գերմանիա խոյս տալու եւ քաղաքական ապաստան խնդրելու: Սակայն, իր դէմ յեղաշրջում կատարող ընբոստ բանակայիններով լեցուն ուղղաթիռ մըն է, որ պարտադիր էջք կատարեց մօտակայ յունական մէկ օդակայանը…խնդրելով քաղաքական ապաստանեալի իրավիճակ:
Հազիւ իրադարձութիւնները կատարուած, շատեր կատարեցին զանազան մեկնաբանութիւններ: Նոյնիսկ, Էրտողանի երկրպագուները յայտնեցին թէ, այս բոլոր պատահածը պատրաստուած դերասանութիւն մըն է, պատրաստուած նոյնինքն մարգարէ՝ Էրտողանի կողմէ, բան մը որ անհեթեթ եւ անտրամաբանական է:
Յստակ է թէ, վերոյիշեալ թուականներուն կատարուած պետական հարուածներու բաղդատած, Քեմալական մոլուցքով թրծուած թրքական բանակի ընտրանին, իր ամբողջական միասնակամութեամբ բեմահարթակ չէր բարձրացած: Ընդհակառակը, հոն ալ ստեղծուած էր «անտառային» դրութիւն մը, որ շուտով բացայայտուեցաւ թէ դիւրաբեկ ու խարխուլ էր:
Հալածախտէ տառապող Էրտողանի համար, այս պետական հարուածի ետին կը գտնուէին ոչ թէ միայն տարակարծիք սպաներ, այլ իր թիւ մէկ թշնամի՝ Կիւլէնը, որ ցայսօր, իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ, կը բնակի Ֆիլատելֆիոյ մէջ:
Դեռ շատ մելան պիտի հոսի, ձախողութեամբ աւարտած այս պետական հարուածին մասին, որուն բանալին անգամ մը եւս նոյնինքն Էրտողանի չնախասիրած քարոզչական միջոցներու գործածութիւնն էր: