23 Temmuz 2016
11-էն 18 Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքին մէջ կայացած է դպրոցականներու 16-րդ մարզական խաղերուն (Գիմնազիոն), որ կը հանդիսանայ դպրոցականներու համաշխարհային մարզական ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող մրցաշարը: Մարզախաղերուն մասնակցած է 30 երկրի 2500 դպրոցական:
Հայաստանի Հարապետութեան պատուիրակութիւնը, որ կազմուած էր 38 մասնակիցէ, հանդէս եկած է 9-ը մարզաձեւերով` մարմնամարզութիւն, լող, յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտ, ճիւտօ, նետաձգութիւն, ճատրակ եւ սուսերամարտ:
Հայաստանը ներկայացնող մարզիկ դպրոցականներուն խումբը ձեւաւորուած էր ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ` դպրոցականներու հանրապետական մարզական ֆետերասիոնի կողմէ 2015 թուականին տեղի ունեցած հանրապետական ախոյեանութեան լաւագոյն արդիւնք ցուցաբերած մարզիկներէն, որոնց համար կազմակերպուած էին լրացուցիչ ուսումնամարզական հաւաքներ եւ մարզումներ` համաշախարհային քննութեան նախապատրաստուելու նպատակով:
Հայաստանը ներկայացնող մարզիկ դպրոցականները 16-րդ համաշխարհային մարզախաղերուն արժանացած են 5 ոսկէ, 2 արծաթէ եւ 8 պրոնզէ մետալներու` խմբային հաշուարկով գրաւելով 10–րդ տեղը: