14 Ekim 2015
221 տարի առաջ, 14 Հոկտեմբերը նոր հորիզոն բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ։
1794ի Հոկտեմբեր 14ի այս օրը լոյս տեսաւ անդրանիկ համարը «Ազդարար» անունով հայկական տպագիր առաջին թերթին։
Յատկանշականօրէն եւ հայ ժողովուրդին ազգային-քաղաքական ճակատագիրը խորհրդանշելով՝ հայկական առաջին տպագիր թերթը լոյս չտեսաւ հայրենի հողի վրայ։ Հրատարակուեցաւ Հնդկաստանի հարաւային Մատրաս քաղաքին մէջ, ուր հայ գաղութ գոյութիւն ունէր եւ ուր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան անունով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արժանաւոր հովիւ մը լծուած էր ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։
Մատրասը վաճառականական եւ մշակութային կեդրոն, նաւահանգիստ-քաղաք էր՝ միջազգային նշանակութեամբ։ Հայեր հոն հաստատուած էին 16րդ դարէն սկսեալ։ 1547ին արդէն, Մատրասի մէջ հիմնուած էր ու կը գործէր հայկական առաջին եկեղեցին։ Իսկ 1772ին հիմնուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցին կը գործէ մինչեւ մեր օրերը։
1770ականները ազգային-հասարակական ծաղկումի եւ հայ ազատագրական շարժման բուռն խմորումներու շրջան մը եղան Մատրասի հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի անկախացման եւ հայոց պետականութեան վերականգնման առաջին դրօշակիրներէն Յովսէփ Էմինի քարոզչութիւնը հասած էր Հնդկաստան եւ վարակած էր Մատրասի հայ երիտասարդութիւնը, որ այդ տարիներուն հիմնած էր գրական-քաղաքական իր շարժումը եւ Արքայական Եւրոպայի, յատկապէս Ցարական Ռուսաստանի օգնութեամբ՝ Հայաստանի անկախութեան հասնելու նպատակը դրած էր իր առջեւ։
Մատրասի հայութեան զարթօնքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս հայկական առաջին տպարանի հիմնադրութիւնը 1772ին, Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ, որ նաեւ ձեռնարկեց ինչպէս հայ մատենագիրներու, նոյնպէս եւ իր ժամանակաշրջանի հայ հեղինակներու գործերուն տպագրութեան։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ Յարութիւն Աւագ Քահանայ Շմաւոնեան ուղարկուեցաւ Մատրաս, 1785ին, իբրե altւ ծխատէր քահանայ ծառայելու համար տեղւոյն հայ գաղութի հոգեւոր կարիքներուն։
Ան ծնած էր Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքին մէջ, 1750ին։ Ծննդավայրի դպրոցը աւարտելէ ետք, միացած էր Ս. Ամենափրկիչ վանքի միաբանութեան եւ քահանայ ձեռնադրուած 1770ականներու սկզբնաւորութեան։ Մինչեւ 1777 քահանայական ծառայութիւն կատարած էր Շիրազի մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ մինչեւ 1784, մենակեացութեան դիմած էր, իր ժամանակը ամբողջապէս նուիրելով ինքնազարգացման։ Հայերէնի կողքին սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն լեզուները. հմտացած էր գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ։ Նաեւ՝ արհեստներ իւրացուցած էր։ Այդ բոլորով զինուած՝ Մատրաս ուղարկուելով իբրեւ աւագ քահանայ, Տէր Յարութիւն Շմաւոնեան լծուեցաւ ե՛ւ հոգեւորական, ե՛ւ ազգային-հասարակական, ե՛ւ մշակութային-մտաւորական եռուն գործունէութեան։
Առաջին իսկ քայլերէն, բառին բուն իմաստով, տէր կանգնեցաւ իր հօտի հաւաքական կեանքի բոլոր երեսներուն։ Զարկ տուաւ ոչ միայն եկեղեցական կեանքին, այլեւ իր սորված արհեստները տարածեց իր շրջապատին մէջ։
Բայց յատկապէս երիտասարդ սերունդին ազգային-ազատագրական ապրումներուն եւ ոգեւորութեան թափ տուաւ։ 1789ին իր հերթին հիմնեց տպարան, որպէսզի հայ հոգեմտաւոր հարստութիւնը մատչելի դարձնէ թէ՛ Մատրասի հայութեան եւ թէ՛, հայ վաճառականներու միջոցաւ, հայ ժողովուրդի ցիրուցան զաւակներուն։
Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի անունը յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մայր տոմարին մէջ 1794ի Հոկտեմբեր 14ին, երբ լոյս ընծայեց հայկական առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար»ը, որ մինչեւ 1796ի Մարտը, ամսական պարբերականութեամբ, հրատարակուեցաւ եւ հայ մամուլի օրինակելի նախակարապետը հանդիսացաւ։
«Ազդարար»ի 18 համար լոյս տեսաւ։ Օրինակներ պահպանուած են ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայկական բոլոր մեծ գրադարաններուն մէջ։ Իսկ 1979ին Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը, յոբելինական երկու հատորներով, «Ազդարար»ի ամբողջական հաւաքածոն արժանացուց վերահրատարակութեան։
Հրապարակագրական եւ խմբագրական մօտեցման, ձեւաւորման ու բաժիններու առումով՝ «Ազդարար» նախակարապետը եղաւ սփիւռքահայ մամուլի աւանդական պատկերացումին։
Ամսական պարբերականութեան հիման վրայ, «Ազդարար» ամփոփ լրատուութիւնը կատարեց հնդկահայ եւ, մանաա՛նդ, Մատրասի հայ կեանքի իրադարձութիւններուն։ Կարեւոր բաժին մը տրամադրեց կրօնաբարոյական նիւթերու եւ հարցերու վերաբերեալ հրապարակումներու, յօդուածներու։ Նաեւ գրական ու պատմական բաժին մը ունեցաւ՝ ինքնուրոյն թէ թարգմանական նիւթերու հրատարակութեամբ։
«Ազդարար»ը հիմնական ներդրում ունեցաւ, նոյնպէս, հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ՝ յատկապէս հայոց ազգային-ազատագրական շարժման ռուսական արեւելումը գաղափարականօրէն հունաւորելու եւ հիմնաւորելու առումով։ Պարսկական եւ թրքական տիրապետութեան լուծը թօթափելու գաղափարական դրօշը բարձրացուց՝ շեշտը դնելով քրիստոնեայ Ռուսաստանի օգնութեան ապաւինելու ուղղութեան վրայ։ Իբրեւ այդպիսին՝ «Ազդարար» հանդիսացաւ 19րդ դարասկիզբի հայ ազգային զարթօնքի առաջին ծիծեռնակներէն մէկը։
«Ազդարար» իրաւամբ կը նկատուի արդի հայ ազգային գաղափարախօսութեան առաջին խմորումներուն հրապարակախօսական բեմը։ «Ազդարար»ի էջերուն ծաւալեցան առաջին բանավէճերը հայ ազգային մտածողութեան տարբեր, նաեւ՝ ներհակ կողմնորոշումներուն միջեւ։ Այդ ժամանակաշրջանին տիրող հայկական մտայնութեանց եւ մտածողութեանց մասին ընդհանուր պատկերացում մը կը փոխանցեն «Ազդարար»ի համարներէն եւ հրապարակումներէն քաղուած հետագայ մտրումները.-
- ...Հայերը միշտ հառաչում, վատաբանում ու ողբում են հայ ազգի վիճակը եւ փոխանակ փոխադարձաբար գործակցելու գլորումից կանգնելու նպատակով` ձեռքերը ծալում ու յոյսերը դնում են Աստծոյ վրայ: Այնինչ վաղուց հնչել է զօրաւոր խօսքը, որ ասում է.-
«Բաղխեցէք, եւ դռները կը բացուեն ձեր առաջ»:
Չպէտք է միայն խորհել ու խօսել, այլ գործել, արիանալ: Նշանաւոր ազգերին հասնելու համար հարկաւոր է նրանց արիութիւնից օրինակ առնել:
Ամօթ է արտասուելը, որտեղ կայ վրէժխնդրութեան հնար։
Պէտք է միանալ, արիանալ ու առաջանալ. որտեղ սրանք կան, անկասկած այնտեղ կայ «ազատութիւն, փառք, պատիւ եւ ամենայն ցանկալիք կենաց»:
Ի զուր է յուսալը, թէ հրաշքով կարելի է փրկուել: Ովքեր ոտքի են կանգնել, արիութիւնն է այն արել:
- ...Հայոց երիտասարդներ, իմացէք, աշխարհիս երեսին ամէն արիութիւն երիտասարդների գործն է եղել, եւ ամէն յաղթանակ երիատսարդներն են վայելել: Զգաստացէք, որովհետեւ ծերերն անց են կացրել իրենց ժամանակը եւ բնականաբար այլ բան չեն կարող անել: Այժմ ժամանակը ձեր ձեռքումն է. ինչո՞ւ էք նստում իբրեւ անդամալոյծ…
- Մեր բոլոր պակասութիւնները ծագում են մեր տգիտութիւնից: «Յոյժ հարկաւոր է մեզ ուսումն, քան թէ յիմարաբար աշխատանքն»:
«Նախ ուսումնատուն, եւ ապա վայելչութիւն»:
... Հայերը ծոյլ չեն, այլ աշխատասէր, տքնում են, մեծ կարողութիւն են ձեռք բերում, բայց եւ շուտով վատնում, եւ իրենք էլ ոչնչանում են: Բարոյական այլանդակութիւնը կաթուածահար է անում հայերին: «Ժողովեն նեղութեամբ եւ ագահութեամբ, կորուսանեն յիմարութեամբ»: «Նեղում ու զրկում են բոլորին, ոչ միայն օտարներին, այլեւ իրենց մերձաւոր արենակիցներին»:
- «Համարձակապէս պատիւ են վայելում կեղծաւորները, ստախօսները, տխմարները… այլեւ նրանց նման ընչաւորները, թէեւ մերկ են ամէն մի առաքինութիւնից»: Լաւ չէ՞ր լինի, որ մեր հարուստները իրենց գոյքից բաժին հանէին հասարակութեանը: «Նրանց դրամների մի քառորդը բաւական էր մեր ազգի նման մի ընկած ազգ յարուցելու համար»:
- Ուսումը աշխարհիս վրայ է եւ ոչ թէ երկնքում, որտեղից աշխատում են ստանալ անհիմն աղօթքների միջոցով: ... Համարձակում եմ հաւատալ, որ ամէն թերութիւն, թէ՛ ուսման, թէ՛ առողջութեան, թէ՛ յարութեան եւ թէ փառքի, կարելի է ոչ միայն լրացնել, այլեւ (ստացածը) հաստատուն պահել միշտ:
... Որքա՜ն բան կարող է կատարել պակասութիւնն զգացողը, որքան վերանորոգել կարող է ազատութեան ձգտողը»…
- (Անհրաժեշտ է) հայկական կապիտալի խնայողութիւն ու ազգօգուտ գործադրութիւն, այլեւ ազգի բարոյական վերակրթութիւն «ուսումնատների» միջոցով: