14 Ekim 2015
Թիֆլիսի մէջ Հոկտեմբեր 16-ին պիտի բացուի պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահադեսը, որ կը կազմակերպեն Վրաստանի Ազգային թանգարանն ու Վրաստանի մէջ Թուրքոյ դեսպանատունը:
«Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսը կրող Կիւլերի գործերը այսօր կը զարդարեն աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններ, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներ:
Ան լուսանկարած է այնպիսի աշխարհառչակ մեծեր, ինչպէս Փապլօ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին, Ուիլեամ Սարոյեանը, Ուինսթըն Չըրչըլը, Պեռնարտ Ռասսելը, Ինտիրա Կանտին, Սերգէյ Փարաջանովը եւ ուրիշներ:
Ան իր տեսախցիկով ամրագրած է գրեթէ ամէն ինչ այն քաղաքին մէջ, ուր մեծցած է: Այդ պատճառով անոր յաճախ կ՝անուանեն «Սթամպուլի աչք»:
Ըստ Armradio.am-ի` Կիւլերի աշխատանքները Թիֆլիսի ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի ներկայացուին մինչեւ Հոկտեմբեր 31: