18 Ağustos 2015
«Վափորեթթօ» թիւ 20 զբօսանաւին Սան Զաքքարիայէն ժամը 3:00-ը 10 վայրկեան անց կատարած երթը սովորական զբօսաշրջային շրջագայութիւն չէր: Մեծամասնութիւնը` իտալացիներ, ամերիկեան արուեստի քանի մը պատմաբաններ եւ Միջին Արեւելքէն այցելուներ են: Բոլորին պատած է լրջութիւն մը: Ոմանք ցամաք կ՛ելլեն Սան Սերվոլօ համալսարան-կղզիին վրայ, նաւուն վրայ ձգելով փոքր փաղանգ մը, որպէսզի աւարտէ ճամբորդութիւնը մինչեւ վերջ` դէպի Սուրբ Ղազար կղզիի հայկական վանքը:
Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հայերու զանգուածային սպանութեան հարիւրամեակին, հայերու Սուրբ Ղազար կղզին իւրայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ: Նախապէս բորոտներու արգելարան մըն էր, կղզին Տոկ Ալվիսօ Մոնսենիկոն նուիրած է Մխիթարին, հայ կղերական մը, որ կը փախչէր Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող կոտորածներէն: Ան 1717-ին 20 հետեւորդներով հասաւ կղզի եւ գտաւ հայ ժողովուրդին մշակութային ու հոգեւոր վերածնունդին նուիրուած վանք մը:
Նոյնիսկ Նափոլէոն, որ բարեկամ չէր վանքերուն, տպաւորուած էր այս կառոյցով, եւ 1797-ին ան Ս. Ղազարը հռչակեց ակադեմական հիմնարկ մը, զայն փրկելով հարուածներէ: Այսօր, 12 վարդապետներ եւ 5 նորընծաներ կը մնան իբրեւ խնամակալ պահակներ 200.000 գիրքերու, 4500 հազուագիւտ ձեռագիրներու, եւ գաղտնի վարդապետութեան գանձերու այլազան հաւաքածոյի մը: Մխիթարեան միաբանութեան այս մայր եկեղեցին վերածուած է գոյատեւման խորհրդանիշի, եւ հայկական կրթութեան կարեւոր կեդրոնի մը:
Մենք կը հետեւինք խունկի բոյրի մը` գաւիթին ընդմէջէն, ուր շարուած են հռոմէական եւ փիւնիկեան հնութիւններ, կ՛անցնինք Աքիլայէն իշխանուհիի մը գլխատ արձանին քովէն, եւ կը մտնենք կամարակապ եկեղեցին: Պատերէն անդին կը գտնուի համբաւաւոր գաղտնի պարտէզ մը` հանրութեան դիմաց փակ: Մեր ուղեցոյցը` Էլէնորա, կը փորձէ պարզել այս վանքէն անդին առկայ բարդ Աստուածաբանութիւնը. «Մխիթար, ձգտած է հաշտեցնել արեւմտեան եւ արեւելեան եկեղեցիները, որոնք պառակտուած էին», կ՛եզրափակէ ան: Բայց շքեղ մարմարներու եւ խճանկարներուն մէջ, եկեղեցւոյ 1348 թուականի սկզբնական կառոյցէն մնացած երեք ցած, անորոշ կամարներ մեզի կը յիշեցնեն կղզիին ապառողջ անցեալը: «Ատոնք պատուհաններ էին, ուրկէ բորոտները կրնային հետեւիլ Ս. պատարագին»,- կը բացատրէ Էլէնորա:
venice-map_8-18-15Վանականներուն խուցերը առաջնորդող միջանցքներէն մէկուն երկայնքին, նրբագործ գեղազարդ երկաթեայ «Մխիթարի Սանդուխ»-ի գագաթին, պատերէն կախուած տեղացի արուեստագէտներուն գործերը` օսմանեան տարազներով հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու արծուային դիմագիծերով նկարները, ապշահար կը դիտեն: Ամէնէն մեծ կտաւները կը գտնուին թանգարանին մէջ, որ նուիրուած է հայկական գանձերուն, որոնք նոյնպէս ունին պղինձէ դարու մետաղեայ գործեր, ոսկի մետաղադրամներ Ք.Ա. Ա. դարէն, դրոշմաթուղթեր` Հայաստանի առաջին Հանրապետութենէն եւ 1366-ին դարբնուած սուր մը` Կիլիկիոյ թագաւորութեան Լեւոն Զ. Լուսինեան թագաւորին պատկանող:
Վանքի «Ոսկէ գիրք»-ի անուանի այցելուներուն շարքին է Ճորճ Կորտըն Պայրընը, որ 1816-ին վեց ամիս մնացած է հոս` ուսումնասիրելով հայերէնը` «Աստուծոյ հետ զրուցելու լեզուն»: Լորտ Պայրոնի նախկին դասարանին մէջ այժմ կը գտնուի կատարելապէս պահպանուած 2600 տարուան եգիպտական մոմիա մը` Նեմենխետ, որ նազանքով կը ժպտի գունագեղ ուլունքներով խճճուած թիկնոցին տակէն: Շրջապատուած խոշոր գրադարաններով, որոնք կը պարփակեն 23 հսկայ հատորները Description de L՛Egypte-ի (հնագիտական սպառիչ հետազօտութիւն մը, պատուիրուած Նափոլէոնի կողմէ, եգիպտական արշաւէն ետք), Նեմենխետը անկասկած ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ:
Վանքի ոգին, իր բոլոր հետաքրքրական կողմերով, կը բնակի իր երեք գրադարաններուն մէջ. սքանչելի կոթողական գրադարանէն, որուն տանձենիէ պատրաստուած գրադարաններ կը պարունակեն ամէն նիւթի անդրադարձող եւրոպական հազուագիւտ մեծածաւալ հատորներ, Պայրընի սենեակէն եւ շրջանաձեւ ձեռագիրներու սենեակէն, ուր կը պահուին հայկական ձեռաաշխարհի ամէնէն կարեւոր հաւաքածոները հայկական ձեռագիրներու, ներառեալ` Մելկետ թագուհիին համար 862-ին ընդօրինակուած Աւետարաններ:
Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մատենադարանը նաեւ ունի հայկական թարգմանութիւններու ամէնէն հին օրինակները, ինչպէս Փիլոյէն, Հեսիոտոսէն եւ սուրբ Յովան Ոսկեբերանէն գործեր, որոնց բնօրինակները կորսուած են, սակայն վանականներուն կողմէ լատիներէնի թարգմանուած են եւ այդպէս վերակենդանացուած:
«Եթէ ձեռագիրները ճիշդ հասկցուած են»,- գրած է Լորտ Պայրըն 1817-ին,- «Դրախտը Հայաստանի մէջ հաստատուած է»: Արդարեւ, եթէ ամառը այցելէք Ս.Ղազար, դուք կրնաք համտեսել վանականներուն վարդանոյշը, որ պատրաստուած է վանականներուն պատկանող թաքուն Դրախտի ծաղիկներէն:
«Տը ինտիփենտընթ»