18 Ağustos 2015
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ իր ռուս պաշտօնակիցին հրաւէրով այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լաւրով ըսաւ, որ Իրանի եւ Արեւմտեան պետութիւններուն միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը կը յանգեցնէ շրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման եւ կը ջնջէ շրջանային համագործակցութեան առջեւ ծառացած պատնէշները:
Երկու նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին: Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը «կը մերժէ կարգ մը կողմերուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը պահանջող կոչերը»` շեշտելով, որ Սուրիոյ նկատմամբ Մոսկուայի կեցուածքը «սկիզբէն ի վեր չէ փոխուած»: Ան յիշեցուց Սուրիոյ տագնապին լուծումին իր երկրին պատկերացումը` քաղաքական լուծում մը գոյացած նոյնինքն սուրիացիներուն միջեւ` առանց արտաքին միջամտութեան:
Անոնք նաեւ քննարկեցին շրջանին մէջ կացութիւնը եւ շեշտեցին, որ հարցերու լուծումը կ՛ըլլայ քաղաքական միջոցներով:
Զարիֆ նշեց, որ Ռուսիա «ամէնէն դժուար կացութեանց մէջ յանձնառու մնաց Իրանի նկատմամբ աջակցութեան, եւ ատիկա մեր միջեւ գործակցութիւնը կ՛ամրապնդէ»` աւելցնելով. «Ռուսիա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին եւ պատժամիջոցներու վերացման հարցին մէջ»:
Ան կոչ ուղղեց շրջանի հարցերը լուծելու առանց արտաքին միջամտութեան: