​Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեն - Հայերէն
01 Ağustos 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Արեգ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

01 Temmuz 2025  

​Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեն -

​Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեն ​Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեն

Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեն
Աղետալիր եւ ազգային տեսակէտով յաւետ ողբալի 1915էն ի վեր` Միաբանութիւնս, բախտակից միշտ իր ազգին արիւնոտ ճակատագրին, չկրցաւ տակաւին թօթափել իր վրայէն սգոյ տխուր հանդերձը` զգենլու համար այն պատմուճանը, զոր կեանքը կ՚ընծայէ իրեն մահուան աւերակներու վրայ նոր կենսունակութիւն եւ նոր գաղափար տնկելու համար։ Կարեւոր դէմքերու անփոխարինելի կորստէն տակաւին գլխակոր եւ թախիծը մեր սրտին՝ ահա կ'ողբանք անդարմանելի կորուստը նաեւ Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեանի, որուն հայրախնամ դաստիարակութիւնը վայելած է Միաբանութեանս ներկայ անդամներուն գրեթէ չորսին երեքը։
Հանգուցեալը ծնած է 16 Փետր. 1864 Կուտինա, ուր առած է իր սկզբնական կրթութիւնը։
1881 ին զինք կը գտնենք Կ. Պոլիս, ուսկից քիչ ատենէն Ազարեան Պատրիարքին առանձին կարգադրութեամբ ուրիշ չորս ընկերներու հետ կանցնի Տրիեստ, հոն Մխիթարեանց հսկողութեան տակ իբրեւ սան Բժիշկ Անանեանի յաճախելու համար աւստրիական պետական գիմնազիոն։ Առանձին բերում՝ ունենալով դաստիարակչական ճիւղին՝ ուսումնատենչ պատանին ամենամեծ եռանդով հետամուտ կ՝ըլլայ իր դասերուն, մտադրութեամբ կը հետեւի ուսուցիչներուն ամէն մէկ գնացքին, շարժումներուն եւ դասաւանդութեան կերպերուն։ Աստուած իր սրտին այս ազնիւ բերման լիապէս գոհացում տուաւ, բայց բոլորովին ուրիշ կերպով։ Հազիւ երկու տարի էր, որ Տրիեստ կը գտնուէր եւ ահա կը սկսի իր ներսն արդէն հոգեկան նոր խմորում մը, որ զինք վերջ ի վերջոյ կը հեռացընէ աշխարհական վիճակէ։ 1883ին ուրիշ երկու ընկերներու՝ Հ. Բառնաբաս Վ.Պիլեզիկճեանի եւ Հ. Մկրտիչ Վ. Նորշուան հետ իր քայլերը կ'ուղղէ դէպի Վիեննա, ուր 1884 ին Միաբանութեանս զգեստը կ՝առնու եւ յաջորդ տարին ալ ուխտադրութեամբ նոյնին անդամ՝ կըլլայ: Ուխտադրութենէն 1 տարի վերջը կը կարգուի արդէն Բ. Վարիչ Միաբանութեանս կղերանոցին եւ երը 2 Հոկտ. 1887 քահանայական Ս. աստիճանը կ՝ընդունի, կը բարձրացուի նաեւ Ուսուցչութեան պաշտօնին, զոր մեծ եռանդով եւ նաեւ յաջողութեամբ կը շարունակէ մինչեւ իր մահը։ 1892էն 1898ի շրջանին զինք կը գտնենք մերթ Կ. Պոլիս իրրեւ Գործակալ եւ Ուսուցիչ եւ մերթ Իզմիր իբրեւ Ուսուցիչ։
Այլեւս գործնական կեանքի մէջ ըստ բաւականի եփուած եւ հասունցած` կը կարգուի յաջորդ տարին Այտընեան Աբբահօրմէ Ընդհանուր Վարիչ Միաբանութեանս Կղերանոցին եւ այս ծանր եւ պատասխանատու պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1916ին կէսերը։ Իր գործօնէութեան բեղուն եւ արդիւնալիր շրջանն է այս. Կղերանոցիս մատենադարանն կը ճոխացընէ, բազմաթիւ գրքերով, ուսմանց նոր զարկ կու տայ եւ ամենէն կարեւորը, առանց որուն ամէն ջանք եւ վաստակ ի զուր էր եւ անօգուտ, կը յաջողի նա իր առաջնորդութեան տակ դաստիարակուող մատաղ սերունդին սրտելու մէջ հոգի ներշնչել, Մխիթարայ հոգին, որ համակեռանդ էր եւ սէր դէպի իր Ազգն ու Եկեղեցին։ Թէ այսօր Միբանութեանս երիտասարդ ուժերը Վիեննական համբաւաւոր համալսարանը կը յաճախեն եւ ակադեմական կրթուրթեան դափնիով իսկ կը պսակուին, այս ալ մասամբ իր ջանքերուն արդիւնքն է:
1909էն ի վեր ընտրուած էր Հանգույցեալը նաեւ Ընդհանուր Խորհրդական, Միաբանութեանս եւ կը շարունակէը մնալ նոյն բարձր պաշտօնին մէջ մինչեւ 1920ի Ընդհանուր ժողովը։ Այնուհետեւ կ՝առաքուի Կ.Պոլիս իրրեւ Ընդհ. Վարիչ Միաբանութեանն Ուսանողարանին, ուսկից Հ. Բ. Պիլեզիկճեանի յանկարծական մահուան վրայ՝ կը կոչուի դարձեալ Վիեննա իրրեւ Մեծաւոր Մայր վանքին եւ Ընդհ. Խորհրդական եւ անդամ վարչութեան։ Դժրախտարար Հանգուցեալը շատ տարիներէ ի վեր ներքին ծանր հիւանդութենէ մը կը տառապէր, որ օրէ օը սաստկանալու ծանր բնոյթ առնլուն՝ բժիշկներ խորհրդով ինք զինք գործողութեան կ'ենթարկէ, որուն եւ զոհ կերթայ: Գործողութենէն 12 օր յետոյ սրտի կաթուած ստանալով` Յուլ. 5 ին աոտու ժամը 4 ½ ին կը վախճանի։
Առանձնապէս Հանդիսի հայող նիւթերով, քանի մը մատենախօսականներ դուրս հանելով, գլեթէ չէ զբաղած Հանդուցեալը, եւ այս՝ շատ ալ ընական է առաւելապէս ուուցչական եւ դաստիարակչական ասպարէզի մէջ զործողի մը համար։ Գրած է «Գործնական քերականութիւն գերմաներէն լեզուի, Ա. Ման, 1890, Բ. Մամն, 1891, ասոնց համառօտը` “Տարերք գերմ. քերականութեան,, 1890, “ ծաղկաքաղ ընթերցուածք գերմ.հայ. բառարանով 1891 եւ ուրիշ երկու երեք փոքրիկ պրակներ հոգեւոր նիւթերու վրայ։ Գերմ. Քերականութեան ընթացքը, որ աշխատասիրուած էր Օտտո Սաուէրի մեթոտով, ունեցաւ իր երկրորդ տպագրութիւնը բոլորովին արդի մեթոտով (Բէօռնէր, Լանգէնշայդ եւ գլխաւորաբար Հալբվաքս Վեբէր)։
Անտիպ կը մնան “ Պատմութիւն իմաստասիրութեան, յատկապէս դպրոցներու համար գրուած “Գերմաներէնէ - Հայերէն բառարան, մը, բայց մանաւանդ “Հայերէնէ գերմաներեն բառարան մը, որուն նպատակը աւելի ընդհանուր ըլլալուն՝ շատ աւելի ճոխ է եւ ընդարձակ. Վերջինս առաջնակարգ գործ մըն է եւ կը գերազանցէ Հեղինակին միւս բոլոր աշխատութիւնները եւ եթէ չեմ սխալիր նաեւ օտար լեզուներու մասին հայ աշխատութեամբ հրապարակ ելած բոլոր բառարանները։ Հոս Հանգուցեալը մոզայիկի նկարահանի մը պէս թանձրացուցած է կարծես իր իսկ անձին պատկերը. ծայր աստիճանի ճշգրտութիւն, կանոնաւորութիւն, մաքրութիւն, անտարտամ՝ ապահովութիւն, բազմակողմանիութիւն եւ լրջութիւն՝ ամենացայտուն յատկութիւններն են այս սքանչելի գործին, որուն վրայ եօթ տարի իր ուժերն սպառելու աստիճան շարունակ աշխատեցաւ Հանգուցեալը։ Գերմաներէն լեզուի մշակութիւնը գլխաւորաբար Ռուսաստանի եւ ներկայ Հայաստանի մէջ ըստ բաւականի տարածուած ըլլալով՝ հարկ չկայ կարծեմ՝ շեշտելու թէ որչափ կարեւոր է եւ ստիպողական այսպիսի բառարանի մը հրատարակութիւնը հայ ուսանողութեան համար, որ ամէն տարի խմբովին Գերմանիա կը դիմէ ուսանելու, ինչպէս նաեւ գերմանացի բազմաթիւ հայերէնագէտներու, որոնք Հայերէնի ուսման մէջ այսպիսի բառագրքի մը պակսելովը` ամենամեծ դժուարութիւններու դէմ՝ մաքառելու կը ստիպուին եւ այս իսկ պատճառաւ շատերը ուսման կէս ճամբան կը կասին կը մնան:
Հ. Պօղոս Վ. Զաքարեան իր սուրբ եւ անբասիր կեանքով ու լուրջ նկարագրով օրինակ էր ամէնուն եւ` կարծես մարմնացած գաղափարականը Մխիթարեան քահանայի մը։ Ամէն մէկը` ըլլար այն Միաբանութեան անդամ՝ կամ օտար, սիրախառն յարգանքով միայն կը մերձենար անոր ու կը խօսակցէր հետը: Նա տարիներու ծանրութեան տակ չէ, որ կքեցաւ ինկաւ, այլ բռնութեամբ է որ խլուեցաւ մեր շրջանակէն եւ այս է զմեզ ամէնէն աւելի ցաւով համակողը: Սպեղանին պիտի ըլլայ ինքը իր հոգիով, զոր ներշնչեց իր սաներուն եւ որով կը շարունակէ ապրիլ մեզի հետ։

Դկտ. Հ. Աղեքսանդր Վ. Մատիկեան




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+