Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան (1872-1954). Գ­րա­կան-մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թեանց յու­շա­րար պատ­գա­մա­բե­ր - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

16 Temmuz 2017  

Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան (1872-1954). Գ­րա­կան-մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թեանց յու­շա­րար պատ­գա­մա­բե­ր -

Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան (1872-1954). Գ­րա­կան-մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թեանց յու­շա­րար պատ­գա­մա­բե­ր Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան (1872-1954). Գ­րա­կան-մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թեանց յու­շա­րար պատ­գա­մա­բե­րը

«Ազգ մը չի կոր­սո­ւիր, երբ գի­տէ իր սխալ­նե­րը ճանչ­նալ եւ ին­քը զին­քը ուղ­ղել»:

Հայ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան խո­րա­չա­փու­մը կա­տա­րող նման պատ­գամ­նե­րու բան­բերն է հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ­նե­րէն Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան, ո­րուն ծննդեան 145րդ ­տա­րե­դար­ձը կը յու­շենք ­Յու­լիս 15ի այս օ­րը։


Բազ­մաշ­նորհ մե­ծու­թիւն մըն է ­Չօ­պա­նեան, որ բարձ­րա­դիր իր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած է հայ գրող­նե­րու յա­ւեր­ժա­կան պան­թէո­նին մէջ ե­թէ ոչ ան­պայ­ման գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր ժա­ռան­գու­թեամբ, բայց հաս­տա­տա­պէս հայ մշա­կոյ­թի հարս­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ իր տա­ծած ան­հուն սէ­րով, հայ լե­զո­ւի պաշ­տա­մուն­քով ու զայն կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու կիր­քով եւ, յատ­կա­պէս, հայ­կեան հան­ճա­րի ան­կորն­չե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը վեր­ծա­նե­լու, ար­ժե­ւո­րե­լու եւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ու ողջ մարդ­կու­թեան փո­խան­ցե­լու իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով եւ պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով։

Ինչ­պէս որ 1913ին Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ գրած է ­Չօ­պա­նեա­նին ուղ­ղո­ւած անձ­նա­կան իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ «միս-մի­նակդ ը­րիր ինչ որ շա­տեր միա­ցած չէին կրնար ը­նել. եւ ինչ որ ա­մէ­նէն յար­գե­լին է քու աշ­խա­տու­թեանց մէջ, դուն հիա­նա­լի եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մը նո­ւի­րե­ցիր ինք­զինքդ փշրանք­ներն ու նշխար­նե­րը հա­ւա­քե­լու մեր գրա­կան ան­ցեա­լին, ճիշդ ա­նոր՝ որ ա­մէ­նէն մոռ­ցո­ւածն ու լքո­ւածն է»։


Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Չօ­պա­նեան Ար­շակ ­Յով­հան­նէ­սի, մե­ծա­նուն հայ գրո­ղը, քննա­դա­տը, բա­նա­սէ­րը, հրա­պա­րա­կա­գի­րը, թարգ­մա­նիչն ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը ծնած է Կ. ­Պո­լիս, 15 Յու­լիս 1872ին, ակն­ցի ոս­կե­րի­չի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ։

Ու­սու­մը ստա­ցաւ նախ Կ. ­Պոլ­սոյ ­Մաք­րու­հեան դպրո­ցին, ա­պա՝ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով ժա­մա­նա­կի ա­կա­նա­ւոր գրա­կան գոր­ծիչ­նե­րու։ Սկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծել վաղ տա­րի­քէն՝ ինք­նու­րոյն եւ թարգ­մա­նա­կան գոր­ծե­րով աշ­խա­տակ­ցե­լով «­Բու­րաս­տան ման­կանց», «Ա­րե­ւելք», «­Մա­սիս» եւ «­Հայ­րե­նիք» պար­բե­րա­կան­նե­րուն։ 1895ին խմբագ­րեց «­Ծա­ղիկ» կի­սամ­սեայ թեր­թը։ ­Նոյն տա­րին, իր կար­գին խոյս տա­լով ­Հա­մի­տեան իշ­խա­նու­թեանց հե­տապն­դում­նե­րէն, տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, որ դար­ձաւ իր մնա­յուն բնա­կա­վայ­րը։ Ձեռ­նար­կեց «Ա­նա­հիտ» գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մե­ծար­ժէք հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան (1898–1911, նոր շրջան` 1929–49)։ ­Նաեւ մաս­նակ­ցե­ցաւ «­Վե­րած­նունդ» (1917–19) եւ «Ա­պա­գայ» (1921–24) թեր­թե­րու խմբագ­րու­մին։

Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան եր­կար ապ­րե­ցաւ եւ բախ­տը ու­նե­ցաւ սերն­դա­կիցն ու գոր­ծա­կի­ցը ըլ­լա­լու հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան թէ՛ նա­խաե­ղեռ­նեան, թէ՛ յետ-ե­ղեռ­նեան սե­րունդ­նե­րուն։ Իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեծ ճա­շա­կի տէր հե­ղի­նա­կու­թիւն՝ գրա­կան քննա­դա­տի իր ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ ար­ժէք­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ խրա­խուս­ման մէջ։

Ս­տեղ­ծա­գոր­ծեց գրա­կան բո­լոր սե­ռե­րուն մէջ։ ­Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փո­ւած են «Ար­շա­լոյ­սի ձայ­ներ» (1891), «Թրթ­ռում­ներ» (1892) եւ «­Քեր­թո­ւած­ներ» (1908) հա­տոր­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը յատ­կան­շո­ւին ռո­ման­թիք բա­նաս­տեղ­ծու­թեան «միա­կող­մա­նիու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ի­րա­կա­նու­թեան կեն­դա­նի գծերն ար­տա­յայ­տե­լու ձգտու­մով», ինչ­պէս որ նշած է գրա­կա­նա­գէտ Է. Ջր­բա­շեան։ ­Չօ­պա­նեան հրա­տա­րա­կած է նաեւ «­Թուղ­թի փառք» (1892) հո­գե­բա­նա­կան վի­պա­կը, «Տ­ղու հո­գի­ներ» (1923) պատ­մո­ւածք­նե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու ժո­ղո­վա­ծուն, «­Մութ խա­ւեր» (1893) ու «Հ­րաշ­քը» (1923) թա­տե­րա­խա­ղե­րը եւ այլ եր­կեր։

Չօ­պա­նեա­նի ներդ­րու­մը ա­ռանձ­նա­պէս տի­տա­նա­կան է գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ։ Ի­րեն կը պար­տինք միջ­նա­դա­րեան հայ տա­ղեր­գու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը վեր­ծա­նե­լու եւ մեր սե­րունդ­նե­րուն ու ամ­բողջ աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը։

Չօ­պա­նեան հա­յե­րէ­նով եւ ֆրան­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց միջ­նա­դա­րեան ու նոր շրջա­նի գրա­կան յու­շար­ձան­ներ՝ ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կին վե­րագ­րո­ւող քա­ռեակ­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս միջ­նա­դա­րեան «հայ­րէն­նե­րու» ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը («­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի դի­ւա­նը», 1902, «­Հայ­րէն­նե­րու բու­րաս­տա­նը», 1940), «­Նա­ղաշ ­Յով­նա­թան ա­շու­ղը եւ ­Յով­նա­թան Յով­նա­թա­նեան նկա­րի­չը» (1910), «­Հայ է­ջեր» (1912) գրքե­րը։

Չօ­պա­նեան ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ, որ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի ժա­ռան­գու­թիւ­նը վեր­լու­ծեց իբ­րեւ գե­ղարուես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն՝ բա­ցա­յայ­տե­լով կրօ­նա­խորհր­դա­պաշտ շղար­շի տակ պա­հո­ւած ­Նա­րե­կա­ցիի խոր մար­դա­սի­րա­կան էու­թիւ­նը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, ­Նա­րե­կա­ցին դա­սե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րու կող­քին։

Չօ­պա­նեան նաեւ կազ­մեց ու ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյյս ըն­ծա­յեց ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նի (1894) եւ Մկր­տիչ ­Պե­շիկ­թաշ­լեա­նի (1907) եր­կե­րը, ո­րոնց նուի­րեց նաեւ ծա­ւա­լուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ։

Չօ­պա­նեան-քննա­դա­տի նա­խա­սի­րած մար­զը էս­սէ-դի­ման­կա­րի գրա­կան ոճն է. սեղմ շրջա­գի­ծե­րու մէջ ան կը ներ­կա­յա­ցէ ծա­նօթ գրող­նե­րու ընդ­հան­րա­կան, խոր եւ դի­պուկ բնու­թա­գի­րը, կը բա­ցա­յայ­տէ ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, աշ­խա­տա­կար­գին (մե­թոտ) եւ ո­ճին էա­կան գի­ծե­րը։ Այդ­պի­սի յօ­դո­ւած­ներ նո­ւի­րած է Խ. Ա­բո­վեա­նին, Ղ. Ա­լի­շա­նին, Յ. ­Պա­րո­նեա­նին, Գ. ­Սուն­դու­կեա­նին, ­Րաֆ­ֆիին, Պ. Պ­ռօ­շեա­նին, Ա. Շիր­վան­զա­դէին, ­Հա­մաս­տե­ղին եւ ու­րիշ­նե­րուն (ա­նոնց զգա­լի մա­սը ամ­փո­փո­ւած է «­Դէմ­քեր» ( հ. 1-2, 1924-29) ժո­ղո­վա­ծու­նե­րուն մէջ։


Վեր­ջա­պէս, ­Չօ­պա­նեան մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րեց հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ քա­րո­զե­լու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դա­տը պաշտ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Անձ­նա­կան եւ նա­մա­կագ­րա­կան կա­պեր ու­նե­ցաւ ժա­մա­նա­կի եւ­րո­պա­ցի գրող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ։ ­Թարգ­մա­նեց եւ ֆրան­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց հին ու նոր շրջա­նի հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու բազ­մա­թիւ եր­կեր։ Այդ աշ­խա­տան­քին պսա­կը ե­ղաւ «­Վար­դե­նիք Հա­յաս­տա­նի» ֆրան­սե­րէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժո­ղո­վա­ծուն։

Մե­ծա­նուն հա­յը զոհ գնաց պա­տա­հա­կան ինք­նա­շար­ժի ար­կա­ծի, 1954 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նիս 8ին եւ ար­ժա­նա­ցաւ հա­մազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ու թա­ղու­մի։
Ա. ­Չօ­պա­նեա­նի հա­րուստ վաս­տա­կէն մեր սե­րունդ­նե­րը ժա­ռան­գե­ցին անս­պառ սէրն ու պաշ­տա­մուն­քը մեր ­Մայ­րե­նիին՝ ար­ձա­գան­գե­լով հայ մշա­կոյ­թի մե­ծա­նուն գոր­ծի­չի պատ­գա­մին.

«Ո՜վ մեր լե­զուն, հա­յե­լի մաք­րու­թեան, գո­րո­վի եւ ա­րիու­թեան, դուն մեր հո­գին ու մեր ա­րիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես»: Ա. ­Չօ­պա­նեա­նի ժա­ռան­գու­թեան կո­թո­ղա­կան նուա­ճու­մին՝ «Ա­նա­հիտ» ամ­սագ­րի ար­ժե­ւոր­ման նուի­րո­ւած է ա­րո­ւես­տա­բա­նու­թեան դոկ­տոր Գ.Խ.Ստե­փա­նեա­նի հե­տա­գայ վկա­յու­թիւ­նը, գրուած՝ մե­ծա­նուն հա­յուն ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով.

‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սը լոյս է տես­նում եր­կու պար­բե­րաշր­ջան­նե­րով՝ 1898-1911թթ. եւ 1929-1949թթ.: Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նը իր հան­դէ­սում ե­ղել է ե՛ւ խմբա­գիր, ե՛ւ գրել է իւ­րա­քան­չիւր հա­մա­րում հայ հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին յօ­դո­ւած­ներ, ինչ­պէս նաեւ հան­դէ­սի լրա­տո­ւա­կան բա­ժի­նը: ‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սի ծրա­գիրն էր՝ տպագ­րել ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ հայ ժո­ղովր­դի պատ­մու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, գե­ղա­րո­ւես­տի եւ լե­զո­ւի մա­սին, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ գի­տու­թեան մա­սին, վի­պակ­ներ, վէ­պեր, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ եւ ար­ձակ­ներ՝ թէ՛ հա­յե­րէն եւ թէ օ­տա­րա­լե­զու:

«Լ­րա­տո­ւա­կան բա­ժի­նը ի­րե­նից ներ­կա­յաց­նում էր հայ հա­սա­րա­կա­կան եւ մտա­ւոր կեան­քի ան­գին մի տա­րեգ­րու­թիւն, որն ընդգր­կում է գրա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րից մին­չեւ կեան­քից հե­ռա­ցած գոր­ծիչ­նե­րի մա­հա­խօ­սա­կան­ներ: Ի­հար­կէ, հե­տա­գա­յում այս ծրա­գի­րը հա­մալ­րո­ւեց եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւեց:

«Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նը ‹‹Ա­նա­հիտ»ում› տպագ­րել է ան­տիկ շրջա­նի եւ հե­տա­գայ դա­րե­րի դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան շատ նմոյշ­ներ, ա­րո­ւես­տի տար­բեր ճիւ­ղե­րին՝ նկար­չու­թեա­նը, քան­դա­կա­գոր­ծու­թեա­նը, ե­րաժշ­տու­թեա­նը, թատ­րո­նին, ճար­տա­րա­պե­տու­թեա­նը նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւած­ներ: ­Հան­դէ­սում տեղ են գտել ­Թո­րոս ­Թո­րո­մա­նեա­նի ար­ժէ­քա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը հայ հին ճար­տա­րա­պե­տութ­յան մա­սին, ­Գա­րե­գին ­Յով­սէ­փեա­նի յօ­դուած­նե­րը՝ հայ ման­րան­կար­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նը տպագ­րել է նաեւ ա­ռան­ձին յօդուած­ներ ­Կո­մի­տա­սի, Ա­լեք­սանդր Ս­պեն­դիա­րեա­նի, Էդ­գար ­Շա­հի­նի եւ ա­րո­ւես­տի այլ բնա­գա­ւառ­նե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի մա­սին: Ի դէպ, Էդ­գար ­Շա­հի­նը ‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սի ա­ռա­ջին ճա­կա­տա­զար­դի հե­ղի­նակն է՝ հին հայ­կա­կան ման­րան­կար­չա­կան ո­ճով, իսկ երկ­րոր­դի­նը՝ ­Մել­քոն ­Քե­պապ­ճեանն էր:

«­Սա հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք էր, ո­րը կա­րող էր ա­նել միայն շնոր­հա­լի, բարձր կրթո­ւա­ծու­թեամբ եւ աշ­խա­տա­սէր մար­դը, ո­րը ան­սահ­ման հայ­րե­նա­սէր էր եւ իր հայ­րե­նի­քի մշա­կոյթն էր տա­րա­ծում ամ­բողջ աշ­խար­հով, այդ­պի­սով կռո­ւե­լով թշնա­մու դէմ, թոյլ չտա­լով նրան ոչն­չաց­նե­լու իր ազ­գը: ‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սը ծա­ռա­յում էր ըն­թեր­ցող­նե­րի մտա­ւոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­մա­նը, նրանց հա­ղոր­դա­կից էր դարձ­նում հա­մաշ­խար­հա­յին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մտքի





Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+