Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820 - 1901). Հայոց ոգեղէն հարստութեան վերանորոգման Նահապետը Ն. - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

07 Temmuz 2017  

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820 - 1901). Հայոց ոգեղէն հարստութեան վերանորոգման Նահապետը Ն. -

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820 - 1901). Հայոց ոգեղէն հարստութեան վերանորոգման Նահապետը Ն. Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820 - 1901). Հայոց ոգեղէն հարստութեան վերանորոգման Նահապետը Ն.

Յուլիս 6ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան նոր ժամանակներու Նահապետին՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։

Ստեղծագործելու եւ ուսումնասիրելու, գիտութիւն ամբարելու եւ ճանաչումի իր անսպառ պաշարը անմնացորդ բաշխելու, այլեւ ու մանաւանդ՝ սերունդներ Հայկեան Հանճարի պաշտամունքով դաստիարակելու անմահ գործին ռահվիրան է Ալիշան։

Օժտուած՝ գրողի ու գիտաշխատողի բացառիկ շնորհներով, ստեղծագործելու բարձրորակ տաղանդով եւ ճառագայթող իմաստութեամբ, Հայր Ղեւոնդ Ալիշան լիարժէք շնչաւորեց ու բեղմնաւորեց իրեն ընծայուած կեանքի ժամանակը։ Անխոնջ աշխատանքն ու ստեղծագործութիւնը կոչում դարձան Նահապետին համար, որ մինչեւ ալեհեր ու ծերունազարդ իր տարիքը՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայոց հոգեմտաւոր հարստութիւնը վերանորոգելու երկունքին։

Ալիշանի ծննդեան 197րդ տարեդարձին նուիրուած այս վկայութիւնը կ’արժէ սկսիլ իր իմաստուն պատգամներով հաղորդուելու պահով.

— Մի ուրանար զերկիրդ եւ զազգդ սիրուն։
— Ծառն արմատով է ծառ՝ տունն հիմամբ է տուն:
— Չկայ աւելի պատուական արարած, քան մարդը, որուն համար ստեղծուած է ամէն բան:
— Թշնամիին ջախջախելու համար հարուած եւ հանճար է պէտք:
— Արծիւ միտքը արծուի թեւ ալ կ’ուզէ:

Այսպէ՛ս. Յուլիս 6ին, 197 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ ՊետրոսՄարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւն կը տիրէր։

Լոյս աշխարհ եկած էր արու զաւակ մը, որուն անունը դրին Քերովբէ։

Օրհնեալ եւ օրհնաբեր ծնունդ էր.

— Ապրեցաւ մինչեւ 1901 թուականը՝ ստեղծագործական բեղմնաւոր կեանքով։
— Ապրեցաւ անբասիր վարքով՝ մարմնաւորելով հայ հոգեւորականի սրբակեաց կերպարը։
— Ապրեցաւ հանճարեղ անմահներու ճառագայթումով՝ լուսաւորելով ու ջերմացնելով արդի ժամանակներու ՀԱՅուն սիրտն ու հոգին, միտքն ու էութիւնը։

Եւ յաւերժացաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան անունով։

Դէպի աղբիւրը լոյսին տեւական ձգտումի եւ անխոնջ աշխատանքի ուղեւորութիւն մը եղաւ իր կեանքը։

Պոլսոյ «Չալըխեան» նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ 12 տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ
Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի Ընծայարանն ու «Մուրատ Ռափայէլեան» բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841ին՝ արդէն կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843ին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։

1848ին նշանակուեցաւ «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (18491851)։
Ամբողջ Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակներ էին. իսկ Իտալիոյ տարածքին ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած էին։ Այդ խմորումները անտարբեր չձգեցին երիտասարդ Ալիշանին, որ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայեց «Նահապետ» ստորագրութեամբ իր ազգայինյեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները։ «Պլպուլն Աւարարայրի», «Հայոց Աշխարհիկ», «Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց», «Բամբ Որոտան» եւ «Նուագք» շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝ Ալիշանի «Նահապետի երգերը» ոչ միայն նոր ուղի բացին Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը թարմացուցին ու յառաջ մղեցին վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգայինազատագրական զարթօնքին կրակը վառեցին ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Պոլիս ու Վան, մինչեւ Թիֆլիս ու Մոսկուա։

Պերճախօս է վկայութիւնը Ալիշանի կրտսեր ժամանակակից եւ հայոց ազգային ու յեղափոխական զարթօնքին մէջ իր կարգին մեծակշիռ ներդրում կատարած Միքայէլ Նալբանդեանի, որ օրին ողջունելով «Նահապետ ստորագրութեամբ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանեանց արժանաւոր վարդապետի հրատարակած հոյակապ քերթուածքը՝ «Պլպուլն Աւարայրի», չվարանեցաւ յայտարարելու, թէ «չափաբերական քերթուածոց մէջ արժանաւոր վարդապետը ախոյեան չունի»…
1849ին բռնկած իտալեւաւստրիական պատերազմին հետեւանքով՝ «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանի դասաւանդութիւնները առկախուեցան։ 1850ին, Մխիթարեաններու Աբբահայր Գ. Հիւրմիւզի հետ, Ալիշան անցաւ Վատիկան, ուրկէ տարի մը ետք — Մուրատ Ռաֆայէլեանի կտակին հետ կապուած հարցերու լուծման առաքելութեամբ — ուղարկուեցաւ Լոնտոն։ Ալիշան երկարաձգեց Լոնտոն իր կեցութիւնը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ եւ ուսումնասիրէ Քեմպրիճի համալսարանին ու Օքսֆորտի մատենադարանին հին ձեռագիրներու աշխարհահռչակ հաւաքածոն։ Ալիշան ոչ միայն մանրամասն քննարկեց, այլեւ՝ ցանկագրեց իր գտած հայկական բոլոր ձեռագիրները։ Լոնտոնէն ետք, ուսումնասիրական եւ ինքնազարգացման նպատակներով, Ալիշան շրջեցաւ եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները՝ յաջորդաբար Պերլին, Վիեննա, Փարիզ եւ Կանտ՝ Պելճիքա։ Վենետիկ վերադարձաւ 1853ին։

Համաշխարհային մշակոյթի ու մտքի մեծ կեդրոններուն հետ մօտէն շփումի ծառայած այդ տարիները հիմնական շրջադարձ առաջացուցին Ալիշանի հետագայ գործունէութեան մէջ։ Բանաստեղծն ու գրաբարով ստեղծագործող Հեղինակը իրենց տեղը զիջեցան, Ալիշանի մէջ, ազգային շունչով, աշխարհաբարով եւ յառաջդիմական մտածողութեամբ սերունդ հասցնող Դաստիարակին եւ, միեւնոյն առաջադրանքով, բանասիրական ու պատմագիտական բնագաւառներու մէջ կոթողական աշխատասիրութիւններ իրագործող Գիտաշխատողին եւ գաղափարական շարժում հունաւորող Մտաւորականին։

Մանկավարժական իր ծառայութեան շրջանին, «Մուրատ Ռափայէլեան»ի տեսչութեան կողքին, Ալիշան 1859էն 1861 դասաւանդեց նաեւ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872 թուականը, երբ ուսուցչական ասպարէզէն քաշուեցաւ եւ որոշեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ գիտական աշխատանքի։

Այնուհետեւ, մինչեւ իր վախճանը 22 Նոյեմբեր 1901ին, Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը փակուեցաւ Ս. Ղազարի վանքի իր աշխասենեակին մէջ եւ ստեղծեց աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Ինչպէս իր բանաստեղծութեանց, նոյնպէս եւ բանասիրական թէ պատմագիտական իր աշխատասիրութեանց մէջ, Ալիշան միեւնոյն մեծ ու խորին պատգամը փոխանցեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն. Պաշտելու աստիճան սիրել եւ պահպանել հայոց լեզուն ու հայրենի հողը, հայն ու իր մշակոյթը, որոնք ծաղկումի եւ ճառագայթումի առաջնորդեցին հայկեան հանճարը՝ դարաւոր ստրկութեան եւ խաւարի ու անկումի ժամանակներուն դէմ ինքնապահպանման եւ
վերականգնումի հզօրագոյն զէնքերը դառնալով հայութեան իրերայաջորդ սերունդներուն։

Հայկականին ու հայրենականին պաշտամունքը Ալիշան յաւերժացուց նախ իր բանաստեղծութեամբ։ 1850ականներու վերջերուն, «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով համեմատաբար երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները, Ալիշան 1857ին եւ 1858ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին՝ քարին ու ջուրին ոգեշնչման եւ, մանաւանդ, Հայկեան Հանճարի սաւառնելու ներուժին շղթայազերծման։

Հաւատքի՛ մարդու, ազգայի՛ն գործիչի եւ տաղանդաշատ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք՝ ընդ եղեւնեաւ» հատորով։

Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ Հայուն։ Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն ապրելու իր պաշտած ժողովուրդի առօրեային մէջ, Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը՝ իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ հայակերտ կոթողներով, կանգուն մնացած ու պահպանուած ըլլան անոնք, թէ ոսոխներու կողմէ քարուքանդ եղած…

Մասնագէտներու միահամուռ վկայութեամբ՝ «Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց», «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսուան», «Այրարատ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս Քրիստոնէութեան Հայոց», «Հայապատում», «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Հայ բուսակ» եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։

Այս բոլորով եզակի մեծութիւն դարձաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան։

Եւ պատահական չէ, որ Նահապետին վախճանումը համազգային սուգով պատեց ողջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։

Եւ նոյնիսկ մեր օրերուն որքա՜ն թելադրական կը հնչէ «Դրօշակ»ի Դեկտեմբեր 1901ի համարին վկայութիւնը, որ Ալիշանը կը հռչակէր «Հայաստանի բարի ոգին» եւ «ազգային յոյսերու ստեղծող հանճար»ը։

Այսօր կը նշենք հայ մտքի ու գրականութեան ալեհեր Նահապետին ծննդեան 197ամեակը եւ կը հաղորդուինք Հայու կենարար իր Հաւատքով՝

Մեր Տէրն ի երկնուց ծայրէն երբ իջաւ
Երկրիս հիման քարն յԱրարատ դրաւ,
Այն մեր Մասիսու երկնաձեւ սարէն
Աչեց ըզբոլոր՝ վերացաւ նորէն…





Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+