Յունական Կողմը Բացատրած Է Թրքական Նաւու Գնդակոծման Պատճառը -
Յունական Կողմը Բացատրած Է Թրքական Նաւու Գնդակոծման Պատճառը
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի եզերապահ ուժերը ստիպուած եղած են նախազգուշական կրակ բանալ, որպէսզի կանգնեցնեն թմրեցուցիչներ փոխադրելու մէջ կասկածուած թրքական նաւը:
«Ռոտոսի նաւահանգիստի իշխանութիւնները անանուն հաղորդագրութիւն մը ստացած են, թէ թրքական դրօշով «ԱՔԹ» բեռնատար նաւը կը պատրաստուի թմրեցուցիչ փոխադրելու: Անմիջապէս եզերապահ ուժերը գործի անցած են` «ԱՔԹ» նաւը յայտնաբերելով Ռոտոսէն 3,5 մղոն հեռաւորութեան վրայ` յունական տարածքային ջուրերուն մէջ», յայտնած են եզերապահ ուժերը:
Յունական կողմը պահանջած է, որ կասկածելի նաւը մուտք գործէ Ռոտոսի նաւահանգիստ` բեռը ստուգելու համար, երբ բեռնատար նաւը գտնուած է Եգէական ծովուն մէջ: Սակայն նաւավարը անտեսած է յոյներուն պահանջը, որմէ ետք վերջիններս կրակ բացած են նաւուն ուղղութեամբ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com