Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեռ­նող լե­զու­նե­րու շար­քին կը դա­սուի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

31 Ağustos 2016  

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեռ­նող լե­զու­նե­րու շար­քին կը դա­սուի -

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեռ­նող լե­զու­նե­րու շար­քին կը դա­սուի Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեռ­նող լե­զու­նե­րու շար­քին կը դա­սուի

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած ա­րեւմ-տա­հա­յե­րէ­նին տագ­նա­պը, ո­րուն տուն տուած էր ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ «ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեռ­նող լե­զու­նե­րու շար­քին կը դա­սուի», կը շա­րու­նա­կուի, ա­ռանց հիմ­նա­կան լու­ծում­նե­րու: Ե­թէ պահ մը նկա­տի առ­նենք ծախ­սուած հսկայ գու­մար­նե­րը այս հար­ցին հա­մար՝ հա­մա­գու­մար­նե­րու, խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու թէ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու, կրնանք պահ մը կե­նալ եւ մտա­ծել. ա­յո՛, մտա­ծել, ո­րով­հե­տեւ ըստ ար­դիւն­քին, ոչ մէկ ար­դա­րա­ցում կայ այս­քան հսկայ մսխում­նե­րու հա­մար:

Ի՞նչ ը­նել ու­րեմն:

Նախ այլ հիմ­նա­կան հարց մը ինք­զինք կը ներ­կա­յաց­նէ՝ ի­րա­պէ՞ս կա­րիք ու­նինք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պա­հե­լու:

Յան­կարծ ըն­թեր­ցո­ղը չկար­ծէ, թէ մենք ալ ջա­տա­գով ենք չեմ գի­տեր ի՛նչ այ­լօ­րի­նակ լու­ծում­նե­րու: Պար­զա­պէս կ՚ու­զենք մեր ներ­կա­յա­ցու­ցած հար­ցը իր բո­լոր ան­կիւն­նե­րով դի­տել, թէեւ ա­սի­կա ան­կիւն չու­նե­ցող հարց մըն է, ա­ւե­լի օ­ղակ մըն է, ո­րուն մէջ բան­տար­կը-ւած, չենք գի­տեր ի՛նչ ը­նենք դուրս ել­լե­լու հա­մար:

Ա­մե­րի­կա­հայ յար­գե­լի դա­սա­խօս մը կը պատ­մէր, թէ Northridge (California State University) հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րեք հա­զար հայ ու­սա­նող կայ:

Ե­րեք հա­զար ու­սա­նող­ներ, Հա­յաս­տա­նէն, Պարս­կաս­տա­նէն թէ ԱՄ­Ն-էն, թե­րեւս նաեւ Սփիւռ­քի այլ վայ­րե­րէ հոն հա­ւա­քուած, ո­րոնք կը խօ­սին, ըստ դա­սա­խօ­սին «hybrid հա­յե­րէն մը» եւ ո­րոնք կրնան թե­րեւս օր մը, ժա­մա­նա­կի թա­ւալ­քին հետ, ստեղ­ծել ա­պա­գա­յի հա­յե­րէ­նը, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հնչիւ­նա­յին ե­ռեակ հա­մա­կար­գով եւ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ, մինչ լե­զուն ինք կրնայ սին­թէ­զուիլ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին մի­ջեւ:

Այ­սօր սա­կայն այլ է խնդի­րը:

Մեր դպրոց­նե­րը այ­սօր, խոր­քին մէջ, հա­յե­րէն սոր­վեց­նե­լու հա­մար չեն այ­լեւս, այլ, հա­յե­րէ­նով ապ­րե­լու շրջա­պատ հայ­թայ­թե­լու մի­ջոց: Ե­թէ հա­յե­րէ­նը ոչ թէ ու­սու­ցա­նուե­լիք լե­զու դառ­նայ, այլ ապ­րե­լու ձեւ եւ մի­ջոց, մեր հար­ցե­րուն լու­ծու­մը կրնայ ո­րոշ չա­փով դիւ­րա­նալ:

Ա­տի­կա ը­նե­լու հա­մար ի՞նչ պէտք է:

Ֆին­լան­տա­յի մէջ տե­սած են, որ դպրո­ցէն դուրս պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ոչ մէկ ար­դիւնք կու տան, հե­տե­ւա­բար դա­սե­րէն ա­ւե­լի «զբօ­սանք»ի պա­հերն են գե­րիշ­խո­ղը ֆին­լան­տա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ: Ինչ որ որ­պէս փոր­ձար­կում սկսած էր, այ­սօր ար­դէն ու­սուց­ման ձե­ւի վե­րա­ծուած է եւ ֆին­լան­տա­կան կրթա­ձե­ւը դար­ձու­ցած աշ­խար­հի ա­մե­նէն ար­դիւ­նա­ւէ­տը, իսկ ֆին­լան­տա­կան դպրոց­նե­րը, ի­րենց ար­դիւն­քով, աշ­խար­հի լա­ւա­գոյ­նը:

Ա­սի­կա փորձ մըն է, որ­մէ կա­րե­լի է օգ­տուիլ, սկզբուն­քը յար­մա­րեց­նե­լով մեր պէտ­քե­րուն:

Կրնա՞յ ըլ­լալ որ հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րուն ու­սու­ցի­չը ա­շա­կերտ­նե­րը պար­տէզ տա­նի եւ խօ­սի ա­մէն բա­նի մա­սին որ կապ ու­նի բնու­թեան հետ: Այլ օր մը թան­գա­րան տա­նի, խօ­սի ի­րենց ա­րուես­տի եւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու մա­սին. յա­ջորդ ան­գամ կրնայ ծո­վե­զերք կամ գե­տե­զերք տա­նիլ եւ, այս­պէս…

Պայ­մա՞ն է որ հայ ա­շա­կեր­տը գիտ­նայ սահ­մա­նա­կան ե­ղա­նա­կի ան­ցեալ յա­րա­կա­տար ձե­ւը, երբ ա­մենէն պարզ, ա­ռօ­րեա­յի նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը կը դժուա­-րա­նայ կազ­մել, կը դժուա­րա­նայ յի­շել հա­յե­րէն նա­խա­րար, խորհր­դա­րան, ձեռ­նարկ, եր­գա­հան­դէս, թա­տրեր­գու­թիւն եւ նման բա­ռեր:

Կ՚ըն­դու­նիմ որ հա­յե­րէն բա­ռե­րը, ե­թէ բաղ­դա­տենք անգ­լե­րէն կամ ա­րա­բե­րէն բա­ռե­րուն, շատ եր­կար կը թուին, յա­ճախ չորս վան­կե­րէ կազ­մուած: Բայց փո­խա­նակ ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կեր­տին «լե­ղա­կա­գոյն»ը սոր­վեց­նենք, եւ մայ­րը գան­գա­տի.

-Վան­կե­րով կը սոր­վեց­նեմ՝ նախ եր­կու, ա­պա եր­կու վան­կեր, լե­ղա, կա­գոյն…

Կա­րե­լի է ծո­վե­զեր­քը կե­ցած խօ­սիլ կա­պոյ­տի ե­րանգ­նե­րուն մա­սին, թոյլ տա­լով որ ա­շա­կեր­տը ի՛նք տես­նէ կա­պոյտ­նե­րուն տար­բե­րու­թիւ­նը եւ հարց­նէ ա­նոնց մա­սին:

Ո­րով­հե­տեւ ա­շա­կեր­տին հա­մար շատ ա­ւե­լի դիւ­րին է յի­շել իր ը­րած հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը, քան՝ ու­սու­ցի­չին պատ­մած եւ թե­լադ­րած դա­սը:

Ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է խօ­սիլ, զրու­ցել ա­շա­կեր­տին հետ, քան ա­նոր քե­րա­կա­նա­կան օ­րէնք­ներ սոր­վեց­նել:

Բայց կար­ծես մե­զի հա­մար ար­դէն «հա­ճոյք»ի վե­րա­ծուած է հա­յե­րէ­նի վի­ճա­կէն ծնած ինք­նա­կե­ղե­քու­մը, ող­բը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին վե­րա­բե­րեալ, եւ ան­շուշտ՝ հա­մա­գու­մար­ներ, հա­մա­ժո­ղով­ներ եւ աշ­խա­տա­նոց­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու «ծանր աշ­խա­տան­քը»:

Այս­տեղ՝ հա­մա­գու­մար­նե­րու մա­սին քա­նի մը նկա­տում.

Հա­մա­գու­մար­նե­րը սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ էին «Սո­վե­տի օ­րով», միու­թեան տա­րած­քին, եւ ընդ­հան­րա­պէս զե­կու­ցո­ղա­կան բնոյթ կը կրէին՝ տե­սէք թէ ին­չե՜ր ը­րեր ենք, ինչ­պէ՛ս ը­րեր ենք եւ դեռ ին­չեր ու ին­չե՜ր պի­տի ը­նենք:

Հա­ւա­նա­բար բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ գի­տէին կեղ­ծի­քը, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին՝ չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը, բայց ու­րախ էին հա­ւա­նա­բար նախ հա­մա­գու­մա­րին «բա­րիք­նե­րը» վա­յե­լե­լով ու յե­տոյ, կրկին հա­ւա­նա­բար, տար­բեր բան չէին գի­տեր: Վստահ եմ որ գիտ­ցող­ներ կա­յին, սա­կայն ա­նոնք ալ այլ բա­նէ կը խու­սա­փէին, ո­րով­հե­տեւ «գիտ­նա­լը», բո­լո­րէն տար­բեր ըլ­լա­լը վտան­գա­ւոր կրնար ըլ­լալ, է՛ր, Սո­վե­տի մար­դուն հա­մար:

Սո­վե­տը գնա՜ց, հա­մա­գու­մար­նե­րը մնա­ցի՛ն: Վստահ չեմ որ սո­վետ­ներն էին հե­ղի­նակ­նե­րը հա­մա­գու­մար ե­րե­ւոյ­թին, որ ի­րենց օ­րե­րուն ծաղ­կում ապ­րեր էր:

Սփիւռ­քա­հայ պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն հա­մա­գու­մար կազ­մա­կեր­պե­լու ո՛չ մի­ջո­ցը ե­ղեր է, ոչ ալ կա­րի­քը: Միու­թիւն­նե­րը ո­գի ի բռին աշ­խա­տած են քիչ մը թե­թեւց­նե­լու հա­մար սփիւռ­քա­հայ մար­դուն մա­նա­ւանդ ա­ռա­ջին շրջա­նի ա­ռօ­րեան: Եւ աշ­խա­տած են ան­ծա­նու­ցում, ան­հա­տու­ցում, ա­ռանց ինք­նա­գո­վու­թեան:

Ա­ռա­ջի­նը, զոր կը յի­շեմ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Գրող­նե­րուն Ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մարն էր, Անդ­րա­նիկ Ծա­ռու­կեա­նի ա­ռա­ջար­կով եւ ծրագ­րու­մով: Ծա­ռու­կեան փոր­ձած էր ԲՈ­ԼՈՐ կող­մե­րու գրող­նե­րը նե­րառ­նել այս հա­մա­գու­մա­րին, բայց … ձա­խո­ղած էր որ­քան կը յի­շեմ: Եւ ինչ որ պէտք էր շա­րու­նա­կա­կան ըլ­լար, մնա­ցեր էր որբ ու միակ ձեռ­նարկ մը:

Ծա­ռու­կեա­նի այս փոր­ձը փորձ մըն էր նաեւ Սփիւռ­քի գրող­նե­րուն բեր­քը ի մի բե­րե­լու եւ որ­պէս միաս­նա­կան ե­րե­ւոյթ ներ­կա­յաց­նե­լու, մա­նա­ւանդ երբ ձանձ­րա­ցու­ցիչ յան­կեր­գի պէս կը կրկնուէր՝ «ա­ռանց հո­ղի մշա­կոյթ չ՚ըլ­լար» (այդ օ­րե­րուն հա­ւա­նա­բար տա­կա­ւին ձանձ­րա­ցու­ցիչ չէր):

Ծա­ռու­կեան ու­նե­ցեր էր ազ­նիւ մտա­հո­գու­թիւնն ու նպա­տա­կը հա­մա­գու­մա­րը գի­րին եւ գրա­կա­նու­թեան ծա­ռա­յեց­նե­լու: Եւ ձա­խո­ղեր էր, ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ, այդ օ­րե­րու կարգ մը գրող­ներ, այլ նպա­տակ­ներ ու­նե­ցեր էին:

Սո­վե­տի փլու­զու­մէն ետք հա­մա­գու­մար­նե­րը եր­կար շրջա­նի մը հա­մար դադ­րեր էին, թա­փով վերսկ­սե­լու՝ գրող­նե­րու, ճար­տա­րա­պետ­նե­րու, կրթա­կան մշակ­նե­րու եւ այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու հա­մար, տա­րե­կա­նէն անց­նե­լով եր­կա­մեա­յի եւ ա­ւե­լի եր­կար մի­ջոց­նե­րու հեր­թա­կա­նու­թեամբ:

Թէ­կուզ եր­կա­մեայ, հա­մա­գու­մար­նե­րու կա­պուած սկիզ­բէն ի վեր կրկնուող ե­րե­ւոյթ­նե­րը մեզ մտա­ծե­լու կը մղեն:

Ըլ­լա­լով սփիւռ­քա­հայ, լաւ գիտ­նա­լով մի­ջոց­նե­րու սղու­թիւնն ու զա­նոնք հայ­թայ­թե­լու դժուա­րու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ երբ չկայ պե­տու­թիւն որ ա՛յդ բա­ժի­նը գո­նէ հո­գայ, կը դի­տենք մի­ջոց­նե­րու մսխու­մը եւ կ՚ափ­սո­սանք: Եւ չենք կրնար չմտա­ծել՝ ին­չե՜ր կրնա­յինք ը­նել, դպրոց, ծե­րա­նոց, պատս­պա­րան, ա­կումբ­ներ… հա­զար ծակ կը գո­ցէինք (ինչ­պէս կը սի­րեն ը­սել հա­լէպ­ցիք):

Միւս կող­մէ, կը դի­տենք մաս­նակ­ցող­նե­րը՝ մեծ մա­սը ներ­քին սփիւռ­քի մէջ ծա­ռա­յած տա­րեց­ներ, ո­րոնք ի՜նչ հա­ճոյք կը զգան այս­տեղ, այս քա­նի մը օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, ի­րենց տա­րի­նե­րու ծանր աշ­խա­տան­քը վար­ձատ­րուած տես­նե­լով գո­նէ ան­գամ մը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին ու վեր սա­կայն զիս ի­րա­պէ՛ս կը մտա­հո­գէ այն, թէ իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­կից ի՞նչ կը ստա­նայ այս քա­նի մը օ­րե­րուն վրայ եր­կա­րող զրոյց­նե­րէն եւ ի՞նչ կը տա­նի իր հետ:

Տա­կա­ւին կայ այլ ե­րե­ւոյթ մը, որ կրնայ եր­բեմն նաեւ «վտան­գա­ւոր» ըլ­լալ. շա­տեր կու գան նա­խա­պէս, քու­լիս­նե­րու ե­տին կազ­մուած ծրա­գիր-ո­րո­շում­նե­րով եւ կը փոր­ձեն զա­նոնք «ան­ցը­նել», այ­սինքն ո­րո­շու­մէ կի­րար­կու­մի անց­նիլ, յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լով եր­բեմն:

Օ­րի­նակ՝ Սփիւռ­քի թէ ներ­քին սփիւռ­քի (ռու­սա­կան տա­րած­քի) եր­կիր­նե­րուն մէջ հա­յե­րէ­նի եւ գրա­կա­նու­թեան միա­ցեալ քննու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու ծրա­գի­րը, որ սկիզ­բը սուր­ճի դա­դա­րին «ի մի­ջի այ­լոց» բնոյ­թով սե­ղա­նին դրուե­ցաւ, բայց յե­տոյ յա­մա­ռօ­րէն հե­տապն­դուե­ցաւ ամ­բողջ հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին (կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած կրթա­կան 7-րդ խորհր­դա­ժո­ղով, Աղ­վե­րան, 1-5 Օ­գոս­տոս, 2016):

Այս ծրա­գի­րը, ան­կախ իր ու­նե­ցած բա­ցա­յայտ դժուա­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք կրնան նոյ­նիսկ «ան­կա­րե­լի» ո­րա­կուիլ, ինչ­պէս ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը սփիւռք­նե­րու տար­բեր գա­ղութ­նե­րուն մէջ, պե­տա­կան ծրա­գիր­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու պար­տադ­րան­քը, որ քիչ ժա­մա­նակ կը ձգէ հա­յե­րէ­նին, տար­բեր գա­ղութ­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն այն­քան տար­բե­րուող մա­կար­դակ­նե­րը լե­զուի ի­մա­ցու­թեան մէջ, որ ան­կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ մէկ եւ միաս­նա­կան քննու­թեան գա­ղա­փա­րը, ու­նի այլ նկա­տա­ռե­լի կէտ մը՝ Սփիւռ­քի դպրոց­նե­րը դնել Հայաստանի Հանրապետութեան պե­տա­կան այ­րե­րու «տի­րա­պե­տու­թեան» տակ: Ա­սի­կա պար­զօ­րէն ա­նար­դիւնք քայլ մըն է, ո­րով­հե­տեւ գո­նէ Սփիւռ­քի մէջ (ներ­քին սփիւռ­քը նկա­տի չեմ առ­ներ այս­տեղ), կա­րե­լի չէ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մի հար­ցե­րուն լու­ծու­մը Հա­յաս­տա­նէն սպա­սել: Այն­քան տար­բեր է Սփիւռ­քի դպրոց­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը, որ միա՛յն սփիւռ­քա­հա­յը կրնայ չա­փել հար­ցե­րուն խո­րու­թիւնն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը, եւ ըստ այդմ լու­ծում­ներ գտնել:

Այս հանգ­րուա­նին կա­րե­լի է նոյ­նիսկ դե­րե­րը փո­խե­լով Հա­յաս­տա­նէն խնդրել, որ «պե­տու­թիւ­նը ինք հո­գայ նիւ­թա­կա­նը, իսկ մենք կը լու­ծենք մեր հար­ցե­րը». յստակ է ակ­նար­կու­թիւնս:

Հա­մա­գու­մար­նե­րու ա­մե­նէն խո­ցե­լի կէ­տը, կը կար­ծեմ, առ­նուած ո­րո­շում­նե­րուն հե­տապն­դումն է կամ՝ չ-­հե­տապն­դու­մը. ո­րով­հե­տեւ ո­րո­շում­նե­րը կ՚առ­նուին եւ հոն՝ հա­մա­գու­մա­րի սե­ղան­նե­րուն վրայ ալ կը մնան, ջու­րի պա­րապ շի­շե­րուն եւ բաժ­նուած ծա­նու­ցում­նե­րուն հետ: Ի՞նչ է ա­սոր պատ­ճա­ռը:

Եր­կու հա­մա­գու­մա­րի փո­խա­րէն մէ­կը ը­նել եւ երկ­րոր­դին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ծախ­սել ա­ռա­ջի­նին ո­րո­շում­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար:

Լու­ծում­ներ չէ որ կ՚ա­ռա­ջար­կեմ, պար­զա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին կա­պուած կարգ մը ան­տե­սուած հար­ցեր կը փոր­ձեմ մէջ­տեղ դնել, թէեւ գի­տեմ նաեւ, որ այս յօ­դուածն ալ գրե­լու փո­խա­րէն կրնա­յի… ամ­բողջ դա­սա­րան մը թան­գա­րան տա­նի­լ…

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+