Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը Կը Մերժէ Հաստատել, Որ Եւրոպական Միութեան Եւ Հայաստանի Միջեւ Առանց -
Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը Կը Մերժէ Հաստատել, Որ Եւրոպական Միութեան Եւ Հայաստանի Միջեւ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը Պիտի Ներդրուի Մինչեւ 2029
Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Փաուլա Փինիոն մերժած է հաստատել, որ Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը պիտի ներդրուի մինչեւ 2029 թուական: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
«Չափազանց կանուխ է կանխատեսելու, թէ արդեօք 2029 թուականը կամ մէկ այլ թուական պիտի ըլլայ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման պահը: Ես կ՛ըսէի, թէ այդպէս ալ է, տակաւին շատ կանուխ է նման ճշգրտութեան համար», Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Փաուլա Փինիոն:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ մինչեւ 2029 թուական Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացումը կ՛ակնկալէ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com