Լաւրով. «Ռուսիան Գերմանիոյ Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարքի Դէպքին Համար Ամբաստանելը Իսկական Պատերազմի Սկ -
Լաւրով. «Ռուսիան Գերմանիոյ Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարքի Դէպքին Համար Ամբաստանելը Իսկական Պատերազմի Սկիզբ Է»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Արեւմուտքի Գերմանիոյ Լայփցիկ օդակայանին մէջ անօդաչու թռչող սարքի դէպքի մեղսակցութեան համար Մոսկուային ուղղած ամբաստանութիւնը «ընդհանուր առմամբ, իսկական պատերազմի սկիզբ է»:
Լաւրով Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերցին ակնարկելով ըսաւ. «Մերցի Գերմանիան Եւրոպայի մէջ անգամ մը եւս առաջնակարգ զինուորական ուժը դարձնելու վերաբերեալ այս բոլոր խօսքերը գետնի վրայ կը կիրարկուին: Ատիկա, գործնականին մէջ, մեր դէմ պատերազմի յայտարարութիւն է»:
Գերմանական կառավարութիւնը 1 սեպտեմբերին եզրակացուցած էր, թէ Ռուսիան պատասխանատու է անցեալ ամիս Լայփցիկ-Հալէ օդակայանի անօդաչու թռչող սարքով թիրախաւորման փորձին համար, եւ հրամայեց ատոր հակադարձելու համար որդեգրել շարք մը քայլեր, որոնց շարքին` Պերլինի մէջ ռուսական մշակութային կեդրոնի փակումը:
Ռուսիան մերժեց գերմանական մեղադրանքները եւ զանոնք նկատեց անհիմն` Պերլինը ամբաստանելով Ռուսիան դէպքին մեղսակից դարձնելու համար կեղծ փաստեր հնարելու յանցանքով:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com