Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ու 6 Եպիսկոպոսներու Գործով Դատախազը «Իր Դիմումի Համաձայն Ազատ Արձակուած -
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ու 6 Եպիսկոպոսներու Գործով Դատախազը «Իր Դիմումի Համաձայն Ազատ Արձակուած Է Աշխատանքէն»
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ու 6 եպիսկոպոսներու գործով դատախազ Խաչատուր Գալստեան «իր դիմումի համաձայն ազատ արձակուած է աշխատանքէն»:
Այս գործով քրէական հետապնդումը իրականացուցած եւ մեղադրական եզրակացութեամբ գործը դատարան ուղարկած էր նոյնինքն տուեալ դատախազը:
Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին նշեցին, որ աշխատանքէ ազատումը որեւէ կապ չունի դատական գործին հետ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականները կը մեղադրուին դատական վճիռը չկատարելու համար: Վեհափառը պաշտօնանկ ըրած էր Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Սարոյեանը, իսկ դատարանը պարտաւորեցուցած էր վերականգնել հոգեւորականը իր պաշտօնին մէջ: Մայր Աթոռը, սակայն, չվերականգնեց ու կարգալոյծ ըրաւ զայն` յայտարարելով, որ այս հարցերը դատարանի տիրոյթին մէջ չեն, ասիկա միջամտութիւն է եկեղեցւոյ ինքնավարութեան մէջ:
Այս գործով Արմաւիրի դատաւորներէն Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ յայտնած էր, գործը մակագրուած էր դատաւոր Սերժ Ռուշանեանին, ան ալ գործը Երեւան ուղարկեց: Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեանն ալ դիմած էր Վճռաբեկ դատարան` վարոյթի տարածքային ընդդատութեան հարցը վճռելու համար:
Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատը յառաջիկայ հինգ օրերուն պիտի որոշէ` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ վեց եպիսկոպոսներու քրէական գործը Երեւանի՞, թէ՞ Էջմիածինի մէջ պիտի քննուի:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com