Մեր վաստակաշատ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի մահուան առաջին տարելիցը -
Մեր վաստակաշատ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի մահուան առաջին տարելիցը
Տարելիցները տարօրինակ սահմանագիծեր են։
Մինչեւ այդ թուականը՝ կորուստը տակաւին շատ մօտ է, յիշողութիւնները՝ շատ թարմ, իսկ զգացումները՝ այնքա՜ն զօրաւոր, որ յաճախ չեն արտօներ լուսարձակի տակ առնել մեկնողի կեանքն ու վաստակը։ Ժամանակի կը կարօտի, որպէսզի ցաւի անմիջականութիւնը քիչ մը նահանջէ եւ անոր ետեւէն աւելի յստակ երեւի հեռացողը՝ իր ամբողջական կերպարով։
ՄԱՐՄԱՐԱի երկարամեայ խմբագրապետ, հանգուցեալ Ռոպէր Հատտէճեանի մահէն տարի մը յետոյ մենք այսօր այդ սահմանագծին առջեւ ենք։
Այս մէկ տարին ոչի՛նչ պակսեցուց իր կորուստին ծանրութենէն, բայց շատ բան աւելցուց մեր գիտակցութեան վրայ։
Եւ թերեւս առաջին տարելիցը ճիշդ առիթ է զինք վերստին «բացայայտելու»։ Վերստին «ճանչնալու» ո՛չ միայն այն Ռոպէր Հատտէճեանը, որուն անունը անբաժան դարձաւ ՄԱՐՄԱՐԱէն, ո՛չ միայն բազմավաստակ գրողը, հրապարակախօսն ու խմբագրապետը, այլ այն մարդը, որ իր գրեթէ հարիւրամեայ կեանքի ընթացքին իր շուրջ ստեղծեց մտածելու, աշխատելու, հայերէնը սիրելու եւ շրջապատը արժեւորելու իւրօրինակ մշակոյթ մը։
Մե՛նք այդ մշակոյթին մէջ ապրեցանք։
Եւ տարի մը յետոյ, թերեւս առաջին անգամ այսքան յստակ կը տեսնենք անոր ամբողջ տարողութիւնը։
Անցնող մէկ տարին մեզի համար սուգի շարունակութիւն մը չեղաւ միայն։ Եղաւ նաեւ նոր տեսակի հանդիպում մը՝ իրեն հետ։
Ամէն օր քիչ մը աւելի հասկցանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ տասնամեակներ շարունակ մարդու մը հետ նոյն երդիքին տակ աշխատիլ եւ, անոր մեկնումէն ետք, շարունակել գործել իր ստեղծած բարոյական մթնոլորտին մէջ։
Այսօր, թերեւս այլեւս ժամանակն է Ռոպէր Հատտէճեանը չդիտելու միայն մեր կորսնցուցած մեծ խմբագրապետին պատկերին մէջ։ Ան շա՜տ աւելին էր, եւ իր մեծութիւնն ալ ճիշդ այդ ամբողջութեան մէջ էր։
Ծնած՝ 26 Յունուար 1926ին, ան գրեթէ ամբողջ դար մը անցուց այս աշխարհին վրայ։ Բայց հարիւրամեակի սահմանին հասնիլը ինքնին չէ, որ իր կեանքը բացառիկ կը դարձնէ։ Բացառիկը այդ տարիներու խտութիւնն էր։ Ռ. Հատտէճեան իր կեանքի ժամանակը պարզապէս չապրեցաւ։ Զայն աշխատանքի վերածեց։ Գիրի։ Մտածումի։ Ստեղծագործութեան։ Պատասխանատուութեան։ Կարծես իրեն տրուած իւրաքանչիւր օրը ըլլար պարտք մը, որ պէտք է հատուցուէր նոր էջով մը։
Գրեց վէպ, պատմուածք, թատերգութիւն, օրագրութիւն, գրական ուսումնասիրութիւն, հրապարակագրութիւն։ Թարգմանեց։ Վերլուծեց։ Բանավիճեց։ Բայց այդ հսկայական աշխատանքի ետին ունեցաւ շատ աւելի հիմնական բան մը. գրելու ներքին անհրաժեշտութիւնը։ Ռ. Հատտէճեան չէր գրեր միայն որովհետեւ գրող էր։ Կը գրէր, որովհետեւ ա՛յդ էր աշխարհին հետ իր յարաբերութեան եղանակը։ Ահա թէ ինչո՛ւ իր «Յուշատետր»երը օրագիր ըլլալէ շատ աւելին դարձան, ահա թէ ինչո՛ւ թերեւս ճիշդ այդ պատճառով մարդիկ կարդացին զինք։
Բայց գրող Հատտէճեանի կողքին կար խմբագիր Հատտէճեանը։ Եւ այստեղ է, որ իր կենսագրութիւնը կը դադրի միայն անձնական յաջողութեան պատմութիւն ըլլալէ ու կը վերածուի հաստատութեան մը պատմութեան։
Տասնամեակներ շարունակ «Մարմարա»ն իրեն համար լոկ աշխատավայր մը չեղաւ. անոր հետ իր յարաբերութիւնը տասնամեակներ առաջ իսկ պաշտօնի եւ պարտականութեան սահմաններէն անդին անցած էր։ Թերթը դարձած էր իր օրուան բնական շարունակութիւնը, իսկ խմբագրութիւնը՝ այն վայրը, ուր արտաքին աշխարհին աղմուկը պէտք է ամէն օր վերածուէր հայերէն խօսքի։
Ռ. Հատտէճեան շատ լաւ գիտէր, որ փոքրամասնութեան մը թերթը միայն լուր հաղորդող միջոց չէ։ Ան նաեւ յիշողութեան պահեստ է։ Լեզուի տուն է։ Հանդիպման վայր է։ Համայնքի մը հայելին է։ Երբեմն՝ անոր խիղճն ու դէմքը։ Ուստի խմբագրել իրեն համար միայն սխալ սրբագրել չէր։ Մարդ պատրաստել էր։ Գրութիւն մը սրբագրելէ աւելի՝ գրող մը քաջալերել էր։ Նոր անունի մը առջեւ դուռ բանալ էր։ Ուրիշի յաջողութեամբ ուրախանալ էր։ Իր իսկ սիւնակին մէջ ուրիշ գրողի մը գործը արժեւորել էր։ Իր հեղինակութեան ստուերին տակ մարդ պահելու փոխարէն՝ ուրիշին համար լոյս ստեղծել էր։ Մեր խմբագրապետը այդ տեղը տուաւ շատերու։
Իսկ հրապարակախօս Հատտէճեան ուրիշ պատասխանատուութիւն մը ստանձնած էր։ Ան չէր գոհանար դէպք մը արձանագրելով։ Կը փորձէր հասկնալ, թէ դէպքին ետին ի՛նչ մարդ կայ, ի՛նչ հոգեբանութիւն, ի՛նչ վտանգ կամ ի՛նչ բարոյական հարց։ Իրեն համար հրապարակագրութիւնը օրուան հետ սպառող գրութիւն չէր։
Կրնար քննադատել, բայց չէր սիրեր վիրաւորել։
Կրնար չհամաձայնիլ, բայց չէր նսեմացներ դիմացինի արժանապատուութիւնը։
Այսօր, երբ հանրային խօսքը այնքան դիւրութեամբ կը վերածուի աղմուկի, այդ չափաւորութիւնը թերեւս իր թողած ամենէն արդիական դասերէն մէկն է։
Եւ այս բոլոր կերպարներուն ետին կար Ռոպէր Հատտէճեան մարդը։
Զգայուն, երբեմն անսպասելիօրէն փխրուն, ուրիշին ցաւով անհանգստացող, գեղեցիկ խօսքէ ուրախացող, բարեկամութիւնը արժեւորող մարդ մը։ Մարդ, որ կրնար աշխարհի մեծ խնդիրներուն մասին էջեր գրել, բայց նոյնքան կարեւոր նկատել մարդկային փոքր վարմունք մը։
Ու կար նաեւ… հայրը։
Հատտէճեանի աշխարհին մէջ ընտանիքը պատահական մանրամասնութիւն չէր։ Ընտանիքը ապահովութիւն էր, շարունակութիւն, «քով քովի» մնալու գաղափար…։
Այստեղ է, սակայն, որ այսօր՝ մէկ տարուան հեռաւորութենէն, մենք ուրիշ բան մըն ալ կը հասկնանք…։ Ռոպէր Հատտէճեան իր իմաստութեամբ մեզ պատրաստեց նաեւ իր բացակայութեան։
Քովիտէն առաջ սկսած էր կամաց-կամաց նուազեցնել խմբագրատուն գալու օրերը։ Նախ շաբաթը մէկ կամ երկու օր կը բացակայէր։ Յետոյ բացակայութիւնները շատցան, իսկ ներկայութեան օրերը՝ պակսեցան։ Ժամանակ մը եկաւ, երբ շաբաթուան մէջ մէկ-երկու անգամ միայն կու գար։ Իսկ կեանքի վերջին երկու-երեք տարիներուն այլեւս բնաւ չեկաւ խմբագրատուն։
Այդ օրերուն մենք պարզապէս իր տարիքը կը տեսնէինք։
Ա՛յսօր անոր ետին իմաստութիւն մը կը տեսնենք։
Մարդ մը, որ շուրջ վեց տասնամեակ իր ներկայութեամբ լեցուցած էր խմբագրատունը, կարծես զգուշութեամբ սկսած էր ետ քաշուիլ՝ ո՛չ թէ գործէն հրաժարելու, այլ գործը իրմէ անկախ ապրելու վարժեցնելու համար։
Սկիզբը մեզ վարժեցուց մէկ օր առանց իրեն աշխատելու։
Ապա՝ քանի մը օր։
Յետոյ՝ ամբողջ շաբաթ մը։
Եւ վերջապէս՝ շարունակելու, երբ ինք այլեւս պիտի չբանար խմբագրատան դուռը։
Ինչպիսի՜ հազուագիւտ իմաստութիւն։
Շատեր ամբողջ կեանք մը կը կառուցեն իրենց շուրջ եւ իրենց մեկնումով իրենց կառուցածն ալ կը տանին իրենց հետ։ Մեր խմբագրապետը, ընդհակառակը, իր երկար կեանքի վերջալոյսին կարծես կամաց-կամաց անջատեց իր անձը իր ստեղծած «աշխարհ»էն, որպէսզի այդ «աշխարհ»ը շարունակէ շնչել։
Մեզի չսորվեցուց միայն թերթ պատրաստել։
Սորվեցուց առանց իրե՛ն ալ թերթ պատրաստել։
***
Այսօր կը հասկնանք, թէ որքա՜ն մեծ տարբերութիւն կայ այս երկուքին միջեւ։ Ահա թէ ինչու իր մահէն մէկ տարի ետք չենք կրնար ըսել, թէ Ռոպէր Հատտէճեան պարզապէս չկայ։
Չկայ իր քայլերուն ձայնը։
Չկայ իր աթոռին վրայ նստած ծանօթ կերպարանքը։
Չկայ խմբագրատան մէջ իր ֆիզիքական ներկայութիւնը։
Բայց կայ ուրիշ բան մը, որ թերեւս աւելի դժուար է սահմանել։
Կայ այն ներքին հարցումը, զոր երբեմն աշխատանքի ընթացքին անգիտակցաբար կու տանք մենք մեզի՝ «Պարոն Ռոպէրը ասոր ի՞նչ պիտի ըսէր»։
Այդ հարցումը Ի՛Ր ներկայութիւնն է։
Երբ բառ մը կը կշռենք՝ ներկայ է։
Երբ լուրի մը արդարութիւնը կը քննենք՝ ներկայ է։
Երբ կը մտածենք, թէ պէ՞տք է այսինչ երիտասարդին տեղ տալ մեր էջերուն մէջ՝ ներկայ է։
Երբ կը պաշտպանենք հայերէն նախադասութեան մը բնական շունչը՝ ներկայ է։
Երբ առաւօտուն թերթը դարձեալ լոյս կը տեսնէ՝ ներկայ է։
Որովհետեւ մարդու մը իրական ժառանգութիւնը իր ետին թողած առարկաները չեն։ Նոյնիսկ իր գիրքերը չեն միայն։ Իրական ժառանգութիւնը այն չափանիշն է, զոր կը շարունակեն կիրարկել իրմէ ետք եկողները՝ երբ ինք այլեւս հոն չէ։
ՎԱՐՊԵՏը այդպիսի չափանիշ մը թողուց։
Եւ թողուց ուրիշ մեծ մտահոգութիւն մը՝ հայերէնը։
Հայերէնը իրեն համար տուն էր։
Այս մտածողութեամբ ապրեցաւ Հատտէճեան։ Թերեւս այդ պատճառով իր գրականութեան մէջ «առաստաղ»ը այնքա՜ն խորունկ խորհրդանիշ դարձաւ։
Մարդիկ պէտք ունին առաստաղի մը՝ իրենց գլխուն վերեւ։ Ժողովուրդներն ալ։
Այդ առաստաղը լեզուն է, մշակոյթը, յիշողութիւնը, մամուլը, դպրոցը, եկեղեցին, ընտանիքը։
Բայց առաստաղը ինքնիրեն կանգուն չի մնար։
Զայն պահող ուսեր պէտք են։
Ռոպէր Հատտէճեան իր ամբողջ կեանքով այդ ուսերէն մէկը եղաւ, բայց այսօր այլեւս այդ ուսը ֆիզիքապէս չկայ։
Ուրեմն ծանրութիւնը քիչ մը աւելի ինկած է մեր ուսերուն վրայ։ Հաւանաբար տարելիցի մը ամենաճիշդ իմաստն ալ ա՛յդ է։ Ոչ միայն ծաղիկ դնել յիշատակին առջեւ։ Ոչ միայն ըսել, թէ որքան կը կարօտնանք զինք, այլ հարցնել թէ ի՞նչ ըրինք մեզի վստահուած բաժինը պահելու համար։
Հատտէճեանի յիշատակը պահպանելու լաւագոյն եղանակը Հատտէճեանի մասին անվերջ խօսիլը չէ։
Իր պաշտպանածը պաշտպանելն է։
Իր սիրած լեզուն գործածելն է։
Իր պահած թերթը ապրեցնելն է։
Նոր գրիչներուն տեղ տալն է։
Մարդուն արժանապատուութիւնը յարգելն է։
Եւ ամէն օր, հակառակ դժուարութիւններուն, դարձեալ հայերէն էջ մը հասցնելն է հայ ընթերցողին։
***
Տարի մը առաջ Ռոպէր Հատտէճեան փակեց իր կեանքի գրեթէ հարիւրամեայ հատորը։
Բայց ան վերջակէտ մը չդրաւ։
Այդ կէտը դնելու իրաւունքն ալ, բարեբախտաբար, ո՛չ ոքի ձգեց։
Իր պատմութիւնը այսօր կը շարունակուի իր գիրքերուն, իր ընտանիքի, իր ընթերցողներուն յիշողութեան եւ, ամէնէն շօշափելի կերպով, ՄԱՐՄԱՐԱի իւրաքանչիւր նոր թիւին մէջ։
Մէկ տարի է՝ իր աթոռը թափուր է, սակայն տարօրինակօրէն՝ տեղը թափուր չէ, որովհետեւ մեծ մարդոց բացակայութիւնը երբեմն ներկայութեան ամենէն խորունկ ձեւն է։
Եւ մենք արդէն մէկ տարի է կ’աշխատինք՝ Ռոպէր Հատտէճեանի բարոյական ներկայութեան ներքեւ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com