Նորին Ամենապատուութիւնը Անդրադարձաւ Համայնքային Օրակարգի Կարեւոր Հարցերուն Եւ Իր Տեսակէտները Ներկայ -
Նորին Ամենապատուութիւնը Անդրադարձաւ Համայնքային Օրակարգի Կարեւոր Հարցերուն Եւ Իր Տեսակէտները Ներկայացուց
«Հայաստանի Վարչապետի այցելութեան մէջ արարողակարգային սխալներ կային – մենք մեր լուռ բողոքը արտայայտեցինք»
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ, 3 Յուլիսի յետմիջօրէի ժամերուն Պատրիարքարանի հովանիի տակ ասուլիս մը սարքեց Պոլսահայ մամլոյ եւ «Լոյս» հեռատեսիլի կայանի ներկայացուցիչներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Ամենապատուութիւնը երկու շաբաթ կը բացակայէր Աթոռէն, հետեւաբար մամլոյ ծառայողներուն հետ հանդիպումը անհրաժեշտութիւն էր՝ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմեր տրուած այցելութեան արդիւնքները արժեւորելու եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը հետաքրքրող օրակարգային զանազան նիւթերը մեկնաբանելու տեսակէտէ։
Այս ասուլիսին «ՄԱՐՄԱՐԱ»ն կը ներկայացնէր թերթիս հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան։ Միւս մասնակիցներն էին «Ժամանակ»էն՝ Արա Գօչունեան եւ Մկրտիչ Արծիւեան, «Ակօս»էն Եդուարդ Տանձիկեան եւ Իշխան Էրտինչ, «Փարոս» ամսագրէն Մայտա Սարիս եւ «Լոյս» կայանէն՝ Պելինտա Գուրան եւ Այգ Կիւլէզեան։
Պատրիարք Հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ դէպի Ամերիկա իր այցելութեան, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Իսթանպուլ կատարած այցելութեան եւ համայնքին առջեւ ցցուած կարեւոր մարտահրաւէրներուն։ Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
* Ամերիկայի ճամբորդութիւնը եւ հանդիպումներ ամերիկահայ համայնքի հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ անդրադարձաւ Ամերիկայի ճամբորդութեան, յայտնելով թէ Ամերիկայի մէջ, մանաւանդ իսթանպուլահայերու կողմէ ջերմ ընդունելութիւն գտած էր։ Շեշտեց, որ Ամերիկան սփիւռքի գլխաւոր կեդրոնն է, ուր 1.5 միլիոն հայ կ’ապրի, սակայն հոն ալ «ներքին սփիւռք» մը կայ, որովհետեւ մարդիկ ցրուած են զանազան նահանգներու մէջ եւ ձուլման վտանգ կը դիմագրաւեն։ «Լոս Անճէլըսի եւ Գալիֆորնիոյ մէջ նոր եկեղեցիներ ու դպրոցներ կը բացուին։ Թեմակալ Առաջնորդները՝ Յովնան եւ Մեսրոպ Սրբազաններ, գործունեայ աշխատանք կը տանին իրենց հօտը կանգուն պահելու ուղղութեամբ։ Եթէ մենք հոս կը պակսինք, Ամերիկայի մէջ պարագան տարբեր է, հոն համայնքի թիւը կ’աւելնայ։ Հոսկէ «շոգիացած»ները հոն տեսանք։ Նախկին իսթանպուլահայերը շատ լաւ դիմաւորեցին, կարգադիր յանձնախումբեր կազմելով եւ արդիւնաւէտ յայտագիր մը պատրաստելով մեծարեցին զիս», նշեց Պատրիարք Հայրը։
* Հայաստանի Վարչապետ Փաշինեանի այցը՝ առանց պատշաճ արարողակարգի։
Ասուլիսի առանցքային հարցը Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Իսթանպուլ այցելութիւնն էր եւ Պատրիարքարանի դիրքորոշումը։
Ծանօթ է որ համայնքային հասարակական կարծիքը փոթորկած էր Պատրիարքարանի կողմէ ցուցաբերուած դիրքորոշման հետեւանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը քննադատեց արարողակարգային բացթողումները։ Ընդգծեց, որ Հայաստանի Վարչապետի այցը տեղի ունեցաւ առանց պատշաճ արարողակարգի եւ առանց Պատրիարքարանի ներգրաւման. «Մենք պատահաբար իմացանք անոր այցելութեան մասին, տեղեկացանք ընդամէնը երկու օր առաջ։ Ո՛չ պաշտօնական ծանուցում եղաւ, ո՛չ ալ սկզբնական հաղորդակցութիւն։ Փոխանակ մեզի դիմելու՝ Նիկոլ Փաշինեան անմիջապէս կապ հաստատեց համայնքային այլ կառոյցներու հետ։ Անընդունելի կը նկատենք 564ամեայ Պատրիարքական Աթոռի նկատմամբ այսպիսի մօտեցում մը», նշեց Պատրիարք Հայրը։
«Մենք, որպէս Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, վիրաւորուեցանք Նիկոլ Փաշինեանի այցելութենէն։ Մեզ պէտք չէ անտեսէին, եւ պարոն Նայիրին չէ, որ պէտք է զանգահարէր եկեղեցւոյ ղեկավարներուն։ (Նկատի ունէր Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ ՀՀ մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը)։ Պատրիարքարանին դուռը բաց էր, Վարչապետը ներս մտաւ ու ծաղիկներ զետեղեց Կոմիտասի արձանին առջեւ։ Ատիկա խորհրդանշական «ժեսթ» մըն էր, սակայն այցելութիւնը՝ առանց հոգեւորականներու մասնակցութեան, կանխամտածուած քայլ էր։ Պատրիարքարանի դռները բաց էին, բայց անոնք մտադիր չէին ներս մտնելու։ Այցելութիւնը, առանց հոգեւորականի՝ պատահականութիւն մը չէր», ընդգծեց մեր Հոգեւոր Պետը։
* Եթէ հոս ըլլայի՝ զայն կ’ընդունէի։
Այցելութեան օրը Ամերիկա կը գտնուէի նախապէս ծրագրուած ուղեւորութեամբ մը։ Եթէ հոս ըլլայի՝ սիրով կ’ընդունէի վարչապետ Փաշինեանը եւ իմ մտահոգութիւնները կը ներկայացնէի։ Այն ինչ տեղի ունեցաւ՝ վիրաւորեց մեզ։ Ամբողջ պատրիարքարանը զգաց այդ ցաւը։
* Եկեղեցւոյ դերը Սփիւռքի կեանքին մէջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնայատուկ շեշտեց, որ եկեղեցին միակ ուժն է, որ սփիւռքը կը միաւորէ։ Մտահոգութեամբ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ դէմ կիրարկուած ճնշումներուն մասին։ «Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ժամանակաւոր քաղաքական գործիչներէն վեր է։ Ցաւալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ նսեմացնել եկեղեցւոյ դերը հասարակութեան մէջ։ Ժողովուրդին հաւատարմութիւնը եկեղեցւոյ նկատմամբ ձեւաւորուած է տարիներու նուիրումով»։
* Համայնքի կորուստները։
Պատրիարքը նաեւ յիշատակեց վերջերս մահացած համայնքի արժանաւոր անդամներ Տիգրան Կիւլմէզկիլը եւ Մելիքճան Զամանը. «Մեզի համար անփոխարինելի կորուստներ են։ Դժուար է փոխարինողներ գտնել։ Անոնց յիշատակը միշտ պիտի մնայ մեր աղօթքներուն մէջ», ըսաւ Պատրիարք Սրբազանը։
* Դպրոցներու խնդիրը. դպրոցները միացնելը՝ անհրաժեշտութիւն է։
Պատրիարքը, բացի օրակարգի այս հարցերէն, անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայի ընելիքներուն։ Պատմեց որ ամառնային եղանակը Գնալըի մէջ պիտի անցընէ եւ աշխատութիւնները պիտի կեդրոնանան Գնալըի մէջ հայ կեանքը «արթուն» պահելու հրամայականին վրայ։ Անդրադարձաւ դպրոցներու հարցին, յատկապէս շեշտելով որ այս տարի այլեւս անկարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ դպրոցները միացնելու հրամայականէն, որովհետեւ 2500 աշակերտի համար «17 դպրոց բաց պահելը ճիշդ որոշում մը չէ։ Նիւթական բոլոր գումարները միայն այս նպատակի վրայ կը կեդրոնանան, չթողլով որ այլ ուղղութիւններով ալ ծրագիրներ մշակուին, մինչդեռ բազում ընելիքներ կան», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։
* Խաղաղութեան կոչ։
Ասուլիսը եզրափակուեցաւ հաշտութեան եւ յոյսի կոչով. «Մենք մշտապէս խաղաղութիւն ուզած ենք հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համար եւ աղօթած՝ որ այս իրավիճակը լուծուի։ Բայց կան մարդիկ, որոնք չեն ուզեր հրաժարիլ անցեալի հակամարտութիւններէն։ Անոնք լուծման բացակայութիւնը կը նկատեն որպէս լուծում։ Մենք յոյսով կ’ապրինք։ Կը հաւատանք թէ Աստուծոյ օգնութեամբ այս իրադրութիւնը պիտի լուծուի», եզրակացուց Նորին Ամենապատուութիւնը։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com