Արի Հատտէճեանի Հարցումները -
Արի Հատտէճեանի Հարցումները
Մեր հրատարակութեան տնօրէնը շեշտեց թէ գոհունակութեամբ ողջունած էին Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու մէջ Պատրիարք Հօր նկատմամբ ցուցաբերուած տաքուկ եւ սիրալիր ընդունելութիւնը։ «Որքան որ կը յիշեմ վերջին անգամ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքն է որ 26 տարի առաջ Ամերիկա այցելած էր, ուրախ ենք որ ամերիկահայութիւնը արժանի ընդունելութիւնը ցուցաբերեց։ Առիթը յարմար նկատելով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Յարութիւն Հայր Սուրբին, որ օրը օրին մանրամասն թղթակցութիւններով լուսաբանեց ձեր բոլոր այցելութիւններն ու հանդիպումները։ Կը գնահատենք իր ջանքերն ու աշխատասիրութիւնը», ըսաւ Արի Հատտէճեան ու սապէս շարունակեց.
Հայաստանի քաղաքական ու հոգեւոր իշխանութիւններու միջեւ առճակատումը կը յուզէ մեզ։ Իրարմէ անկախ այս երկու կառոյցները պէտք չէ խառնուին մէկզմէկու գործերուն, բայց կը տեսնենք որ մինչեւ վերջ «ներխուժած» են, անբաղձալի զարգացումներով։ Կը սիրենք յուսալ որ տագնապը կը հանգուցալուծուի։ Իմ հարցումը կը վերաբերի երկու անփոխարինելի կորուստներու։ Առաջինը Մելիքճան Զամանն է, որ կեանքը կորսնցուց երիտասարդ տարիքի մէջ, միւսը՝ ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ համայնքային կեանքի մէջ առաջատար դիրք ունեցաւ, օգնութեան ձեռք երկարելով բոլոր հաստատութիւններուն։ Անոր առանձնայատկութիւնը սա էր. մի՛շտ կարեւորութիւն կուտար մեր լեզուին, դպրոցներուն, մշակոյթին, մասնաւորաբար կը զօրակցէր պոլսահայ մամուլին։ Իր գլխաւորած խնամակալութիւնը համայնքէն ներս առաջին եւ միակ հաստատութիւնն էր որ «հիմնադրամ» մը հաստատած էր մամուլի համար եւ կ'օգնէր դրամական յատկացումներով։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս կորուստներու մասին։
Երկրորդ կարեւոր դիտարկումը, որու վրայ հիմնուելով, մեր Հրատարակութեան տնօրէնը հարցում ուղղեց Պատրիարք Հօր, կ'առնչուէր մայրենի լեզուի տագնապին։ «Նորահաս սերունդը ընտանիքներու մէջ է որ պիտի սորվի մայրենի լեզուն, երբ դպրոցներու մէջ կը սորվեցնեն՝ ատիկա այլեւս օտար լեզուի հանգամանք կ'ունենայ։ Ցաւալի իրականութիւն է որ ընտանիքներու մէջ հայախօսութիւնը շատ նահանջած է, երիտասարդ ծնողները բացարձակ կարեւորութիւն չեն տար մայրենիին, աւելի՛ն, զայն աւելորդ կը նկատեն ներկայ պայմաններու տակ։ Եթէ ոեւէ մէկը քաջալերելու տեղ, քննադատենք, ան այլեւս կը խուսափի խօսելէ։ Ճիշդ է որ գերմանական կամ իտալական դպրոցներէ շրջանաւարտ մէկը լաւ կը խօսի այդ լեզուները, բայց երբեք գերմանացիի կամ իտալացիի պէս չի կրնար խօսիլ։ Եթէ երբեք գերմանացի մը կամ իտալացի մը գայ իրեն ըսէ թէ այս ի՞նչ տեսակ գերմաներէն կամ իտալերէն կը խօսի, այլեւս ան ալ պիտի խրտչի գործածելէ այդ լեզուները։ Ուրեմն մենք պէտք է քաջալերենք մերինները, որպէսզի խօսին, թէկուզ սխալ կամ պակաս քաջալերենք որ խօսին», ըսաւ Արի Հատտէճեան եւ այս նիւթի շուրջ Պատրիարք Հօր կարծիքը հարցուց։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com