​Ֆրանչիսկոս Պապին դիակի փոխադրման կարգը Սանթա Մարթայէն Սուրբ Պետրոս տաճար - Հայերէն
23 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

22 Nisan 2025  

​Ֆրանչիսկոս Պապին դիակի փոխադրման կարգը Սանթա Մարթայէն Սուրբ Պետրոս տաճար -

​Ֆրանչիսկոս Պապին դիակի փոխադրման կարգը Սանթա Մարթայէն Սուրբ Պետրոս տաճար ​Ֆրանչիսկոս Պապին դիակի փոխադրման կարգը Սանթա Մարթայէն Սուրբ Պետրոս տաճար

Այսօրուընէ սկսեալ եւ փոխադրման կարգէն անմիջապէս ետքը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի դռները բաց պիտի մնան հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն առջեւ, որոնք կը փափաքին իրենց վերջին հրաժեշտը տալ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ այս մէկը` Չորեքշաբթի` 23 ապրիլի ժամը 11:00-24:00, Հինգշաբթի` 24 ապրիլին ժամը 7:00-24:00 եւ Ուրբաթ` 25 ապրիլին ժամը 7:00-19:00։

Վերջին անգամն ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապին մահկանացու մարմինը լքելով Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրը, ուր տեղադրուած էր անցեալ երկուշաբթի օր, փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա։

Արդարեւ այսօր չորեքշաբթի 23 Ապրիլի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի դիակի փոխադրման կարգը զոր գլխաւորեց Կարդինալ Քեիվին Ժոզէֆ Ֆարրելը, մասնակցութեամբ Կարդինալական Դասի անունադրուեն, այն կարդինալները` որոնք արդեն կարողացան Հռոմ ժամանել։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ կատարուած աղօթքով մը, մինչ Տոմուսի մուտքին տեղակայուած էին առաքելական վերապահեալները, կարմիր գողօնով և իրենց ձեռքին մէջ վարուած մոմերով և Զուիցերական զօրագունդի անդամները` իրենց պաշտօնական տարազներով, որոնք ապա քալեցինք դագաղի կողքին։

Աղօթքէն ետքը արդարեւ սկիզբ առաւ խորհրդաւոր շքեղութեամբ թափօր մը, որ վերջին անգամն ըլլալով ընկերացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանէն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար մինչ տաճարին զանգակները սուգի ղօղանջներ կ՛ արձագէին։

Դագաղը շալկած էին պատգարակակիրներն ու պապական աթոռակները մինչ անոր մօտ կը քալէին ինչպէս նշեցինք Զուիցերական պահակագունդի անդամները առաջնորդուած Կարդինալական դասի հոյլով, անցնելով Վատիկանի «Sacrestia» պողոտայէն, Protomartiri Romani հրապարակէն եւ «Arco delle Campane»էն, այսինքն զանգակներու կամարը, որ կը տանի Սուրբ Պետրոս հրապարակ եւ որտեղէն Սրբազան Պապը յաճախակի դուրս եկած էր, հրապարակային ունկնդրութիւնները գլխաւորելու եւ կամ կարեւոր տօնական արարողութիւններու ժամանակ, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ անցեալ կիրակի օրը` Սուրբ Զատկուայ օրը երբ Ան անակնկալ մը ուզեց կատարել ու հակառակ իր ծանր հիւանդութեան ու յոգնութեան, այդ կամարին տակէն անցնելով գնաց ողջագուրելու իր հօտը, յիսուն հազարէ աւելի հաւատացեալները, որոնք մասնակցած էին Զատկական Սուրբ Պատարագին եւ Ուրպի Էթ Օրպի օրհնութեան, որ եղաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին աշխարհին ու հաւատացեալներուն տուած վերջին օրհնութիւնը։

Երբ Ֆրանչիսկոս Պապին դիակը փոխադրող դագաղը Սուրբ Պետրոս հրապարակ հասաւ այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները մեծ ծափողջոյնով ընկալեցին զայն։ Այնուհետև թափօրը իր երթը շարունակեց ու Սուրբ Պետրոս տաճար մտաւ կեդրոնական դուրէն հասնելով կեդրոնական խորանի ոտքին, ուր Քահանայապետին բաց դագաղը զետեղուեցաւ գետին, ուր այսօրուընէ մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի մնայ այնտեղ, արժանանալու համար հաւատացեալներու մեծարանքին։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Քահանայապետական թաղման կարգի արարողութեան մէջ ներմուծած նորութիւններէն մէկը այն է` որ Քահանայապետին դիակը ցուցադրութեան դրուի ոչ թէ ինչպէս ժամանակին կը կատարուէր բոլորովին բաց «անկողինի» մը վրայ, այլ դագային մէջ, ոչ որպէս այս աշխարհի մեծ իշխան մը, այլ որպէս Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ ծառայ մը, նման բոլոր մահկանացուներուն։

Այսօրուընէ սկսեալ եւ փոխադրման կարգէն անմիջապէս ետքը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի դռները բաց պիտի մնան հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն առջեւ, որոնք կը փափաքին իրենց վերջին հրաժեշտը տալ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ այս մէկը` Չորեքշաբթի` 23 ապրիլի ժամը 11:00-24:00, Հինգշաբթի` 24 ապրիլին ժամը 7:00-24:00 եւ Ուրբաթ` 25 ապրիլին ժամը 7:00-19:00։

Սրբազան Պապին դիակի փոխադրման ու Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ զետեղման կարգը աւարտեցաւ Ողջ լեր Թագուհի Տիրամօր նուիրուած տաղով ապա կարդինալները մէկիկ մէկիկ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին կանգ առնելով ու առանձնական աղօթք կատարելով Քահանայապետին դագային առջեւ։ Անոնց հետեւեցան հուսկ արարողութեան մասնակցող այլ ներկաները, որմէ ետքը բացուեցան Սուրբ Պետրոս տաճարին դռները եւ դուրսը սպասող հաւատացեալները սկսան ներս մտնել իրենց վերջին հրաժեշտը տալու իրենց սիրելի բարի հովիւին։




Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+