Բժիշկներ Գարին Պօզքուրթ Եւ Ֆերհաթ Կէօչէր Նոյն Բեմը Պիտի Բաժնեն «զօրլու» Կեդրոնի Համերգասրահին Մէջ - Հայերէն
16 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

04 Nisan 2025  

Բժիշկներ Գարին Պօզքուրթ Եւ Ֆերհաթ Կէօչէր Նոյն Բեմը Պիտի Բաժնեն «զօրլու» Կեդրոնի Համերգասրահին Մէջ -

Բժիշկներ Գարին Պօզքուրթ Եւ Ֆերհաթ Կէօչէր Նոյն Բեմը Պիտի Բաժնեն «զօրլու» Կեդրոնի Համերգասրահին Մէջ Բժիշկներ Գարին Պօզքուրթ Եւ Ֆերհաթ Կէօչէր Նոյն Բեմը Պիտի Բաժնեն «զօրլու» Կեդրոնի Համերգասրահին Մէջ

Տաղանդաւոր երկու երգիչներ Գարին Պօզքուրթ եւ Ֆէրհատ Կէօչէր յառաջիկայ 20 Ապրիլին բեմ պիտի ելլեն «Զօրլու» կեդրոնի համերգասրահին մէջ։ Երկուքն ալ ասպարէզով բժիշկ են։ Թենոր Ֆերհաթ Կէօչէր վիրաբոյժ է, մեր սիրելի արուեստագիտուհի Գարինը՝ կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ։ Այս ձեռնարկը երկուքի առաջին «ժամադրութիւն»ն է երգարուեստի մարզէն ներս։ Համերգը, կոչուած է «Օփիա», կը նշանակէ «առաջին սէր»՝ ունկնդիրներուն պարգեւելու համար սիրոյ եւ երաժշտութեան կախարդանքը։

Երգացանկը ընտրուած է արհեստական բանականութեան միջոցաւ՝ վերացական, կերպարանափոխ եւ գերիրապաշտ աշխարհ մը բանալով հանդիսականներու աչքերուն առջեւ. ո՛չ միայն երգեր, այլ երգերու զգացումները ցոլացնող պատկերներ պիտի ամբողջացնեն երաժշտական վայելքը եւ երաժշտութենէ անդին ճամբորդութեան մը պիտի առաջնորդեն հանդիսականները։

«Երկու բժիշկ, երկու հզօր ձայն»։
Տեղական թերթերը այս խորագրի ներքեւ արձագանգ կը հանդիսանան մօտալուտ համերգին, ընդգծելով որ Ֆերհաթ Կէօչէրի կատարումները, միանալով սոփրանօ Գարին Պօզքուրթի ձայնին, փոփ-օփերա երաժշտութեան եզակի նուէր մը պիտի դառնան մշակութասէրներուն։
Համերգին, Ֆերհաթ Կէօչէրի սիրուած երգերու կողքին, թրքերէն, լատիներէն եւ անգլերէն բազմաթիւ երգեր եւս տարբեր մեկնաբանութեամբ պիտի ներկայացուին երաժշտասէրներուն։
Հարցազրոյցներ տալով թերթերուն, Ֆերհաթ Կէօչէր մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ Գարինի մասին, նշելով հետեւեալը. «Գարին Պօզքուրթ, արուեստի եւ մասնագիտական ճամբորդութեանս ճիշդ նմանը ապրած մէկն է... Մենք նոյն ծովուն հակառակ ափերուն վրայ կանգնած, իրարու ցոլացման կը նմանինք։ Ան երաժշտութեամբ թրծուած վիրաբոյժ մըն է, իսկ ես՝ վիրաբուժութեամբ թրծուած երաժիշտ մը։ Հրաշալի երգացանկ մը պատրաստած ենք... Հանդիսականները նախապէս երբեք չճաշակած խրախճանք մը պիտի լսեն ու դիտեն։ Տոմսակները սպառելու վրայ են, չփախցնէք... Համերգը պիտի չկրկնուի»։

Իր զգացումները բաժնեց նաեւ Գարին Պօզքուրթ, ըսելով որ որպէս օփերային արուեստի շունչով թրծուած բժիշկ մը ոյժ կ'առնէ արուեստագէտէ մը, որ նոյնպէս բժիշկ է եւ փոփ երաժշտութեան հզօր մեկնաբան մը։ «Երջանիկ եմ որ ձայնս աւելի լայն հասարակութեան լսելի դարձնելու համար կը վայելեմ Ֆերհաթ Կէօչէրի զօրակցութիւնը։ Աշխարհի զանազան բեմերուն վրայ եւ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ համերգներ սարքած եմ, սակայն այս համերգը ինծի համար առանձին տեղ մը կը գրաւէ։ Աշխարհի մէջ օփերային բազմաթիւ երգիչներ օփերան ճազի, փոփի կամ ռոքի նման տարբեր ոճերու հետ միացնելով ներկայացուցին ունկնդիրներուն։ Ծանօթ երգերը ունկնդիրներուն այս ձեւով փոխանցելը դասական երաժշտութիւնը մարդոց սիրցնելու ամենագեղեցիկ ձեւն է», դիտել տուաւ Գարին, արտայայտելով իր ոգեւորութիւնը։







Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+