Ֆրանչիսկոս Պապին Թաղումը շաբաթ 26 ապրիլին, դագաղի փոխադրման արարողութիւնը 23 ապրիլին -
Ֆրանչիսկոս Պապին Թաղումը շաբաթ 26 ապրիլին, դագաղի փոխադրման արարողութիւնը 23 ապրիլին
Յառաջիկայ շաբաթ 26 Ապրիլի առաւօտեան ժամը տասին տեղի պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Մինչ Անոր դագաղի Սուրբ Պետրոս փոխադրման կարգը նախատեսուած է վաղը առաւօտեան ժամը ինին։
«Չորեքշաբթի 23 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը ինին, հանգուցեալ Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին դագաղը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն պիտի փոխադրուի Սուրբ Պետրոս Քահանայապետաան պազիլիքա, համաձայն «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis» (թիւ. 41-65 յօդուածներուն).), սահմանադրութեան». Լուրը կը հաղորդէ, հրամանաւ Կարդինալական Դասին, Գերապ. Տիեկօ Ռավելլին, Քահանայապետական արարողութիւններու գրասենեակի պատասխանատուն։
Նշուած է նաեւ` որ Սանթա Մարթայ մատրան մէջ, ուր այժմ կը գտնուի Քահանայապետին մարմինը, աղօթքի պահէ մը ետքը` զոր պիտի գլխաւորէ Հռոմէական Եկեղեցւոյ Քամերլենկոն` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը սկիզբ պիտի առնէ փոխադրման կարգը։
Թափօրը պիտի անցնի Սանթա Մարթա հրապարակէն, ապա «Protomartiri Romani» հրապարակ հուսկ «Arco delle Campane - Զանգերու կամարի» տակէն դուրս գալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ապա` կեդրոնական դուրէն մուտք գործելով Սուրբ Պետրոս պազիլիքա։
Սուրբ Պետրոս տաճարի Խոստովանանքի Խորանին մօտ Կարդինալ Քամերլենկօն պիտի գլխաւորէ «Խօսքի ծէսը» որուն աւարտին սկիզբ պիտի տրուի Քահանայապետի Դիակին այցելութիւններուն։
Իսկ ինչ կը հայի Ֆրանչիսկոս Պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան Կարդինալական Դասը որոշեց այդ մէկը կատարել Շաբաթ 26 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, միշտ համաձայն Ordo Exsequiarum Romani Pontificis (թիւ. 82-109 յօդուածներուն).։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Կարդինալական Դասի աւագերէց` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com