​Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին անխռով ժամերը եւ «շնորհակալութիւնը» Սուրբ Պետրոս Հրապարակ վերադարձի համար - Հայերէն
23 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

22 Nisan 2025  

​Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին անխռով ժամերը եւ «շնորհակալութիւնը» Սուրբ Պետրոս Հրապարակ վերադարձի համար -

​Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին անխռով ժամերը եւ «շնորհակալութիւնը» Սուրբ Պետրոս Հրապարակ վերադարձի համար ​Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին անխռով ժամերը եւ «շնորհակալութիւնը» Սուրբ Պետրոս Հրապարակ վերադարձի համար

Սրբազան Պապի վերջին խօսքերը շնորհակալական խօսքեր էին՝ «շնորհակալ եմ, որ ինձ վերադարձուցիք Հրապարակ», ուղղուած իր անձնական առողջապահական օգնականին՝ Մասսիմիլիանօ Սթրափեթթիին, որ կիրակի օրը խրախուսեց փափամոպիլէով շրջայց կատարել իր ժողովուրդին մէջ, Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ Ուրպի էթ Օրպի զատկական պատգամէն ետք:

«Շնորհակալ եմ, որ ինձ հրապարակ վերադարձուցիք», Աոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապի վերջին խօսքերէն՝ ուղղուած իր բուժօգնական Մասսիմիլիանօ Սթրափեթթիին, որ արդեն անգամ մը փրկած էր անոր կեանքը՝ առաջարկելով ենթարկուիլ հաստ աղիքի վիրահատութեան, եւ որուն Քահանայապետը՝ 2022ին հիւանդանոցի մէջ գտնուելու օրերուն, նշանակած էր իր անձնական բուժօգնականը: Սթրափեթթին Ֆրանչիսկոսի կողքին եղաւ Ճեմելլիիի մէջ նաեւ վերջին բուժման ժանանակ, եւ անորմէ ետք Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ բուժումը շարունակելու ընթացքին: Ան Պապի հետ էր նաեւ Սուրբ Զատիկի կիրակի առաւօտեան, «Urbi et Orbi»ի Քաղաքին ու համայն Աշխարհին օրհնութեան ժամանակ:

Գրկել իր ժողովուրդին
Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատշգամէն իր օրհնութիւնը բաշխելէն ետք Ֆրանչիսկոս որոշած էր անակնկալ մը ընել բազմահազար հաւատացեալներուն եւ շրջայց կատարել Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ՝ գրկախառնուելով հաւաքուած ամբոխին հետ: Ոչ առանց նախնական մտավախութեան. «Կը կարծէք, որ ես կարող եմ այդ մէկը ընե՞լ», հարցուցած էր Նորին Սրբութիւնը Սթրափեթթիին: Վերջինս իր հաւանութիւնը եւ, այդպիսով, հնարաւորութիւն տուած էր անգամ մը եւս՝ վերջին անգամ, վերադառնալ Սուրբ Պետրոս եւ գրկել իր ժողովուրդին երկար բացակայութենէ ետք՝ կարծես հրաժեշտի ողջոյն տալ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն։

Վերջին ժամերը
«Շնորհակալ եմ, որ ինձ վերադարձուցիք Հրապարակ», շրջայցէն վերադառնալով իր բուժական օգնականին ըսած էր Պապը յոգնած, բայց ուրախ: Ապա ունեցած էր հանգիստ յետմիջօրէ մը, ընթրած էր եւ պառկած քնանալու:

Հիւանդութեան առաջին նշանները ի յայտ եկան առաւօտեան շուրջ 5.30ին, ապա ամէն ինչ զարգացաւ շատ արագ եւ վրայ հասաւ մահը գրեթէ յանկարծակի կերպով:

Մահ, որ անաղմուկ ու զուսպ եղաւ Քահանայապետի մը համար, որ միշտ խիստ գաղտնի պահած էր իր առողջական խնդիրները՝ լքելով այս աշխարհը Զատկուան յաջորդ օրը, Քաղաքին ու համայն Աշխարհին իր օրհնութիւնը տալէն յաջորդ օրը, անգամ մը եւս, երկար բացակայութենէ ետք, իր ժողովուրդին հետ վերջին հանդիպումը ունենալէն ետք յաջորդ օրը։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+