Հայաստան Հաւատարիմ Կը Մնայ Խաղաղութեան Օրակարգին - Հայերէն
23 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

04 Nisan 2025  

Հայաստան Հաւատարիմ Կը Մնայ Խաղաղութեան Օրակարգին -

Հայաստան Հաւատարիմ Կը Մնայ Խաղաղութեան Օրակարգին Հայաստան Հաւատարիմ Կը Մնայ Խաղաղութեան Օրակարգին

Երէկ, 3 Ապրիլին, Հայաստան Այցելեց Հարաւային Կովկասի Եւ Վրաստանի Ճգնաժամի Հարցերու Գծով Եւրոմիութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ, Բանակցութիւններ Վարելով Հարաւային Կովկասի Տարածքաշրջանի Իրավիճակին, Մասնաւորաբար՝ Հայաստան-Ատրպէյճան Խաղաղութեան Գործընթացի Մասին։

Վարչապետ Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Յատկապէս Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ «հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Եւ Միջպետական Յարաբերութիւններ Հաստատելու Մասին» Համաձայնագիրի Նախագիծի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Փաստը։ Նիկոլ Փաշինեան Ընդգծեց Հայաստանի Կառավարութեան՝ Խաղաղութեան Օրակարգին Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը։
Կրոնօ Կարեւոր Նկատեց Համաձայնագիրին Ստորագրութիւնը Եւ Յայտնեց, Թէ Ինք Համոզուած Է, Որ Անիկա Պիտի Նպաստէ Տարածքաշրջանին Մէջ Երկարատեւ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Ապահովման։

Կողմերը Անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման, Նաեւ Հարցերու, Որոնք Կ'առնչուին Եւրոմիութեան Օժանդակութեամբ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներու Արդիւնաւէտ Իրականացման։

Կրոնօ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեանի Հետ Քննարկելով Գրեթէ Նոյն Հարցերը, Որոնց Շուրջ Խօսած Էր Փաշինեանի Հետ Բանակցութեանց Ընթացքին։

Յաջորդ հանդիպումը Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ էր. Գրիգորեան յայտնեց որ Հայաստան պատրաստ է շուտափոյթ կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ տարածքաշրջանը պիտի ուղղէ դէպի յարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն։








Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com