Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յայտարարութիւնը ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան - Հայերէն
23 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

21 Nisan 2025  

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յայտարարութիւնը ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան -

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յայտարարութիւնը ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յայտարարութիւնը ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան

Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքն է որ «Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի» Կղերն ու Հաւատացեալները, իրենց Հաստատութիւններէն եւ Ժողովրդապետութիւններէն ներս՝ բարեհաճին «Հոգեհանգստեան Պաշտօնը մատուցանել Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հոգւոյն» համար այսօր, 21 Ապրիլ 2025-ին՝ երեկոյեան ժամը 17-ին․ իսկ վաղը՝ Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին՝ «Ս․ Պատարագը մատուցանեն ննջեցեալ Հովուապետին» դիտաւորութեան համար։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց․․․

Հայ ծէսի վաղեմի աւանդութեան համաձայն՝ Ս․ Յարութեան յաջորդող օրը նուիրուած է մեր «սիրելի ննջեցեալներու յիշատակին»։

Այսօր, Երկուշաբթի՝ 21 Ապրիլ 2025, ճիշտ «Մեռելոց օրը», առաւօտեան ժամերուն՝ իր Յարուցեալ Քրիստոսի եւ Անոր քնքուշ Մօրը Ս․ Աստուածածնի քով բարձրացաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեր հասարակաց Հայրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի բոլորնիս մէկ պիտի բարձրացնենք մեր աղօթքները Բարձրեալ Աստուծոյ որ Իր մեծ Ողորմութեամբ եւ Սիրով գրկաբաց ընդունի Իր սիրելի Ծառան՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Ուստի, Ն․Ա․Գ․Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական յորդորն ու փափաքն է որ համայն Հայ Կաթողիկէ Կղերն ու Հաւատացեալները, բացի իրենց անհատական աղօթքներէն՝ կատարեն նաեւ միասնաբար, որքան հնարաւոր է «Հոգեհանգստեան Պաշտօն մը» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոգւոյն համար, ինչպէս նաեւ վաղը, Երեքշաբթի՝ 22 Ապրիլ 2025-ին մատուցանեն «Աստուածային Ս․ Պատարագ մը իր հոգւոյն դիտաւորութեան համար»։

Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքն է որ «Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի» Կղերն ու Հաւատացեալները, իրենց Հաստատութիւններէն եւ Ժողովրդապետութիւններէն ներս՝ բարեհաճին «Հոգեհանգստեան Պաշտօնը մատուցանել Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հոգւոյն» համար այսօր, 21 Ապրիլ 2025-ին՝ երեկոյեան ժամը 17-ին․ իսկ վաղը՝ Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին՝ «Ս․ Պատարագը մատուցանեն ննջեցեալ Հովուապետին» դիտաւորութեան համար։

«Ազնիւ ծառայ, բարի եւ հաւատարիմ․ մուտ յուրախութիւն Տեառն Քոյ» (հմմտ․Մտթ․ ԻԵ, 23)։

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Պէյրութ, 21 Ապրիլ 2025






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+