Լիբանանի Մէջ Սովի Վտա՞Նգ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

03 Temmuz 2020  

Լիբանանի Մէջ Սովի Վտա՞Նգ -

Լիբանանի Մէջ Սովի Վտա՞Նգ Լիբանանի Մէջ Սովի Վտա՞Նգ

Պէյրութէն ստացած լուրերս կը յուշեն, որ Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի սիրտն ու կեդրոնը համարուող մայրաքաղաքը դանդաղ քայլերով կը մօտենայ համընդհանուր «Լոք տաուն» իրավիճակին։

«Լոք տաուն»ը պայմանաւորուած չէ քորոնա վարակի «պարտադրած» իրավիճակով, այլ կապուած է տնտեսական ամեհի եւ բոլոր «կարմիր գիծերը» հատող զարգացումներուն հետ։

Այդ զարգացումներուն ամենէն առանցքայինը անշուշտ ամերիկեան տոլարի աներեւակայելի (շրջանի մը համար, այո, աներեւակայելի էր, որ Լիբանանի մէջ տոլարը կրնայ հատել 3000 լիբանանեան ոսկիի սահմանները) մագլցումը, երբ միայն երէկ տոլարի սակը կ՚անցնէր 7000 ոսկիի սահմանը։

Տոլարի այս սղաճը իր արագ եւ աւերիչ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրի ամենատարբեր ոլորտներուն վրայ ու շատ հաւանական է, որ քաղաքացիները անգամ մը եւս (եւ այս անգամ անկասելի եւ նոյնիսկ անկարավառելի) դիմեն բողոքի ալիքի մը, որուն ընթացքին կրնան տեղի ունենալ համայնքային բնոյթի առճակատումներ։

Միւս կողմէ, այս պատկերին դիմաց Լիբանանի քաղաքական մարմինները, որոնք գրեթէ անզօր են ազդելու երկրին մէջ ընթացող զարգացումներուն՝ կը շարունակեն խրատատուի ճապաղ դերով հանդէս գալ, լաւ գիտնալով, թէ այնքան ժամանակ, որ չեն կրնար կասեցնել երկրի արժեդրոյթին արժեզրկումը, անոնց կողմէ հնչած կամ հնչող որեւէ խօսք պիտի համարուի անհեթեթութիւն։

ՊԱԱՊՏԱՅԻ ԱՆՅԱՋՈՂ ԺՈՂՈՎԸ

Ի դէպ, այս զարգացումներուն զուգահեռ անցնող օրերուն երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աուն փորձեց դրական նոր շունչ մը բերել քաղաքական ընդհանուր դրութեան։ Ան երկրի քաղաքական հարթակի գլխաւոր կողմերը հրաւիրեց ժողովի մը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ հինգշաբթի օր Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրի իշխանական թեւերը՝ սկսեալ հրաւէրը տուող կողմէն, անցնելով նախագահի կուսակցութիւնը համարուող «Ազգային ազատ հոսանք»ին, շիիներու՝ «Հիզպուլլահ» եւ «Ամալ» կուսակցութիւններուն։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին ու կարգ մը աւելի փոքր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ (հիմնականին մէջ տիւրզի)։ Ի դէպ, լրատուական աղբիւրներ, որոնք ուշի-ուշով հետեւեցան այս ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ նկատել տուին, որ ժողովի յաջողութեան համար կարեւոր եւ կեդրոնական ճիգեր իրականացուց երկրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ նախքան ժողովին կայացման մասին լուրի հրապարակումը հանդիպումներ ունեցած էր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին, քրիստոնեայ-մարոնիթ առաջնորդ նախկին նախագահ Սիւլէյման Ֆրանժիէի թոռան՝ Սիւլէյման Ֆրանժիէին (ան իր մեծ հօր անունը կը կրէ), նաեւ յաջողցնել իր հետ մեծ տարակարծութեան մէջ եղող երկու տիւրզի առաջնորդներ՝ Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Թալալ Արսլանը, որ լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու հետեւանքով երկար ժամանակէ ի վեր թշնամական վերաբերմունք ունէին իրարու հանդէպ։

Պըրիի, որ այսօրուան դրութեամբ եւ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը կատարէ «քաղաքական համարկող»ի դեր, անգամ մը եւս ցոյց կ՚ուզէր տալ իր «մկաններ»ը՝ ըսելու համար, որ Լիբանանի մէջ այսօր հիմնական դեր ունի շիի համայնքը եւ այն պայմանաւորուած է ոչ միայն խորհրդարանի նախագահի պաշտօնով (որուն ղեկին է երկար տարիներէ ի վեր), այլ իր անձնաւորութեամբ, որ նաեւ կը համարուի Լիբանանի «ներքին խաղեր»ուն լաւապէս տիրապետող եւ համարեայ բոլոր կողմերէն ընդունուող ղեկավար մը։

Նեպիհ Պըրրիի պարագան բաւական հետաքրքրական է, որովհետեւ այս հայասէր առաջնորդը, հակառակ հակաիսրայէլեան իր կարծր տեսակէտներուն՝ յաճախ կարողացած է երկրին մէջ ծագած հարցերուն լուծումներ տալ, ունի նաեւ մեծ հնարաւորութիւն միաժամանակ խօսելու թէ՛ Իրանի եւ թէ Իսրայէլի յաւիտենական պաշտպան՝ Միացեալ Նահանգներու հետ։ Բաւական կուռ խօսք ունեցող, իր տեսակէտներուն տէրը եւ պաշտպանը հանդիսացող այս գործիչը, որ զանազան առիթներով ալ մեղադրուած է նիւթական մեծ իւրացումներ կատարած ըլլալու մեղադրանքով, Լիբանանի քաղաքական կեանքին իսկական «տինամօ»ն է եւ առանց անոր ներկայութեան Լիբանանի խառնիխուռն իրավիճակը կրնայ միայն աւելի ու աւելի վատթարանալ։ Ամէն պարագայի, աւելի քան ապահով եմ, որ նոյնիսկ թերթի իմ այս սիւնակով պիտի կարենամ օր մը աւելի լայն անդրադարձ մը գրել լիբանանցի շիի գործիչ եւ Մուսա Ալ Սատըրի («Ամալ» շարժումի հիմնադիրը եւ «Կարօտեալներու շարժման» յայտնի առաջնորդը, որ առեւանգուեցաւ Լիպիոյ մէջ 1977 թուականին եւ որուն մասին վարկածներ ալ շրջան կ՚ընեն, թէ ունեցած է հայ մայր մը) մասին։ Աւարտելով այս հատուածը՝ հարկ է աւելցնել, որ հակառակ Պըրրիի գործադրած մեծ ճիգերուն, ժողովէն բացակայեցան չորս հիմնական գործիչներ, որոնց գլխաւորը անշուշտ Սաատ Հարիրին էր, որուն պատճառով ալ ժողովը մատնուեցաւ ամլութեան եւ անկէ բխած որոշումները, կամ հոն եղած դիտարկումներն ու հնչած առաջադրանքները ոչինչ փոխեցին երկրին մէջ տիրող բաւական ծանր իրավիճակէն։

ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՆՈՐ ՓՈՒԼ

Անցեալ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ սկիզբ առած տնտեսական-ընկերային «պայքար»ը մտած է բաւական մտահոգիչ փուլ ու աւելի քան յստակ է, որ այս խաղին ետին կանգնած ուժերը առանց վարանելու, առանց բարոյականութեան եւ առանց խիղճի կը միտին Լիբանանը «այրել», մէկ կողմէ տոլարի լափլիզող հրդեհներուն եւ միւս կողմէ աղբին մէջէն իրենց սեւ հացը փնտռել ու գտնել փորձող արդէն իսկ սոված փորերով շուարած ու շփոթահար քաղաքացիներուն միջեւ։

Այդ քաղաքացիները եւ հասարակութիւնը ապահովաբար լարուած ուժանակներ են՝ Լիբանանը այրել փափաքողներուն համար, որոնք կը փորձեն ամէն գնով միաւորներ կուտակել Իրան-Միացեալ Նահանգներ մինչեւ հիմա տարուող մեծ պայքարի ուղղին վրայ։

Լիբանանը դարձած է մեծ պատանդ, իսկ լիբանանցիներու կարեւոր տոկոս մը յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ ինկած եւ անձնասպանութեան քայլերու դիմող «յեղափոխականներ»։

Այս ալ Լիբանանի յեղափոխութեան մասին, որուն համար երկար ժամանակէ ի վեր պարարտ հող կը պատրաստուէր եւ որուն դահիճները ներսէն են, ոչ թէ հեռու-հեռուներէն, այլ Միջերկրականի ջուրերուն վրայ իր ոտքերը փռած գեղեցիկ Լիբանանէն։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+