​Երուանդ Օտեան՝ Էսաեան վարժարանի մասին - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

01 Temmuz 2020  

​Երուանդ Օտեան՝ Էսաեան վարժարանի մասին -

​Երուանդ Օտեան՝ Էսաեան վարժարանի մասին ​Երուանդ Օտեան՝ Էսաեան վարժարանի մասին

Թղթապանակիս մէջ գտայ Երո­ւանդ Օտեանէն տոմ­սակ մը։ Ժա­մանա­կին կտրեր պա­հեր եմ, թե­րեւս օր մը պէտք կ՚ըլ­լայ ըսե­լով։ Եւ ահա պէտք եղաւ…

Դժբախ­տա­բար կտրօն­նե­րուս մա­սին տե­ղեկու­թիւններ պա­րու­նա­կող ծո­ցատետրս կղզի չէ, որ­պէսզի թո­ւակա­նը ստու­գեմ, սա­կայն բո­վան­դա­կու­թե­նէն կ՚են­թադրեմ, թէ յու­նիս 1911-էն է եւ տպո­ւած է «Արե­ւելք»ի մէջ, զոր Օտեան կը խմբագ­րէր այդ շրջա­նին։

«Էսաեան վար­ժա­րանը» վեր­նագրո­ւած տոմ­սա­կը 109 տա­րի անց եւս կը պա­հէ իր թար­մութիւ­նը։

«Կէտ մը կայ որուն մա­սին կար­ծեմ կա­րելի չէ եր­կու տար­բեր կար­ծիք ու­նե­նալ. այ­սինքն թէ՝ Բե­րայի պէս թա­ղի մը հա­մար Էսաեան վար­ժա­րանը, իր կրթա­կան եւ ու­սումնա­կան ար­դի վի­ճակո­վը, շատ թե­րի եւ ան­բա­ւական հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Վար­ժա­րանի հա­մար յա­րաբե­րաբար փա­ռաւոր շէնք մը ու­նե­նալով հան­դերձ, իր պիւտճէն միւս թա­ղերու պիւտճէէն ան­հա­մեմատ պա­րարտ ըլ­լա­լով հան­դերձ, մտա­ւորա­կան կեդ­րո­նի մը մէջ գտնո­ւելով հան­դերձ մին­չեւ այ­սօր կա­րելի չէ եղած այս վար­ժա­րանը հասցնել քիչ շատ ար­ժա­նավա­յել դիր­քի մը»։

Օտեանը հեր­քե­լու չենք՝ իր ժա­մանա­կին հա­մար թե­րեւս իրա­ւացի վե­րոյի­շեալ ակ­նարկին հա­մար, սա­կայն այ­սօր յա­նուն ար­դա­րու­թեան պէտք է ըսել, որ 1911-էն բա­ւական վերջ Էսաեան վար­ժա­րանը պի­տի ըլ­լար «իմաս­տութեան տա­ճար» մը՝ հան­րութեան պար­գե­ւելով փա­ղանգ մը ու­սուցիչ­նե­րու, խմբա­գիր­նե­րու, արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու, հո­գեւո­րական­նե­րու, որոնք վառ յի­շատակ­ներ են տա­կաւին կամ եռան­դոտ գոր­ծունէու­թիւն։

Բայց վե­րադառ­նանք 1911 թի­ւը եւ տես­նենք, թէ ըստ Օտեանի ինչ է պատ­ճա­ռը իր գծած տխուր պատ­կե­րին.

«Ասոր գու­ցէ մէկ գլխա­ւոր պատ­ճառն է Բե­րայի մէջ դպրո­ցական հո­գաբար­ձութեան մը գո­յու­թիւն չու­նե­նալը եւ վար­ժա­րանին հո­գը թա­ղական խոր­հուրդին վրայ բեռ­ցո­ւած ըլ­լա­լը։ Բա­ցի այդ, թա­ղական խորհրդի մէկ եր­կու ան­դամնե­րէն ո՛չ ոք կը շա­հագրգռո­ւի Էսաեան վար­ժա­րանի վի­ճակով եւ այդ թա­ղական­ներն ալ, բնա­կանա­բար խել­քերնին բա­նի մը չհաս­նող մենծ աղա­ներ, գոր­ծը բռնած են մի­միայն ու­նե­լիին ծայ­րո­վը, ինչպէս կ՚ըսեն»։

1911-ին գրո­ւածին վրայ 2020-ին աւելցնե­լիք մը չու­նե­նալը ան­ձիս հա­մար դժբախ­տութիւն, իսկ հան­րութեան հա­մար ող­բերգու­թիւն մըն է։ Չեմ գի­տեր կամ չեմ յի­շեր «դպրո­ցական հո­գաբար­ձութեան» մը գո­յու­թիւնը Բե­րայի մէջ, որ զբա­ղէր միայն վար­ժա­րանով, սա­կայն ան­ցեալէն ցայ­սօր կու­տա­կուած ան­լոյծ հար­ցե­րուն գլխա­ւոր պատ­ճառնե­րէն մէ­կը, ինչպէս 109 տա­րի առաջ, այ­սօր ալ նոյ­նը ըլ­լալ կը թո­ւի՝ ար­հեստա­վարժնե­րէ կազ­մո­ւած մաս­նա­խումբի մը բա­ցակա­յու­թիւնը. եւ ասի­կա ո՛չ միայն Էսաեանի պա­րագա­յին։ Անոնց, որոնք թե­րեւս թե­րահա­ւատօ­րէն մօ­տենան նման մաս­նա­խումբե­րուն, ըսե­լիքս հե­տեւեալն է. առանց մաս­նա­խումբի կը քայ­քա­յուինք, գո­նէ քիչ մըն ալ մաս­նա­խումբով քայ­քա­յուինք։

Շա­րու­նա­կենք մեր ըն­թերցու­մը.

«Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր թէեւ թա­ղին մէջ կազ­մո­ւած է Էսաեան սա­նուց միու­թիւն մը, վար­ժա­րանի նախ­կին աշա­կերտնե­րու կող­մէ, որ նպա­տակ ու­նի այդ կրթա­կան յար­կին նիւ­թա­կան ու բա­րոյա­կան բար­գա­ւաճու­մին նպաս­տել, սա­կայն անոր գոր­ծունէու­թիւնն ալ մին­չեւ հի­մա տա­րեկան 70-80 ոս­կիի օժան­դա­կու­թե­նէ մը ան­դին չէ ան­ցած։

Այս տա­րի միայն սա­նուց միու­թիւնը փոր­ձած է աւե­լի դրա­կան գործ մը տես­նել, ջա­նալով վար­ժա­րանին ներ­քին բա­րեկար­գութեան աշ­խա­տիլ եւ այս նպա­տակով, ծրագ­րի մը ձե­ւին տակ, թե­լադ­րութիւններ ըրած է թա­ղական խոր­հուրդին։

Այդ թե­լադ­րութեանց գլխա­ւոր­ներն են. Բա­րոյա­խօսու­թեան դա­սեր հաս­տա­տել, կար­գա­պահու­թիւնը կա­նոնա­ւորել, ու­շադրու­թիւն դարձնել աշա­կերտնե­րու դպրո­ցէն դուրս վա­րած կեան­քին վրայ, մարմնա­մար­զի դաս, առող­ջա­պահու­թեան դաս եւ բժշկա­կան այ­ցե­լու­թիւն հաս­տա­տել, ինչ որ մին­չեւ հի­մա գո­յու­թիւն չու­նի, ման­չե­րու բաժ­նին մէջ հա­յերէն լե­զուի դա­սը զօ­րաց­նել, աղջկանց վար­ժա­րանը իբ­րեւ Իտա­տի վա­ւերաց­նել տալ, աղջկանց թուրքե­րէնի դաս հաս­տա­տել, գրա­բարի դա­սին աւե­լի խնամք ըն­ծա­յել, ինչպէս նաեւ չա­փական գի­տու­թիւննե­րու եւ բնա­կան գի­տու­թեանց, եւլն.։

Ու այս բո­լոր բա­րենո­րոգումնե­րը ընե­լու հա­մար, հարկ դա­տուած էր վար­ժա­րանի ու­սուցչա­կան մարմնոյն մէջ կա­րեւոր փո­փոխու­թիւններ կա­տարել առանց խտրութեան կամ խա­թեր հա­մար եղած նկա­տողու­թիւննե­րու։

Ինչպէս կ՚երե­ւայ, սա­նուց միու­թիւնը իր թե­լադ­րանքնե­րուն մէջ շատ բա­նաւոր եւ շատ ալ չա­փաւոր է եւ կ՚ար­ժէր որ իր ներ­կա­յացու­ցած ծրա­գիրը լուրջ նկա­տողու­թեան առ­նո­ւէր թա­ղական խոր­հուրդին կող­մէ, որուն ուղղո­ւած էր։

Եւ իրա՛ւ ալ թա­ղական խոր­հուրդը առ­ջի բե­րան լաւ ըն­դունե­լու­թիւն մը կ՚ընէ Էսաեան սա­նուց միու­թեան թե­լադ­րանքնե­րուն։

-Հայ­հայ, վար­ժա­րանը պի­տի բա­րեկար­գենք, վար­ժա­պետ­նե­րը պի­տի փո­խենք, դա­սերը պի­տի աւելցնենք, սանկ պի­տի ընենք, նանկ պի­տի ընենք, կը պա­տաս­խա­նեն»։

2020-ին փո­խուա­ծը թա­ղային խոր­հուրդին ու սա­նուց միու­թեան դիրքն է, ըստ երե­ւոյ­թին։ Այս ան­գամ թա­ղակա­նու­թիւնն էր որ վար­ժա­րանի վի­ճակին մա­սին յայտնեց իր դժգո­հու­թիւնը, քա­նի մը վի­ճակագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով ջա­նաց տնօ­րէն­նե­րը պաշ­տօ­նէն հե­ռաց­նե­լու բո­լորին յայտնի որո­շու­մը ար­դա­րաց­նել, բա­րեփո­խում ու բա­րելա­ւում խոս­տա­նալ։ Սա­նուց միու­թիւնը նա­խընտրեց լուռ մնալ, չու­զեց կամ չկրցաւ (չենք գի­տեր ան­շուշտ) թա­ղային խոր­հուրդի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն դի­մաց շօ­շափե­լի այլ թո­ւան­շաններ կամ տո­ւեալ­ներ դնել՝ տար­հա­մոզե­լու հա­մար հան­րութեան այն հա­տուա­ծը, որ կ՚ար­դա­րաց­նէր թա­ղակա­նու­թեան որո­շու­մը։

Վեր­ջացնենք Օտեանին գրու­թիւնը, այս տրա­մադ­րութեամբ.

«Բայց այս լաւ տրա­մադ­րութիւննե­րը հա­զիւ առ­տու մը կ՚ապ­րին, ծա­նօթ վար­դին պէս, ու կը թօշ­նին եւ օր մըն ալ թաղ. խոր­հուրդը կը պա­տաս­խա­նէ սա­նուց միու­թեան.

«-Դուք ուրկէ՞ բու­սաք, ի՞նչ իրա­ւունք ու­նիք վար­ժա­րանին խառ­նո­ւելու, կար­ծիք յայտնե­լու, բա­րեփո­խում առա­ջար­կե­լու… տա­րին 70-80 ոս­կի փա­րա կը ժող­վէք կոր անո՞ր հա­մար… շնոր­հա­կալ ենք, մեր թա­ղը հա­րուստ է, ձեր դրա­մին պէտք չու­նի…։

-Բայց ծնողքնե­րը դժգոհ են, թո­շակ վճա­րել չեն ու­զեր կոր, եթէ դպրո­ցը կար­գի չմտնայ…։

-Անո՛նց ալ թո­շակին պէտք չու­նինք, թա­ղը հա­րուստ է։

-Բայց, կը նե­րէք, մենք իբ­րեւ թա­ղեցի կար­ծեմ իրա­ւունք ու­նինք մեր թա­ղին դպրո­ցովը հե­տաքրքրո­ւելու։

-Անանկ բան չկայ, Բե­րայի թա­ղը բա­ցառիկ թաղ մըն է, հոս ո՛չ ոք իրա­ւունք ու­նի մեր գոր­ծին խառ­նո­ւելու։ Հասկցա՞ք…»։

Կ՚երե­ւայ որ Էսաեան սա­նուց միու­թեան ան­դամնե­րը չեն հասկցեր այս բա­նը եւ կը պատ­րաստո­ւին պայ­քա­րը առաջ մղել վար­ժա­րանի բա­րեկար­գութեանը հա­մար։

Իրա՛ւ ալ ան­հասկնա­լի է թա­ղական խոր­հուրդին այս ըն­թացքը։ Չմոռ­նանք սա­կայն յի­շելու որ գոր­ծերնիս մենծ-աղա­ներու հետ է»։

Յօ­դուա­ծը հոս կ՚աւար­տի, բայց մենք շա­րու­նա­կենք քիչ մը եւս…

Պոլ­սոյ մէջ թա­ղային խոր­հուրդնե­րու, կամ առ­հա­սարակ հա­մայնքա­յին վար­չա­կան մար­միննե­րու՝ ընտրող հա­սարա­կու­թեան նկատ­մամբ վար­մունքը հա­զիւ թէ փո­փոխու­թիւն կրած ըլ­լայ այս աւե­լի քան հա­րիւր տա­րինե­րուն, եւ պի­տի չկրէ ալ այնքան ժա­մանակ, որ հան­րութիւ­նը չհե­տաքրքրո­ւի իր հաս­տա­տու­թիւննե­րով եւ միայն, կամ առ­նո­ւազն, ընտրու­թե­նէ ընտրու­թիւն փոր­ձէ լսե­լի դարձնել իր խօս­քը։ Հա­սարա­կու­թիւնը մին­չեւ որ տէր չըլ­լայ, ինքզինք այս հաս­տա­տու­թիւննե­րուն տէ­րը չզգայ, ինչպէս որ է՝ ար­դէն ար­դեամբ եւ իրա­ւամբ, պի­տի չկա­րենայ պա­հան­ջա­տէր ալ ըլ­լալ, բա­ներ մը պա­հան­ջել վա­րիչ դա­սակար­գէն։ Տէր ըլ­լալ կը նշա­նակէ քննա­դատել, ըլ­լալ հա­շուե­պահանջ, հե­տաքննող, վեր­լուծող, հե­տապնդող։

Վեր­ջացնե­լէ առաջ հար­ցում մը. հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րուն ընտրու­թիւննե­րը ինը տա­րիէ ի վեր չեն կա­տարուիր։ Եթէ հան­րութիւ­նը ո՛չ թէ ան­տարբեր հե­տեւող մը, այլ տէ­րը ըլ­լար այս հաս­տա­տու­թիւննե­րուն՝ ընտրու­թիւննե­րը ար­դեօք կը ջնջուէի՞ն այսքան։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ






Bu haber Agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+