​Կոմիտասի Գործունէութեան Վերաբերող Արեւմտահայ Մամուլի Բազմաթիւ Անդրադարձներ՝ Մէկ Գիրքի Մէջ - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

17 Şubat 2020  

​Կոմիտասի Գործունէութեան Վերաբերող Արեւմտահայ Մամուլի Բազմաթիւ Անդրադարձներ՝ Մէկ Գիրքի Մէջ -

​Կոմիտասի Գործունէութեան Վերաբերող Արեւմտահայ Մամուլի Բազմաթիւ Անդրադարձներ՝ Մէկ Գիրքի Մէջ ​Կոմիտասի Գործունէութեան Վերաբերող Արեւմտահայ Մամուլի Բազմաթիւ Անդրադարձներ՝ Մէկ Գիրքի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք «Թերթապատում. մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս վարդապետի մասին» աշխատութեան մէջ մեկտեղուած են Կոմիտասի՝ Պոլսոոյ եւ յարակից գաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ ծաւալած գործունէութեան առաջին շրջանի մասին արեւմտահայ օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու արձագանգները:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ գիրքին շնորհանդէսը, որ կազմած է ֆրանսահայ երաժշտագէտ Արմինէ Գրիգորեան, խմբագրած` Գուրգէն Գասպարեան, տեղի ունեցած է Փետրուար 15-ին, Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանին մէջ:

«Մամուլի տուեալները կարելի է բաժնել երկու մասի՝ լրատուական եւ հեղինակային յօդուածներ: Լրատուականը բնականաբար այն մասին է, թէ Կոմիտասը ե՞րբ ժամանեց, այս կամ այն երկիր, ե՞րբ մեկնեցաւ, դասախօսութիւններու մասին ծանուցումներն են, զեկոյցները: Եթէ խօսինք հեղինակային յօդուածներու մասին՝ անհրաժեշտ է նշել, որ արձակագիր Տիգրան Կամսարականը գրած է յօդուած մը, որ հրատարակուած է չորս անգամ: Մէկ խօսքով՝ հոյակապ գրութիւններ կան»,- ներկայացուցած է Գրիգորեան:

Ան պատմած է, որ Կոմիտասի՝ Պոլսոյ մէջ կայանալիք առաջին համերգին ժամանակ պատրիարքարանէն հրահանգ եկած է, որ առաջին բաժինը, որուն մէջ պէտք է եկեղեցական երաժշտութիւն հնչէր, պէտք չէ կատարուի, որովհետեւ չըսուած եւ չտեսնուած երեւոյթ էր եկեղեցական երգերն ու շարականները աշխարհիկ բեմի վրայ ներկայացնելը: «Բազմաթիւ վէճեր սկսած են, դէմ ու կողմ կարծիքներ հնչած են, տարբեր մեկնաբանութիւններ եղած են թեմային շուրջ: Այդ ամէնը ներկայացուած է մամուլի մէջ: Կեանքը կը կենդանանայ, երբ կ՝ուսումնասիրուին մամուլի հրատարակութիւնները: Շատ բան կը բացայայտուի, եւ ժամանակաշրջանը շօշափելի կը դառնայ»,- ըսած է Գրիգորեան:

Անդրադառնալով աղբիւրներուն՝ ան շեշտած է, որ թրքական արխիւներուն մէջ գրեթէ տեղեկութիւն չկայ, անգամ որեւէ մամուլի արձագանգ, թարգմանութիւն չկայ: «Երբ Կոմիտաս կ՝երթայ Եգիպտոս, տեղի մամուլի արձագանգները՝ արաբերէն թերթերու գրութիւնները, մեծ մասամբ թարգմանուած են, իսկ Պոլսոյ եւ Իզմիրի թրքական մամուլէն՝ ոչ մէկ թարգմանութիւն: Այդ առումով շատ աշխատանք կայ ընելու, քանի որ մենք պէտք է գիտնանք, թէ անոնք ինչ կը մտածէին, ինչ կը զգային: Ի հարկէ, Կոմիտասը ունեցած է զինք սիրողներ, օրինակ՝ իշխան Մէճիտը, որ նկարիչ էր, արուեստագէտ, սքանչացած էր Կոմիտասով եւ բազմիցս զինք հրաւիրած էր իր պալատ, բայց ատիկա բաւարար չէ, պէտք է մամուլի կարծիքը գիտնալ»,- ընդգծած է Արմինէ Գրիգորեան:

Ան խոստովանած է, որ գիրքը կազմելը բաւական բարդ էր, քանի որ երկար ժամանակ պահանջուած է ծանօթագրութիւններուն համար:

«Թերթապատում. մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետի մասին» գիրքը լոյս տեսած է «Վերածնունդ» մշակութային եւ հողեղէն հիմնադրամին աջակցութեամբ:







Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+