​Հայկական Արուեստի Փառատօն Զուիցերիոյ Արաու Քաղաքին Մէջ. «Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

15 Şubat 2020  

​Հայկական Արուեստի Փառատօն Զուիցերիոյ Արաու Քաղաքին Մէջ. «Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը -

​Հայկական Արուեստի Փառատօն Զուիցերիոյ Արաու Քաղաքին Մէջ. «Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը ​Հայկական Արուեստի Փառատօն Զուիցերիոյ Արաու Քաղաքին Մէջ. «Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը

13-15 Դեկտեմբեր 2019-ին Զուիցերիոյ Արաու քաղաքին մէջ կազմակերպուած էր «Արմինիըն արթ էքսփիրիընս 1» փառատօնը, որուն մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ արուեստագէտներ: Այս փառատօնին մասնակցեցան նաեւ լիբանանահայ արուեստագէտներու եւ կամաւորներու խումբ մը: Մօտէն ծանօթանալու համար այս ծրագիրին ու անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն` «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ մասնակիցներուն հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Զուիցերոյ Արաու քաղաքին մէջ կազմակերպուած հայկական փառատօնին մասին:

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Զուիցերոյ Արաու քաղաքին մէջ Միխալ Լէա Փոլատեանը 13-15 դեկտեմբեր 2019-ին կազմակերպած էր «Արմինիըն արթ էքսփիրիընս 1» փառատօնը, որ կ՛ընդգրկէր արուեստի տարբեր բնագաւառներ` քանդակագործութիւն, գեղանկարչութիւն, երաժշտութիւն, պար եւ հայկական աւանդական ճաշատեսակ: Լիբանանէն փառատօնին մասնակցեցան որպէս տուտուկահար` Րաֆֆի Չիլինկիրեանը, քանդակագործ` Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանը, Մարալ Տէր Պօղոսեանը` որպէս գեղանկարիչ, Ռուբինա Մկրտիչեան` որպէս պարուսոյց եւ պարող, Նանոր Տէր Պօղոսեանը` կրաֆիքս եւ կամաւոր, Աբօ Պալթայեանը` կամաւոր, Ցոլեր Մկրտիչեանը Պէլճիքայէն միացաւ որպէս կամաւոր եւ Մանուկ Չիլինկիրեանը` որպէս կամաւոր:

Փառատօնին մասնակցած էին տարբեր երկիրներէ արուեստագէտներ` Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Էսթոնիայէն, Հայաստանէն, Երուսաղէմէն եւ այլն, որոնք մեծամասնութեամբ հայ էին: Նշեմ նաեւ, որ փառատօնին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուցին երկու հոգեբաններ` Հայաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Այդ դասախօսութեան նիւթն էր «Ինչպէս յաղթահարել Հայոց ցեղասպանութեան հոգեցնցումը»:

Փառատօնին բացումը տուտուկի նուագով մը կատարեցի ես` ներկայացնելով «Ծաղկած բալենի»-ն: Յաջորդաբար երեք օրերու ընթացքին ելոյթ ունեցան բոլոր այն արուեստագէտները, որոնք մասնակցած էին փառատօնին:

Միխալ տարբեր երկիրներ այցելած է եւ` նկատած, որ տարբեր երկիրներ ապրող հայութեան միջեւ որքան ալ կան նմանութիւններ, կան նաեւ տարբերութիւններ: Ըստ անոր, իւրաքանչիւր հայ իր ապրած երկրին մէջ լաւագոյնս կը դրսեւորէ իր ինքնութիւնը` նկատի ունենալով տուեալ երկրին բոլոր պայմանները: Միխալին նպատակն էր այս փառատօնով հայ արուեստագէտներու միջեւ փոխյարաբերութեան հարթակ մը ստեղծել, որպէսզի անոնք սփիւռքի մէջ կարենան իրենց արուեստը ներկայացնել եւ ազատօրէն զայն արտայայտել:

ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ամէն մարդ իւրայատուկ ձեւով կրնայ արտայայտել իր ինքնութիւնը, օրինակ` արուեստագէտը իր ստեղծած արուեստին միջոցով: Ես, օրինակ, իմ պատկերներուս մէջ շատ կը գործածեմ գորգի տարրերը. հայկական ինքնութիւնը ներկայացնող այս երեւոյթը ներշնչեց Միխալը, որ բոլոր արուեստագէտները քով քովի բերէ, որպէսզի ստեղծեն նոր գորգ մը, որ կը խորհրդաշնէ հայ ինքնութիւնը իր այժմէական կնիքով: Ըսեմ, որ Միխալին մեծ մայրը Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնուհին եղած է: Միխալ առիթով մը այցելեց այդ վարժարանը: Ան իւրայատուկ ջերմութիւն մը կը զգայ Լիբանանի եւ Պուրճ Համուտի հանդէպ:

ԿԻՒԼԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Միխալը առիթով մը ներկայ եղած է պոլսահայու մը դասախօսութեան, որ խօսած է հայութեան յետցեղասպանութեան հոգեցնցումին մասին: Այս դասախօսութեան ընթացքին դասախօսը ներկայացուցած է յետեղեռնեան օրերուն պոլսահայերուն կրած նեղութիւններուն մասին: Այս դասախօսութեան ընթացքին Միխալը սկսած է մտածել իր ինքնութեան մասին: Այս մտածումներուն արդիւնքը եղած է փառատօնի մը ծրագիրը:

Այս փառատօնը դրական իմաստով խառնուրդ մըն էր նորին ու հինին: Փառատօնին իմ քանդակներս երկու մասի բաժնուած էին, մէկը հայրենիքէն հեռացողները կը խորհրդանշէր, որոնք իրենք զիրենք օտար կը զգան այլ ափերուն վրայ եւ միշտ կարօտը ունին հայրենիքին, իսկ երկրորդ կը խորհրդանշէր անոնք, որոնք մնացին իրենց հողին վրայ, հինը նորով փոխարինեցին եւ վերաշինեցին իրենց հայրենիքը` Հայաստանը կամ Լիբանանը:

«Ա.».- Ձեր մասնակցութիւնը փառատօնին ինչպէ՞ս կարգաւորուեցաւ:

ՆԱՆՈՐ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Քրոջս միջոցով ծանօթացայ Միխալին, որ ուզեց փառատօնի կրաֆիք տիզայնը ես ստանձնեմ: Մօտաւորապէս 6 ամիս տեւեց աշխատանքը: Այս ամիսներու ընթացքին Միխալ երկու անգամ այցելեց Լիբանան եւ անձամբ հետեւեցաւ աշխատանքին: Ըսեմ նաեւ, որ փառատօնի տպագրական գործերն ալ հոս` Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան:

ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ- «Պատկեր» ճաշարանին մէջ հանդիպեցայ Միխալին, 2018-ին, որ միտք մը ունէր հայկական փառատօն մը կազմակերպելու. ան խօսեցաւ այդ ծրագրին մասին, որով ես ալ ոգեւորուեցայ եւ քաջալերուեցայ: Ան իր մեկնելէն ետք համալսարանի իր մասնագիտութեան ծիրին մէջ առաջարկած է այս ծրագիրը իրագործել, որուն ընդունուելէն ետք զայն յաջողցնելու համար սկսած է հիմնադրամներու դիմել, որպէսզի կարենայ ծախսերը հոգալ: Ըսեմ նաեւ, որ իրեն օգտակար դարձած են 6 զուիցերիական եւ մէկ հայկական հիմնադրամներ:

Ան իմ միջոցով ծանօթացաւ նաեւ մօրս քանդակներուն, ապա` միւս մասնակիցներուն, եւ մեր խումբը ամբողջացաւ:

Ռուբինա Մկրտիչեանը «Պատկեր» ճաշարանին մէջ շրջան մը պարի դասեր կու տար: Նոյն այդ շրջանին Միխալ ծանօթացած է Ռուբինային: Անոնք զրուցած են եւ` իրարու հետ կապ հաստատած: Նանորին հետ աշխատած միջոցին, Միխալ աշխատեցաւ նաեւ Ռուբինային հետ եւ միասին պատրաստեցին աւանդական եւ միաժամանակ այժմէական պար մը, զոր ներկայացուցին փառատօնին: Անոնք ցերեկը կը պարէին, իսկ գիշերները կրաֆիքի աշխատաքները կը կատարէին:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԻԿԵԱՆ.- Ըսեմ, որ ինծի դիմեցին, որպէսզի պարի փորձի համար տեղ ապահովենք. կրցանք տրամադրել «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի պարի սրահներէն մէկը, որպէսզի փորձ ընեն Միխալը եւ Նանորը: Այս ընթացքին Միխալը ինծի իր ծրագիրին մասին խօսեցաւ, եւ ես բաւական խանդավառուեցայ: Միխալը առաջարկեց, որ որպէս կամաւոր մասնակցիմ փառատօնին եւ այդպէս ալ ներգրաւուեցայ ծրագրին մէջ:

Մենք տեղի ունենալիք ելոյթներու մասնակիցներուն տոմսակները կտրեցինք հիմնականին մէջ, ինչպէս նաեւ օգտակար դարձանք ձեռնարկներու վերջին պատրաստութիւններուն: Օգտակար դարձանք նաեւ հայկական ապրանքատեսակներու վաճառքի աշխատանքներուն:

ՄԱՆՈՒԿ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Երբ լսեցի, որ եղբայրս նման ծրագիրի մը մաս պիտի կազմէ, շատ ուրախացայ, որովհետեւ լաւ փորձառութիւն մը պիտի ունենար: Ինծի ալ առիթ տրուեցաւ, որ մասնակցիմ որպէս կամաւոր: Իրականութեան մէջ իմ հետաքրքրութիւններէս մէկն է հայկական տարբեր գաղութներու հետ շփում ունենալ, հետեւաբար դրական եղաւ պատասխանս:

Կամաւորները տարբեր բաժիններու մէջ իրենց օգնութիւնը ցուցաբերեցին: Ուր որ մարդուժի կարիք կը տեսնուէր, այնտեղ օգտակար դարձանք: Բոլորս ալ հետաքրքրուած էինք, թէ ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենար այս փառատօնը, ի՞նչ արձագանգ պիտի ձգէր եւ ինչպէ՞ս տարբեր արուեստագէտներ իրարու հետ կապ պիտի հաստատէին:

Այս փառատօնին մասնակցելով` շատ աւելի հասկցայ լիբանանահայ գաղութին զօրութիւնը: Զուիցերիոյ մէջ տարին մէկ-երկու անգամ տեղի ունեցող ձեռնարկները քաջալերելի կը նկատուին, մինչ մեզի` լիբանանահայերուս համար մշակութային ձեռնարկներ ամսական դրութեամբ կը կազմակերպուին: Իրապէս շատ աւելի արժեւորեցի Լիբանանի հայ համայնքը իր բոլոր կառոյցներով եւ գործունէութիւններով, որովհետեւ մշակութային գետնի վրայ ու նաեւ այլ բնագաւառներու մէջ լաւ կազմակերպուած է:

Հետաքրքրական էր փառատօնին մասնակցող արուեստի տարբեր խումբերու հետ մեր ունեցած հաղորդակցութիւնը: Անոնցմէ շատեր յայտնեցին, որ օտար երկիրներու մէջ իրենք կ՛աշխատին իրենց հանդիպումներու ընթացքին իրարու հետ հաղորդակցիլ հայերէնով, երեւոյթ մը, որ զարմացնելու չափ ուրախացուց զիս:

«Ա.».- Խօսինք փառատօնին ձգած արձագանգներուն եւ ձեր տպաւորութիւններուն մասին:

ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Կը կարծեմ` փառատօնը նորութիւն էր զուիցերիացիներուն համար, որոնք հետաքրքրութեամբ ներկայ եղան փառատօնի տարբեր բաժիններուն: Փառատօնին նպատակը միայն զուիցերիացիներուն հայկական մշակոյթը կամ խոհանոցը հրամցնել չէր, այլ արուեստագէտներու եւ մասնակիցներուն միջեւ ցանց մը ստեղծել եւ հետագային զանոնք քով քովի բերել էր: Փառատօնը ինծի համար շատ դրական էր, որմէ ետք ես անդրադարձայ, որ հայկական ինքնութիւնը ապահով է եւ վտանգուած չէ, այնքան ատեն որ կան հայ արժէքներով հետաքրքրուած նոր սերունդներ հայրենիքէն դուրս, տարբեր երկիրներու մէջ:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԻԿԵԱՆ.- Այն գաղութներուն մէջ, ուր կազմակերպութիւններ ընդհանրապէս չկան, Մեխալին պէս մարդիկ, որոնք ինքնութեան զարթնում մը կ՛ապրին, գաղութը կրնան ողջ պահել: Մեխալին պէս մարդիկ իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ, որովհետեւ նախապէս իրենք արդէն այդ գաղութներուն մէջ սիրուած եւ յարգուած մարդիկ են: Հետեւաբար իրենց կազմակերպած բոլոր ձեռնարկները լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն:

ՆԱՆՈՐ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ծանօթացայ նոր մարդոց, եւ այս ծրագիրը առիթ մը եղաւ, որպէսզի ինքնութեանս կառչած մնամ ու զայն ամէն գնով պահպանեմ:

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Ինծի համար փառատօնը դրական էր: Այո՛, կը գիտակցիմ, որ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ հայեր կ՛ապրին, բայց այս փառատօնին մասնակցելէս ետք հասկցայ, թէ ո՛ւր է մեր տեղն ու դերը: Ես այն տպաւորութեամբ վերադաձայ, որ լիբանանահայ գաղութը պահելը շատ կարեւոր է ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլ` աշխարհի հայութեան: Հասկցայ նաեւ, որ մշակութային, լեզուի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ լիբանանահայը շատ տալիք ունի աշխարհի հայութեան:

ՄԱՆՈՒԿ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Փառատօնը առիթ էր տարբեր արուեստագէտներու եւ զուիցերիացի անհատներու հետ ծանօթանալու եւ հաղորդակցելու: Այս փառատօնը նաեւ առիթ եղաւ, որ մենք` լիբանանահայերս աւելի մտերմանանք իրարու:

ԿԻՒԼԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Տեղացի հայերէ ոմանք կրցան փառատօնին մասնակցիլ, շատեր փափաքեցան գալ, բայց չկրցան երթեւեկութեան եւ մուտքի տոմսակներուն համեմատաբար բարձր գինին պատճառով: Ինծի համար մեծ նորութիւն էր պոլսահայերու ներկայութիւնը Արաուի մէջ: Միտքէս չէր անցներ, որ Եւրոպայի հեռաւոր մէկ անկիւնը այդքան լաւ հայեր կ՛ապրին, որոնք մտածած են ակումբ հիմնել եւ աշխուժ աշխատանք տանիլ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+