Ծաղկազարդ. Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաչին հետ կարելի չէ բանակցիլ» - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

15 Nisan 2019  

Ծաղկազարդ. Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաչին հետ կարելի չէ բանակցիլ» -

Ծաղկազարդ. Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաչին հետ կարելի չէ բանակցիլ» Ծաղկազարդ. Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաչին հետ կարելի չէ բանակցիլ»

Խաչի ճանապարհի իր նուաստացումով Յիսուս ուզեց մեզի բանալ հաւատքի ուղին.

Կիրակի 14 ապրիլ 2019ին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակութեան օրն է՝ Ծաղկազարդ է։ Այս օր կը յիշատակուի նաեւ երիտասարդներու միջազգային 34 օրը։Ունկնդրէ լուրըԾաղկազարդի տօնին առթիւ, աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Ծաղկազարդի հանդիսաւոր թափորը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ երիտասարդներ, եւ որուն յաջորդեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կեդրոնական կոթողին մօտ արմաւենիներու եւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւնը, եւ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը զոր Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին զետեղուած բացօթեայ խորանին վրայ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին կատարուած աւետարանական ընթերցումէն ետք Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը խօսքը կեդրոնացնելով Ծաղկազարդի տօնին երկու կարեւոր երեւոյթներու վրայ. Յիսուսին Երուսաղէմ յաղթական մուտքի օրհնաբանութիւնները եւ Յիսուսին նուաստացումը։

Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ինչպէս դիմարգուել դժուար պահերը ու ամենէ նենգ փորձութիւնները, սրտին մէջ պահպանելով անդորրութիւն մը որ Աստուծոյ՝ փրկութեան, կեանքի եւ ողորմած կամքին անվերապահ յանձնում է։

Իր առաքելութեան սկիզբէն ու մինչեւ անոր աւարտը Յիսուս կը դիմադրէ փորձութիւններուն Հօր Աստուծոյ հաւատարիմ վստահութեամբ։ Այսօր եւս Ան մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը։ Երուսաղէմ մուտքի եղելութեան մէջ չարը կ՛ուզէր ի յայտ դնել յաղթականութիւնը, սակայն Տէրը անոր կը պատասխանէ հեզութեան ճանապարհով։

Այդ յաղթականութեան նուրբ ձեւերէն մին է հոգեւոր աշխարհականութիւնը որ ամենամեծ վտանգն է որ կը սպառնայ եկեղեցւոյ եւ Յիսուս այդ յաղթականութիւնը կործանեց իր չարչարանքներով։

Տէրը իսկապէս բաժնեկից դարձաւ ժողովուրդին ուրախութեան, Անոր սիրտը կը հրճուէր ի տես մարդոց հրճուանքին ու Իսրայէլի աղքատներու տօնախմբութեան, մինչեւ այն աստիճան, որ երբ փարիսեցիները Անորմէ կը խնդրեն որ յանդիմանէ աշակերտներն ու ամբոխը, Ան կը պատասխանէ «Եթէ ասոնք լռեն, քարերը կ՚ աղաղակե՛ն» (Ղուկաս 19, 40) ։

«Հեզութիւնը արդարեւ չի նշանակէր ժխտել իրականութիւնը, եւ Յիսուս իրական Մեսիան է ու իսկական Թագաւորը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով ապա Քրիստոսի այլ ուղղութեամբ ընթացող սրտին՝ այն ուղղութիւնը որ կը տանի սրբութեան եւ զոր միայն Ինք ու Հայրը կը ճանչնան, նուաստացումի, ծառայութեան ու մինչեւ մահ՝ ու խաչին վրայ մահուան հնազանդութեան ուղին։

Յիսուս լաւապէս գիտեր թէ իսկական յաղթականին հասնելու համար հարկաւոր էր տեղ բանալ Աստուծոյ ու այդ մէկը ընելու համար հարկաւոր էր լռել, աղօթել ու նուաստանալ։

Խաչին հետ կարելի չէ բանակցիլ, կամ կ՛ողջագուրենք զայն ու կամ կը մերժենք։ Եւ իր նուաստացումով Յիսուս ուզեց մեզի բանալ հաւատքի ուղին որպէսզի անոր մէջ կորսուինք։ Այդ ուղիին վրայ առաջին ընթացողը եղաւ Յիսուսին Մայրը՝ Մարիամ, առաջին աշակերտը։ Սուրբ Կոյսն ու սուրբերը չարչարանքներ կրեցին քալելու համար հաւատքի ու Աստուծոյ կամքի ճանապարհին վրայէն։

«Հաւատքի գիշերն է սա, սակայն նոյն այդ գիշերէն է որ կը տանի Յարութեան արշալուսին» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Մարիամ ու բազմաթիւ սուրբերուն որոնք հետեւեցան Յիսուսին հնազանդութեան ու հեզութեան ճանապարհին։

Այսօր Երիտասարդներու միջազգային օրուան առթիւ կ՛ուզեմ յիշել բոլոր այն երիտասարդ սուրբերը ու յատկապէս «դրացի» սուրբերը զոր միայն Աստուած կը ճանչնայ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն հրաւիրեց չամչնալու իրենց Յիսուսն նկատմամբ խանդավառութիւնը յայտնելու ու բացագանչելու թէ Ան կ՛ապրի ու մեր կեանքն է։

«Միեւնոյն ատեն մի վախենանք հետեւելու նաեւ Խաչի ճանապարհին։ Ու երբ զգաք թէ Ան ձեզմէ կը խնդրէ հրաժարիլ դուք ձեզմէ, մերկանալ ձեր ապահովութիւններէն ու ամբողջութեամբ յանձնուիլ Հօր՝ որ երկնքն է, այն ժամանակ ուրախացէք եւ հրճուեցէք որովհետեւ կը գտնուիք Աստուծոյ Թագաւորութեան ուղիին վրայ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ ակնարկելով ապա Յիսուսին լռութեան նշեց թէ «մեծ վիշտերու ու խաւար պահերու ընթացքին հարկաւոր է լռել, քաջութիւնը ունենալ լռելու, խոնարհ եւ անոխերիմ լռութեամբ»։

«Այդ լռութեան հեզութիւնը կարող է մեզ ներկայացնել աւելի տկար ու նուաստացած եւ այդ պահուն է որ սատանան գործի կը լուծուի, սակայն հարկաւոր է որ մենք Յիսուսի նոյն վարուելակերպը որդեգրենք ու մնանք լրութեան մէջ, որովհետեւ պատերազմը Աստուծոյ ու այս աշխարհի իշանին միջեւ է, ու ասոր համար հարկաւոր է հաստատ մնալ հաւատքի մէջ, որովհետեւ այդ պահը Աստուծոյ պահն է ու պէտք է թոյլ տանք որ Ան գործէ, մնալով Անոր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ներքոյ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը ազաւրտեց հաստատելով թէ «Մինչ կը սպասենք որ Տէրը ժամանէ ու հանդարտեցնէ փոթորիկը, մեր աղօթքի մէջ լռելեան վկայութեամբ, մենք մեզի եւ ուրիշներու պարգեւենք մեր մէջ գտնուող յոյսին պատճառը։ Այս մէկը մեզ պիտի օգնէ ապրելու յիշատակի եւ խոստումի միջեւ սուրբ լարուածութիւնը ու խաչին կատաղութեան իրականութիւնը ինչպէս նաեւ Յարութեան Յոյսը»։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+