​Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Արդէն Բացուած է - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

06 Nisan 2019  

​Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Արդէն Բացուած է -

​Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Արդէն Բացուած է ​Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Արդէն Բացուած է

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան` որպէս առանձին ուիքիհարթակ, արդէն բացուած է։

Հանրագիտարանը դեռ նոր է, համարեա դատարկ, եւ շուտով Արեւելահայերէն Ուիքիփետիայէն արեւմտահայերէն յօդուածները պիտի տեղափոխուին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա, եւ հանրագիտարանը բնականոն հունով արդէն պիտի շարունակէ զարգանալ․ կը գրէ “Վիքիմեդիա Հայաստան”-ի ֆէյսպուքի էջը։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առաջին յօդուածը յատկանշական է․ ան կը պատմէ Մայրենի լեզուի օրուան մասին`https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մայրենի_Լեզուի_Օր

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի` որպէս առանձին հանրագիտարան դառնալու ջանքերուն նպաստած են «Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն աջակցած են Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման եւ հովանաւորած նախագիծի միջոցառումները:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորիս համար: Ուիքիփետիայի խմբագրման հնարաւորութիւններուն ծանօթ բոլոր անձիք կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել հանրագիտարանի զարգացման գործին:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+