Թրքական Կայքը Անդրադարձած է Հայկական Թղթադրամի Վրայ Սարոյեանի Պատկերին -
Թրքական Կայքը Անդրադարձած է Հայկական Թղթադրամի Վրայ Սարոյեանի Պատկերին
Թրքական «Sozcu» թերթին կայքը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուելիք նոր՝ 3-րդ սերունդի 5000 անուանական արժէքով թղթադրամին վրայ Ուիլիըմ Սարոյեանը պատկերելու փաստին:
«Պիթլիսէն դուրս եկաւ, Հայաստանի թղթադրամին վրայ պատկերուեցաւ» վերնագիրով հրապարակման մէջ յօդուածագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուելիք թղթադրամներուն եւ նշած, որ անոնցմէ մէկուն վրայ Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած անձնաւորութիւն մը պատկերուած է:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Սարոյեանի ընտանիքը Միացեալ Նահնագներ գաղթած է ներկայ Թուրքիոյ Պիթլիս (Բաղեշ) քաղաքէն:
«Պիթլիսէն ԱՄՆ-ը գաղթած եւ գրականութեան պատմութեան մէջ իրեն համար իւրայատուկ տեղ նուաճած Ուիլիըմ Սարոյեանը… Պուլիցերեան եւ Օսկար մրցանակներու դափնեկիր Սարոյեանը կը պատկերուի Հայաստանի 5000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամին վրայ»,- նշած է յօդուածին հեղինակը:
Հրապարակման մէջ համառօտ անդրադարձ եղած է Սարոյեանի կենսագրութեան, ստեղծագործական կեանքին ու ստացած մրցանակներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի նշանաւոր գրող Էռնեսթ Հեմինկուէյի հետ ունեցած տարաձայնութիւններուն:
Ուիլիըմ Սարոյան թէեւ ծնած է ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, սակայն ամուր կապ պահպանած է իր նախնիներու հայրենիքին հետ եւ 1964-ին այցելած է Արեւմտեան Հայաստան՝ Պիթլիս:
2014-ին, երբ լրացաւ Սարոյեանի այցին 50-ամեակը, Պիթլիսի քրտական աւագանին որոշում կայացուց քաղաքի Սափգոր թաղամասին այն փողոցը, ուր ապրած է գրողին ընտանիքը, անուանակոչելու Սարոյեանի անունով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com