Եթէ Հայաստանի Հետ Համատեղ Նախագիծ Ըլլայ, Վանի Օդակայանը Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Ամենամեծը Ըլլայ -
Եթէ Հայաստանի Հետ Համատեղ Նախագիծ Ըլլայ, Վանի Օդակայանը Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Ամենամեծը Ըլլայ
November 20, 2018ArekyԱշխարհ, ԷրկիրԹուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը մասնակցած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէի քննարկումներուն։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Փայլանը, քննադատելով մշակոյթի նախարարութեան ձեռնարկած շարք մը քայլերը եւ նախագիծերը, ըսած է.
«Նախարարութիւնը ոչ մէկ տեսլական ունի Վանի նահանգին համար։ Հաւատացէք Վանի օդակայանը տարողունակութեամբ կրնայ գերազանցնել Անթալիոյ եւ Դալամանի օդակայեանները։ Վանի մէջ լուրջ քաղաքակրթութիւն կայ։ Եթէ այնտեղ մասնագիտական նախագիծ իրականացուի, եթէ Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ համատեղ նախագիծ ըլլայ, Վանի օդակայանը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ըլլալ ամենամեծը։ Օրինակ՝ Վանի Էտրեմիթ (պատմ Արտամէտ) շրջանը դրախտի անկիւն է։ Վանը յայտնի է 4 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ուրարտական թագաւորութեամբ։ Վանի մէջ հայկական եկեղեցի կայ, այնտեղ է նաեւ Արշիլ Գորկիի գիւղը։ Սակայն այստեղ քաղաքապետարանի հոգաբարձուի յանձնարարութեամբ հայկական գերեզմանոցի վրայ լուացարան կը կառուցէ»,- ըսած է Փայլանը։ Ան յիշեցուցած է, որ հայկական գերեզմանատան վրայ կառուցուած լուացարանը այդպէս ալ չէ կազմաքանդուած՝ թէեւ ժամանակին զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարը հրահանգած էր կազմաքանդել զայն:
Յիշեցնենք, որ արտամէտի քաղաքապետարանի հոգաբարձուի յանձնարարութեամբ հանրային լողափի հարեւանութեամբ գտնուող պատմական բլուրի եւ հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցուած են հանրային լուացարան եւ հանդերձարաններ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com