«Պի.Պի.Սի.» Հայկական Հիւրասիրութեան Մասին - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

13 Ekim 2017  

«Պի.Պի.Սի.» Հայկական Հիւրասիրութեան Մասին -

«Պի.Պի.Սի.» Հայկական Հիւրասիրութեան Մասին «Պի.Պի.Սի.» Հայկական Հիւրասիրութեան Մասին

Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակից Պեն Լերվիլ, որ ծանօթ է իր ճամբորդական նոթերով, այս անգամ անդրադարձած է հայերուն եւ Հայաստանին, մանաւանդ` հայերու հիւրասիրութեան: «Պի.Պի.Սի».-ի միլիոնաւոր ընթերցողներուն համար վստահաբար նոր աշխարհ մը կը բացուի, իսկ մեզի համար հետաքրքրական է բոլորովին օտարին առարկայական աչքով տեսնելը մեր հիւրասիրութիւնը եւ անդրադառնալը ատոր, մանաւանդ որ ան նոյնպէս կը խօսի Ցեղասպանութեան մասին:

Պեն Լերվիլ Վրաստանէն անցած է Հայաստան:

Հայկական Հիւրասիրութիւնը Կարելի ՉէՄոռնալ
Հիւսիսային Հայաստանէն ես կ՛ուղղուէի մայրաքաղաք Երեւան: Իմ ճամբորդութիւնս դանդաղօրէն զիս կը տանէր դէպի հարաւ: Բնավայրը այստեղ մկանոտ եւ հուժկու է. լերկ զառիթափեր եւ խորունկ, գլխապտոյտ պատճառող ձորեր: Վրաստանէն Հայաստանի սահմանը հատելէ ետք, ես նստայ հին, փոքր հանրակառք մը, որ այստեղ կը կոչեն մարշրութքա (ամէնէն աժան հանրային փոխադրամիջոցներէն մէկը, որ Կովկասի մէջ կ՛երթեւեկէ): Վարորդի ղեկին վրայ թառած էր փոքրիկ, մեղրագոյն, սիրուն թռչուն մը, որ հինգ վայրկեան դիտեց ճամբան, շրջանակաձեւ դարձաւ անայլայլ ուղեւորներուն վերեւ եւ ապա պատուհանէն թռաւ գնաց դէպի ժայռոտ, թուխ բլուրները: Ի՞նչ էր ասիկա: Տնային վարժա՞նք: Բախտաբեր ծիսակատարութի՞ւն: Բնաւ չգիտցայ: Թերեւս նշան մը` անսպասելին ակնկալելու:

Ես հասայ Դիլիջան: Բնաւ չէի ծրագրած գիշերը մնալ Դիլիջանի մէջ: Բայց փոքր քաղաքը գրաւիչ եւ գեղեցիկ էր, տարածուած զառիթափերուն վրայ, ծածկուած` կաղնիի անտառներով: Ուսումնասիրելով տեղւոյն բնութիւնը` ես հակցայ, որ Հայաստանի իմ ճամբորդութիւնս հետաքրքրական պիտի ըլայ: Ես պէտք է Դիլիջանէն Երեւան հասնէի, բայց ամբողջ օրը անցուցի շրջանը եւ եկեղեցիները ուսումնասիրելով, եւ արդէն ուշ երեկոյեան Դիլիջանի մէջ ինծի շարժումներով բացատրեցին, որ այդ օրուան հանրակառքերը վերջացած են: Այնպէս որ, ստիպուած էի քաղաքին մէջ մնալ:

Գիշեր մը այս քաղաքին մէջ վստահաբար ծանր պիտի չըլլար: Ես հետագային գիտցայ, որ խորհրդային ժամանակներուն Դիլիջանը կ’անուանէին «Խորհրդային Զուիցերիա»:

Ես ուրեմն կեցութեան վայրի մը պէտք ունէի: Հին տեղեկատուով գտայ տուն մը, ուր կարելի էր գիշերը անցընել: Տունը կը գտնուէր քաղաքի արուարձաններուն մէջ, բլուրին վրայ: Կը յուսայի, որ առնուազն մէկը կը գտնեմ հոն: Տունը անջատուած էր ճամբայէն մետաղեայ դարպասներով: Քանի մը անգամ զարկի, բայց` երկար լռութիւն: Այնպէս թուեցաւ, որ այցելուներու, հիւրերու ներկայութիւնը յաճախակի չէ: Ես անդրադարձայ, որ նոյնիսկ այլեւս պանդոկ չէ: Մտածեցի, որ սխալ տեղ կրնամ եկած ըլլալ: Ես փորձեցի արտասանել հայերէն ողջոյնի բառեր. լաւատես` «Բարեւ ձեզ»-ը, նախ` մեղմ, ապա բարձրաձայն, քիչ մը ապուշի նման զգալով: Ի վերջոյ ոտնաձայներ լսուեցան, եւ դարպասները բացաւ միջին տարիքի կին մը: Ան հարցական ինծի նայեցաւ: Ես ցոյց տուի իմ ուղեցոյցս: Ի հանգստութիւն ինծի` ան ժպտաց, թեւս մտաւ` զիս տուն առաջնորդելով: Ցոյց տուաւ այն սենեակը, ուր ես կրնայի գիշերել: Սենեակին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին կոկիկ ծածկուած մահճակալը` գունաւոր վերմակներով: Անդրադարձայ, որ տան մէջ ձայներ կան: Խնդուքը կը հոսէր միջանցքին մէջ: «Ժամը 7:00-ն է», ըսաւ կինը անգլերէն եւ ցոյց տուաւ դիմացի սենեակը: Ան ձեռքի եւ բերնի շարժումներով հասկցուց` ուտել: Ես յոյս չունէի, որ ուշ երեկոյեան ընթրելու կարելիութիւն կ՛ունենամ, եւ միտքէս չէր անցներ, որ զիս կը դիմաւորեն բաց սեղանով` վրան բազմատեսակ ուտելիք եւ խմիչք:

Պարզուեցաւ, որ այդ օրը կնոջ աւագ դստեր 18-ամեակն էր, եւ ես յայտնուեցայ հիւրասենեակին մէջ, ուր տասնեակ մարդիկ հաւաքուած էին: Բոլորն ալ ամուր կերպով ձեռնուեցան հետս, աթոռ մը յատկացուցին, եւ բնականաբար, ես չյաջողեցայ այդտեղէն դուրս գալ «ողջ ու սթափ»: Ուտելիքը չէր վերջանար, ընդհակառակը, կ՛աւելնար հսկայական նոր բաժիններով, եւ ես կուշտ կերայ հայկական լաւաշ, սմբուկ, ձիթապտուղ, աղցաններ, մսոտ կերակուրներ, պանիրի տեսակներ, սունկով հաւ: Այդ բոլորին հետ կը խմէինք տան մէջ պատրաստուած օղի: Կողքիս նստած էին աղջկան երկու հօրեղբայրները, որոնք իրենց պարտքը կը նկատէին հետեւիլ գաւաթիս, որպէսզի նոյնիսկ երկվայրկեան մը դատարկ չմնայ: Մինչ խնճոյքը կը շարունակուէր, հօրեղբայրը կ՛առաջարկէր, որ խմենք բոլորին եւ ամէն բանի ` Հայաստանի, Բրիտանիոյ, իրենց ընտանիքին, իմ ընտանիքիս, հանգուցեալներու, ապագայի, ընկերութեան կենացը: Ինծի կը փաթթուէին եւ անընդհատ կը հիւրասիրէին: Ես շփոթած էի: Կը յիշեմ միայն գաւաթներու չխչխկոցն ու կոկորդիս մէջ ալքոլի ջերմութիւնը: Այնուհետեւ սկսան երգերը, ապա բերին քաղցրեղէնը: Երեկոն վերջ գտաւ ընդհանուր բուռն գրկախառնումով, ջերմ ողջագուրումով եւ յաւերժ սրտակից մնալու վճիռով:

Առաւօտեան ձեւով մը արթննալէ ետք ես նոյնպէս ճոխ նախաճաշ ստացայ: Ամէնէն տարօրինակը այն էր, որ երբ կ՛ուզէի վճարել գիշերային կեցութեան համար, ինձմէ դրամ չառին եւ ըսին, որ կը վիրաւորուին, եթէ ես պնդեմ:

Ինծի տուին հարաւային Հայաստանի մէջ իրենց մէկ ազգականին հասցէն (այժմ խորապէս կը զղջամ, որ չայցելեցի) եւ զիս ամբողջ ընտանիքով ջերմօրէն ճամբեցին դէպի հանրակառքի կայարան: Միայն այդ ատեն այդ ընտանիքին ջերմ ընդունելութեան տարողութիւնը խորասուզուեցաւ մէջս: Ես ամբողջովին օտարական մըն էի, երկրէ մը, որ հազարաւոր մղոններ հեռու է: Ես անակնկալօրէն յայտնուած էի իրենց դարպասներուն առջեւ, անկոչ, չածիլուած եւ` հազիւ ժամ մը առաջ ընտանեկան տօնական ընթրիքէն: Հակառակ ատոր, ինծի ոչ միայն սենեակ եւ անկողին յատկացուեցաւ, այլ զիս հիւրասիրեցին ընտանեկան սեղանին շուրջ այնքան բնական եւ այնքան առատաձեռն, կարծես իրենցմէ մէկը ըլլայի: Ատիկա ընդարձակեց «հիւրատան» (կեսթհաուս) բնութագրումը դէպի անհաւանական ծայրայեղութիւններ:

Հայերը շատոնց հռչակաւոր եղած են դրսեցիներու հանդէպ իրենց հիւրընկալութեամբ, վեհանձնութեամբ: Երկիրը կը գտնուի առեւտրային Մետաքսի ճամբու քառուղիի վրայ: Ասիկա անշուշտ ազդած է մարդոց մէջ այդ յատկանիշին զարգացման: Այստեղէն անթիւ-անհամար վաճառականներ, զինուորներ, գաղթականներ եւ թափառականներ անցած են:

Քրիստոսէ առաջ 400 թուականին յոյն զօրավար Քսենոֆոն իր բանակները այս կողմ բերած է եւ ապա տեղեկացուցած է ճոխ սեղանններու` առատ ուտելիքներու եւ համեղ գինիի մասին:

Հաւանաբար պէտք է նշել, որ կովկասեան երեք երկիրներ` Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Վրաստան լուրջ կասկածներ ունին իրարու հանդէպ: Տարածուած հայկական ճոք մը կայ, որ այս ամբողջը կ՛ամփոփէ: Տղեկ մը իր մեծ հօրը կը հարցնէ, թէ Հայաստան ինչո՞ւ տակաւին տիեզերագնաց մը չէ ղրկած անջրպետ: Մեծ հայրը կ՛ըսէ. «Որովհետեւ վրացիները նախանձէ կը մեռնին, ապա մենք ուրախութենէ կը մեռնինք եւ ազերիներուն կը մնան բոլոր հողերը»:
Հայաստան 1914-1923 թուականներուն անասելի ցաւ եւ դաժանութիւն ապրեցաւ, առնուազն` տեղահանութեամբ եւ իր ժողովուրդի 1,5 միլիոնի սպանութեամբ: Ամերիկայի տասնեակներով նահանգներ եւ աշխարհի 29 երկիրներ ասիկա կը ճանչնան որպէս ցեղասպանական արարք` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Այսօրուան Թուրքիան կը մերժէ այդ բնութագրումը: Հայաստանի ազգային հոգեբանութիւնը անխուսափելիօրէն ձեւաւորուած է ժամանակաշրջանին մէջ: Եւ ադպիսով միայն ամրապնդուած, արմատաւորուած է գաղափարը, որ խաղաղ եկողները պէտք է ողջունուին գրկաբաց:
Ես միայն այսքանը կրնամ ըսել. երբ Հայաստանի մէջ հիւրընկալուիք, անկարելի է, որ ատիկա մոռնաք:

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+