Անորոշութեան Գագաթնակէտ -
Անորոշութեան Գագաթնակէտ
Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը կը շարունակէ տեւաբար զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը։ Հարցը արդէն նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է 9 Հոկտեմբերի դրութեամբ։ Արդարեւ, 9 Օգոստոսի դրութեամբ Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան համար Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ դիմում ներկայացուցած էր Ներքին գործոց նախարարութեան։ Սովորական ընթացակարգով երկու ամսուան ժամկէտը լրացած է, սակայն պաշտօնական մարմիններուն կողմէ պատասխան մը չէ եկած։ Այդ 60 օրուան ժամկէտին ապարդիւն լրացած ըլլալը յաչս մեր համայնքին հերթական անգամ կը բիւրեղացնէ, թէ կան խնդրայարոյց պարագաներ։ Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ հանդէս եկաւ նոր մեկնաբանութիւնով մը։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է սպասման շրջանի վերջնաժամկէտ համարել 120 օրը, որովհետեւ սա դասական վարչական գործ մը չէ։ Յառաջիկայ շրջանին, անշուշտ, յայտնի պիտի դառնայ, որ ենթակայական այս նոր մեկնաբանութիւնը հիմնաւորուա՞ծ է կամ ոչ։ Յամենայնդէպս, համայնքային շրջանակները Պատրիարքարանի՝ ժամանակ շահելու ուղղեալ քայլերուն կը հետեւին մտահոգութեամբ՝ մանաւանդ, որ անոնց համար տրուած պատճառաբանութիւնները, հիմնաւորումները հեռու են միանշանակօրէն համոզիչ ըլլալէ։ Այլ խօսքով, մեր համայնքը անորոշութեան գագաթնակէտին հասած է պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։
Այս կապակցութեամբ շօշափեցինք կարծիքը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, որու կողմէ կատարուած զգուշացումները դժբախտաբար միշտ կ՚արդարանան։ Այսինքն, իր կանխատեսումները ժամանակի ընթացքին ճիշդ դուրս կու գան։ Ուստի, ներկայ փուլին հերթական անգամ դիմեցինք իր մեկնաբանութեան։ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Միշտ կը կրկնեմ՝ ներկայ վիճակով անկարելի է, որ որպէս համայնք կարենանք նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը իրականացնել։ Չեմ ուզեր ոեւէ մէկը մեղադրել կամ քաւ լիցի, որ համարձակիմ վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենալու, բայց եւ այնպէս, մեր ներկայ Նախաձեռնարկ մարմնով ու տեղապահով երբեք պիտի չկարենանք երթալ ընտրութեան։ Սա է ճշմարտութիւնը։ Կամայ թէ ակամայ գործուած են սխալներ, առնուած են անհեռատես քայլեր։ Ես կը յարգեմ բոլորի նախընտրութիւնը, սակայն այսօր արդէն յայտնի դարձած է, որ ցայսօր առնուած քայլերը մնացած են ապարդիւն եւ լուծում չեն կրնար ապահովել մեր խնդրին։ Կը ցաւիմ այս բոլորը արձանագրելու ժամանակ, բայց պէտք է խորաթափանց ախտաճանաչում մը ընենք՝ որպէսզի երաշխաւորեալ դարմանում մը ունենանք։
«Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ առկայ փակուղին կրնայ յաղթահարուիլ, եթէ քաղաքիս թրքահպատակ, տեղացի երկու սրբազաններու յարաբերութիւններուն մէջ ապահովուի զարգացում մը եւ անոնց միջեւ այլեւս ի վերջոյ ստեղծուի համերաշխ համագործակցութեան մթնոլորտ մը։ Եթէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խուսափին այս ծանր պատասխանատուութենէն, ապա դժուար թէ արդարանան պատմութեան առջեւ։ Լուծման բանալին անոնց ձեռքին մէջ է եւ ես համոզուած եմ, թէ մեր հոգեւորականաց դասն ալ պէտք է խրախուսէ անոնց միջեւ դրական մթնոլորտի մը ստեղծուիլը»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com