Սուլթան Էրտողան եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. -
Սուլթան Էրտողան եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.
Թուրքիոյ վերջին երկու տասնամեակներու պատմութեան հետեւողը նկատի պիտի առնէ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի արագ վերելքը երկրի քաղաքական կեանքին մէջ։ Նախ՝ իբրեւ Պոլսոյ քաղաքապետ (1994-1998), ապա՝ իբրեւ հիմնադիր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան (2001), զոր առաջնորդեց 2002, 2007 եւ 2011 թուականներուն՝ երկրի ընդհանուր ընտրութիւններու յաղթանակներուն ընթացքին, այնուհետեւ՝ իբրեւ վարչապետ (2003-2014) եւ, վերջապէս, իբրեւ նախագահ:
Էրտողան, 1988ին, կարճ ժամանակով բանտարկուած է՝ հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին թրքերէն քառեակներ արտասանելուն համար, երբ ըսած է.- «Մզկիթները մեր զօրանոցներն են, անոնց գմբէթները՝ մեր սաղաւարտները, մինարէները՝ մեր սուինները, երկրպագողները՝ մեր զինուորները. այս բանակը կը հսկէ մեր կրօնքը», եւ այդպիսով, ան դրսեւորած է իր ազգայնամոլութիւնը:
Էրտողան իր վերելքը սկսաւ իբրեւ ազդեցիկ քաղաքական ղեկավար՝ մօտաւորապէս Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի անկումէն մէկ դար ետք (Ապտուլ Համիտ Բ. գահազուրկ եղաւ 1909ին), եւ կը թուի, թէ ան կ՛աշխատի երկրին պատմութիւնը Ապտուլ Համիտ Բ.ի բռնութեան օրերուն վերադարձնելու ուղղութեամբ՝ շուքի տակ առնելով Աթաթիւրքի հաստատած աշխարհիկ բոլոր օրէնքները, եւ երկիրը մղելով դէպի մինատիրութիւն՝ իսլամական օրէնքներու ազդեցութեան տակ:
Արիւնարբու Կարմիր Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. դաժան բռնակալ մըն էր, իր հարազատ ժողովուրդէն եւ անմիջական միջավայրէն կասկածող, նոյնպէս՝ բարեկամ եւ թշնամի երկիրներէ, եւ այդ իսկ պատճառով, իր լրտեսները տարածած էր երկրի ամբողջ տարածքին: Իր գահը պահելու համար, ան իսլամներու «խալիֆա»ն ըլլալու հանգամանքին կառչած էր՝ կայսրութեան իսլամները իրեն թիկունք պահելու եւ խալիֆայութիւնը ներքին ու արտաքին թշնամիներու դաւադրութիւններէն «փրկելու» միտումով: Երբ անոր ճանկերը ի՛ր իսկ ժողովուրդին հասան, ո՛չ խալիֆայութիւնը, ո՛չ կրօնքը, ո՛չ ալ իր բռնապետութիւնը կրցան զինք փրկել, եւ ի վերջոյ՝ ան գահէն վար առնուեցաւ:
Էրտողանի ներքին թշնամիներն են քիւրտերը, յառաջդիմականները, ձախակողմեաններն ու թուրք ժողովուրդի ազատատենչ խաւը (Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներու թիւը ամենամեծն է աշխարհի մէջ)։ Հայ եւ յոյն փոքրամասնութիւնները, Ցեղասպանութենէն ի վեր, այդ երկրին մէջ ուժ մը չեն ներկայացներ կամ վտանգ մը չեն սպառնար: Քիւրտերու Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը (PKK) արդէն իսկ վաղուց երկրի թշնամին հռչակուած է եւ Էրտողան, այդ իրողութենէն օգտուելով, քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը երկրի ներքին թշնամիներու շարքին զետեղած է։ Քեմալական Հանրապետական- ժողովրդային Կուսակցութիւնն ալ Էրտողանի բարեկամը չէ. անոր կողքին մնացած են միայն ծայրայեղ իսլամները, որոնք իր ծրագիրներուն եւ օսմանեան փառքերը վերահաստատելուն աջակիցներն են:
Ամերիկան, Ռուսիան եւ Եւրոպան բոլո՛րն ալ կասկածի տակ են… Էրտողանի ամենամեծ թշնամին՝ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը, Ամերիկայի մօտ (որ ՆԱԹՕի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր դաշնակիցն է) ապաստան գտած է։ Երբ Գերմանիա արգիլեց թուրք նախարարին քաղաքական հաւաքը՝ իր հողին վրայ, Էրտողան Գերմանիոյ կառավարութիւնը «նացիական վարչակարգ» անուանեց. նոյնը եղաւ նաեւ Հոլանտայի հետ. արդարեւ, Die Weltի գերմանահպատակ լրագրող Տենիզ Եուչել տակաւին բանտարկուած կը մնայ Թուրքիոյ մէջ։ Ռուսիա եւս շատ հաշիւներ ունի Թուրքիոյ հետ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ դռները փակած է Թուրքիոյ դիմաց։ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ խնդիրները շատ բարդացած են Պաղեստինի հարցով։ Միւս կողմէ, Էրտողան Իրաքի մէջ զօրք կը պահէ՝ հակառակ այդ երկրի կամքին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի իսլամական երկիրներու, ապա շիի Պարսկաստանը Թուրքիոյ պատմական մրցակիցն ու թշնամին է շրջանին մէջ։ Սակայն «Իսլամ Եղբայրներ»ուն (Իխուան) նեցուկ կանգնող Էրտողանին համար, նորութիւնը Սէուտական Արաբիոյ սիւննի-Ուահապի դաւանանքն է, որ Թուրքիոյ սիւննի-Հանաֆի դաւանանքին ու «Իսլամ Եղբայրներ»ուն դէմ է:
Ներկայիս, Էրտողանի կառավարութիւը կը մեղադրուի շարք մը ապօրինի, անիրաւ եւ անմարդկային գործերով ու վարքագիծով. նախ, ան իր երկրէն մաս մը (Արեւմտեան Հայաստանի շրջանները), ուր քիւրտեր կը բնակին, ռմբակոծած է եւ տակաւին կը շարունակէ քանդել այդ շրջանները, իսկ անոնց բնակիչները պետութեան հսկողութեան տակ առնուած տարածքներու մէջ կը բնակեցնէ:
Ըստ «CNN Turk»ին (Յունուար 1, 2017)՝ Թուրքիոյ աշխատնքի նախարար Մոհամմետ Մուէզընօղլու ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ կան 135.000է աւելի պետական պաշտօնեաներ, որոնք պաշտօնազուրկ եղած են՝ Կիւլէնի խումբին կամ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան անդամ կամ աջակից ըլլալու յանցանքով: Իսկ լրագրող Մարք Մաքինոն Պոլիսէն տեղեկացուցած է («The Globe And Mail», Յուն. 5, 2017), թէ Էրտողանի քաղաքական մաքրագործութիւններուն հետեւանքով՝ անվտանգութեան ուժերու եւ քաղաքացիական ծառայութիւններու գրեթէ 50.000 անդամներ պաշտօնազուրկ եղած են՝ «Կիւլենի յեղաշրջման փորձ»ին մասնակցելու կասկածով: Էրտողան յայտնած է, թէ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի շարունակուի. ան կը ջանայ նաեւ մահապատիժը վերստին օրինականացնել. երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին…
Իսկ այս բոլորէն աւելի վտանգաւորը՝ թրքական կրթական համակարգի իսլամացումն է: Ըստ www.middleeasteye (Յուլիս 18, 2017) կայքին՝ Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, թէ «ճիհատ»ը ներառուած է կրօնական կրթութեան դասերու շրջանակներուն մէջ։ «Ճիհատ»ը սուրբ պատերազմ է՝ իսլամութիւնը տարածելու համար. անիկա նախ կ՛իրագործուի «ղեզու»ով, որ կը նշանակէ՝ ներխուժում, որուն կը յաջորդէ «ղենայիմ»ը, որ կը նշանակէ՝ կողոպուտ ու թալան, գրաւուած հողամասերու բնակչութիւնը գերի առնել եւ այդ հողամասերուն տիրանալ…
Ճիշդ ա՛յն, ինչը ըրաւ «Իսլամական Պետութիւն»ը (ՏԱՀԵՇ) Սինճարի մէջ, Մուսուլի մօտ։ Նոյն այս ձեւով է նաեւ, որ ժամանակին ընդլայնուած ու տարածուած է Օսմանեան Կայսրութիւնը:
Անցած Ապրիլ 16ին կայացած հանրաքուէն Էրտողանին ընդլայնուած լիազօրութիւններ շնորհեց, սակայն «այո՛» քուէները միայն 51,3 տոկոս էին: Ըստ թուրք լրագրող Փենար Թրըմբլէյի («Էլ Մոնիթոր», Յուլիս 28, 2017), 16 Ապրիլ 2017ի հանրաքուէին ընդհանուր արդիւնքները հաճելի չէին Էրտողանի համար։ Արդարեւ, Թուրքիոյ 30 մեծ քաղաքներէն 17ին մէջ, ի միջի այլոց նաեւ՝ Պոլսոյ, Անքարի եւ Իզմիրի մէջ, Էրտողան պարտուեցաւ. ան կորսնցուց այս քաղաքներուն մէջ բնակող երիտասարդութեան աջակցութիւնը… աւելի՛ն, երկրի բնակչութեան 76 տոկոսը չի վստահիր արդարադատութեան համակարգին:
Էտողանի մոլորած արտաքին քաղաքականութիւնը երկիրը տնտեսական լուրջ վնասներու եւ քաղաքական տագնապներու ենթարկած է: Գերմանիոյ հետ, որ Թուրքիոյ թիւ մէկ գործընկերն էր, առեւտուրը տկարացած է. նոյնը նաեւ՝ Եւրոմիութեան միւս երկիրներուն հետ։
Թուրքիոյ կթան կովը Ծոցի արաբական երկիրներն են, որոնց հետ ան միլիառներով գործարքներ ունի, եւ հոն հաստատուած հարիւրաւոր ընկերութիւններ ու հազարաւոր աշխատաւորներ ունի։ Ներկայիս, այդ բոլորը եւս վտանգի մէջ են՝ Քաթարի տագնապին պատճառով… Արդարեւ, Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են Սէուտական Արաբիոյ հետ, եւ թուրք գործատէրերը պահանջած են, որ Էրտողան հոն երթայ՝ փրկելու համար իրենց լաւ յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ։ Հետեւաբար, ստիպուած՝ ան միջնորդեց Քաթարին եւ միւս երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու, սակայն ապարդիւն եղան անոր ջանքերը։
Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. իր գահէն վար առնուեցաւ ի՛ր իսկ ժողովուրդին կողմէ: Երբ ժողովուրդը որեւէ բարեփոխութիւններ տեսնելու յոյս չունէր այլեւս, կրցաւ օրինական խորհրդատուութիւն («Ֆաթուա») ստանալ երկրի օրուան կրօնապետ Շէյխ Ուլ-Իսլամէն, որ այն ժամանակուան երկրի ամենամեծ ու ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնն էր, եւ Համիտը գահազուրկ ըրաւ: Էրտողանի վախճանը եւս նո՛յնը պիտի ըլլայ: Բանակի շարքերուն մէջ մաքրագործումներէն եւ իրեն վստահելի ու հնազանդ նոր հրամանատարներ նշանակելէ ետք, յոյսը միա՛յն ժողովուրդին վրայ կը մնայ: Էրտողան իր ժողովուրդին կողմէ դուրս պիտի շպրտուի, երբ երկրին տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակը փակուղի հասնի։ Այս անգամ ժողովուրդը, խորհրդարանի եւ քուէարկողներու ձայներով, Էրտողանը իր երազած խալիֆայութեան գահէն վար պիտի առնէ։ Սակայն՝ տակաւին կանուխ է հոն հասնելու…
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Azator
Bu haber azator kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com