Թուրքիոյ Անվտանգութեան Համակարգի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ Գերմանիայէն Ապաստան Խնդրած են -
Թուրքիոյ Անվտանգութեան Համակարգի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ Գերմանիայէն Ապաստան Խնդրած են
Թուրքիոյ ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ապաստան խնդրած են Գերմանիայէն: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է գերմանական Die Welt պարբերականը:
Գերմանիոյ Հեսսէն նահանգին մէջ ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած է նաեւ Գերմանիոյ դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան ստորաբաժանումներու միջեւ յարաբերութիւնները համակարգող բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը:
Դիմումներուն մանրամասները չեն հրապարակուած՝ հաշուի առնելով անձնական տուեալներու պաշտպանութեան հարցով պետութեան պարտաւորութիւնը:
Կը նշուի նաեւ, որ 2016-ի ռազմական յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք, Գերմանիայէն ապաստան ստանալու դիմում տուած է Թուրքիոյ աւելի քան 6700 քաղաքացի: Անոնց մէջ են նաեւ կարմիր անձնագիր ունեցող դիւանագէտները՝ իրենց ընտանիքներով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com