Արարատը Իբրեւ Հայկական Ինքնութեան Խորհրդանիշ. Ինտոնեզական Լրատուամիջոցը Անդրադարձած է Հայաստանին -
Արարատը Իբրեւ Հայկական Ինքնութեան Խորհրդանիշ. Ինտոնեզական Լրատուամիջոցը Անդրադարձած է Հայաստանին
Ինտոնեզիոյ պետական լրատուական գործակալութեան` Անթարա-ի լրագրողները Հայաստան այցէն ետք քանի մը յօդուածներով անդրադարձած են Հայաստանին, երկրի պատմամշակութային կոթողներուն եւ տեսարժան վայրերուն` ընդգծելով անոնց եզակիութիւնը եւ նշանակութիւնը աշխարհասփիւռ հայերուն համար:
[Masis-Sis-Ararat-Armenia] «Հայաստան, միլիոնաւոր վանքերու երկիր» խորագիրով յօդուածին մէջ հեղինակը ճանապարհորդական իր պատմութիւնը սկսած է սկիզբէն. թէ ինչպէս Յովհաննէս Ստեփանեան անունով զբօսավար մը օգնած է անոր բացայայտելու Հայաստանը:
«Որպէս առաջին նպատակակէտ ընտրուած էր Երեւանէն հարաւ գտնուող Խոր Վիրապը, վանք եւ դամբարանային համալիր, որ կառուցուած է 17-րդ դարուն: Խոր Վիրապը, որ հայերէնով կը նշանակէ զնդան, վանական համալիր է, որ ամենամօտն է թրքական սահմանին»,-«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` գրած է հեղինակը:
Անոր յատկապէս տպաւորած է Խոր Վիրապէն բացուող Արարատ լերան յստակ տեսարանը, որ ան ներկայացուցած է իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշը, թէեւ Արարատը կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին. «Բայց այդ օրը ամպերը ծածկած էին Արարատի գագաթները, որոնք միշտ ծածկուած են յաւերժական ձիւնով»:
Խոր Վիրապը ուխտագնացութեան վայր է, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցանեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջին առաջնորդ Գրիգոր Լուսաւորչին յիշատակին: Ան կրօնական առաջնորդ էր, որ նպաստած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատման, 301 թուականին, իբրեւ պետական կրօն:
«Առաջին հայեացքէն վանքը աւելի շատ նման է բերդի, քան երկրպագութեան վայրի իր կառուցուածքին պատճառով` բարձր պատեր եւ չափազանց փոքր դուռ»:
Հեղինակին յաջորդ ուղղութիւնը եղած է Նորավանքը, որ նոյնպէս վանական համալիր է` կառուցուած 13-րդ դարուն:
«Ինծի պատմեցին, որ արձակուրդի ժամանակ հայկական ծագում ունեցող երեխաները` աշխարհի տարբեր ծայրերէն («Արի տուն» ծրագրի մասին է-խմբ.) կ՛այցելեն իրենց նախնիներուն հողը․ Խոր Վիրապը եւ Նորավանքը պարզապէս հարիւրաւոր վանքերէն երկուքն են, որ կան Հայաստանի մէջ: Միւս յուշարձանները, որոնք ոչ պակաս գեղեցիկ են, կը համալրեն Հայաստանի պատմական անցեալը` Գառնին, Գեղարդը, Էջմիածինը, Հաղպատը, Օձունը, Տաթեւը եւ այլն: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանը յաճախ կ՛անուանեն առասպելական երկիր կամ թանգարան բաց երկինքի տակ»:
Իբրեւ Հայաստանի տեսարժան վայրեր` հեղինակը առանձնացուցած է նաեւ Ծաղկաձորը եւ Սեւանայ լիճը:
Հայաստանի մէջ իսլամութեան հետքերով
Այս յօդուածին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ Կապոյտ մզկիթին` նշելով, որ մզկիթի, փաստօրէն կարելի է հանդիպել ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ:
«Հայաստանը, որ աշխարհագրական դիրքով տեղակայուած է Ասիոյ մէջ, սակայն մշակոյթով աւելի շատ կը յարի դէպի Եւրոպա, իր պատմութեան մէջ ունեցած է ժամանակաշրջաններ, երբ եղած է մահմետականներու ազդեցութեան տակ: Երկիրը շրջապատուած է մահմետական մշակոյթով, որովհետեւ երկրի արեւմուտքը Թուրքիան է, հարաւը` Իրանը, արեւելքը` Ատրպէյճանը, հիւսիսը` Վրաստանը»:
Հեղինակը ներկայացուցած է, որ Երեւանի մէջ գտնուող Կապոյտ մզկիթը 7 մզկիթներէն մէկն է, որ մնացած է կանգուն: Միւս մզկիթները դադրած են գործելէ Խորհրդային իշխանութիւններու օրօք եւ փոխած են գործառոյթներու շրջանակը:
«Ընդհանուր առմամբ, մօտ յիսուն ուխտագնաց կար մզկիթին մէջ պահքէն դուրս գալու ժամանակ, եւ այտիկա ենթադրել կու տայ, որ մահմետականները իրօք փոքրամասնութիւն են Հայաստանի մէջ»,-պատմած է հեղինակը, որուն մզկիթի աշխատակիցներէն մէկը ըսած էր, որ Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութիւնը երաշխաւորուած է:
Մզկիթը, որ կառուցուած է 1765-ին, ունի 442 քմ աղօթատեղի: Անիկա ունի նաեւ գրադարան, ինչպէս նաեւ 26 դասասենեակ: Մզկիթը կը ծառայէ նաեւ իբրեւ պարսկերէնի ուսուցման կեդրոն, պատկերասրահ:
Արարատ լեռը` հայկական ինքնութեան խորհրդանիշ
Հեղինակը կը գրէ. «Արարատ լեռը կարելի չէ առանձնացնել հայերու ամենօրեայ կեանքէն: Արարատի անունը կը կրեն Հայաստանի հիւրանոցները, ճաշարանները, ֆութպոլային ակումբը, նոյնիսկ ըմպելիքները եւ ծխախոտը: Հայաստանի ժողովուրդին համար Արարատը խորհրդանիշ է եւ պետութեան ինքնութիւնը, որովհետեւ անիկա սուրբ լեռն է, ուր հանգրուանած է Նոյի տապանը, սակայն Արարատը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 5,165 մեթրի, Հայաստանի տարածքին չէ, այլ Թուրքիոյ»:
Հեղինակը կը գրէ, որ Արարատը, որ Թուրքիայի ամենաբարձր կէտն է, իրականութեան մէջ հայկական տարածք կը համարուէր մինչեւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ Թուրքիան զաւթեց տարածքը:
«Հայաստանի տարածքին չըլլալով հանդերձ` անիկա Հայաստանի ինքնութեան անբաժան մասն է, եւ պատմականօրէն, եւ մշակոյթով անիկա կը պատկանի Հայաստանին: Նախքան քրիստոնէութեան ընդունումը անիկա համարուած է «աստուածներու տուն», ժամանակի ընթացքին այդ առասպելը հետզհետէ վերացած է»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան գերմանական Der Spiegel գերմանական պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր, որ Արարատը միշտ պիտի ըլլայ ամէն հայու սրտին մէջ:
«Ոչ ոք կրնար Արարատը խլել մեզմէ, քանի որ մենք անիկա պիտի պահենք մեր սրտերուն մէջ. ուր ալ հայերը սփռուած ըլլան, դուք կը գտնէք Արարատը անոնց տուներուն մէջ»,-ըսած է նախագահը:
Հեղինակը կը հաստատէ, որ Արարատ լեռը հայերուն խորհրդանիշն է, որովհետեւ լերան ամենագեղեցիկ տեսարանը կը բացուի Հայաստանէն` մասնաւորապէս` Խոր Վիրապի վանքէն:
Ինտոնեզական Անթարա լրատուական գործակալութեան լրագրողներուն` Հայաստան կատարած այցը կազմակերպուած է Ինտոնեզիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ, այցի կազմակերպման իր լուրջ նպաստը բերած է նաեւ «Արմենփրես» լրատուական գործակալութիւնը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com