Էրտողան. «Պէտք Չէ Զիրար Խաբենք Եւ Քաթարի Հասցէին Կեղծ Ամբաստանութիւններ Կատարենք» -
Էրտողան. «Պէտք Չէ Զիրար Խաբենք Եւ Քաթարի Հասցէին Կեղծ Ամբաստանութիւններ Կատարենք»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «պէտք չէ զիրար խաբենք, Քաթարի հասցէին կեղծ ամբաստանութիւններ կատարենք եւ զայն վերածենք դատապարտեալ երկրի»` աւելցնելով. «Քաթարը դատապարտեալ երկրի վերածելը շրջանին օգուտ չի բերեր»:
«Քաթար ահաբեկչութեան չ՛աջակցիր, այլ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կը պայքարի, եւ մենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ զայն տապալելու համար անոր հետ կը գործակցինք», ըսաւ ան:
Էրտողան յայտնեց, որ Քաթարը պաշարելու որոշումը եւ անոր բնակիչները սննդեղէնէ, ըմպելիներէ եւ ճամբորդութենէ զրկելը իսլամական կրօնի ցուցմունքներուն ու մարդկայնականութեան յարիր չեն»:
«Այն ինչ որ այսօր Ծոցի մէջ տեղի կ՛ունենայ, Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի դէմ յեղաշրջումէն հեռու չէ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը: «Քաթարը իր աշխարհագրական տարածքէն մեծ է, ան մեծ է շնորհիւ իր տրամադրած օժանդակութեանց եւ ժողովրդավարութեան, ապահովութեան ու խաղաղութեան աջակցութեան», ըսաւ ան:
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ քաթարեան ճգնաժամը աւարտի ռամատանի աւարտէն առաջ եւ հարց տուաւ. «Արդեօք ճի՞շդ է ձեր կողմէ Քաթարը պատժելը եւ անոր քաղաքացիները պաշարելը»:
Էրտողան խօսքը Ծոցի երկիրներուն ուղղելով ըսաւ. «Քաթարի հետ ձեր յարաբերութիւնները լաւ էին, իսկ ինչո՞ւ անակնկալօրէն անոր դէմ կը դառնանք. ատիկա զարմանալի է»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com