22 Ağustos 2016
Պետութիւնն ու ժողովուրդը պիտի չարտօնեն Թուրքիոյ բաժանումը», երէկ յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով շաբաթավերջին Այնթէպի մէջ պատահած պայթումի գործողութեան, որուն զոհ գնաց աւելի քան յիսուն հոգի: «Այն ուժերը, որոնք չյաջողեցան իրենց ենթարկել Թուրքիան, ներկայիս կը փորձեն երկիրը բաժնել դաւանական հիմքերով», աւելցուց Էրտողան` նշելով, որ պայթումին հեղինակը 12-14 տարեկան տղեկ մըն է: Նախապէս Էրտողան յայտնած էր, որ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ ՏԱՀԵՇ-ի, կիւլենականներուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) միջեւ: Ան խիստ հաւանական նկատեց, որ Այնթէպի պայթումին հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ն է:
Նշենք, որ Սուրիոյ սահմանէն 64 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մէկուկէս միլիոն բնակիչ հաշուող, մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Այնթէպի մէջ քիւրտ ազատամարտիկի մը պսակի արարողութեան աւարտին պատահած պայթումը կու գայ 24 ժամ ետք Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ուշագրաւ այն յայտարարութենէն, ուր ան կարեւոր դեր կը վերապահէր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` երկրի տագնապին լուծման մէջ, միաժամանակ մերժելով Ասատի դերը յետպատերազմեան Սուրիոյ կառոյցին մէջ:
Միւս կողմէ, կարգ մը մեկնաբաններ Այնթէպի պայթումի դէպքին շարժառիթը կը վերագրեն մէկէ աւելի ազդակներու: Օրինակ, ըստ բրիտանական «Պի.Պի.Սի» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին, Այնթէպի պայթումը անմիջական հակազդեցութիւն է վերջերս քիւրտերուն կողմէ Մընպեժի շրջանէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու «վտարման»: Դէպքը փոխվրէժի արարք է, ըստ թղթակից Մարք Լուինի: Իսկ այլ աղբիւրներ պայթումը կը վերագրեն ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ուժի եւ ներկայութեան ցուցադրութեան:
Պայթումը, որ թրքական պետութեան կողմէ ահաբեկչական արարք որակուեցաւ եւ որուն պատասխանատուութիւնը ցարդ ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնեց, դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց միջազգային շրջանակներու մօտ: Այս ծիրին մէջ, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին ինկած զոհերուն համար