22 Ağustos 2016
Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց անցեալ ամիս Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը` այդպիսով վերջ տալով երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ տարակարծութեան եւ ճամբան հարթելով դիւանագիտական լիարժէք յարաբերութիւններու վերականգնման:
Երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ` Իսրայէլ յառաջիկայ 25 օրուան ընթացքին Թուրքիոյ պիտի փոխանցէ 20 միլիոն տոլարի գումար մը, իբրեւ «Մաւի Մարմարա»-ի դէմ իսրայէլեան բանակի յարձակումի զոհերուն փոխհատուցում:
Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլի որեւէ քաղաքացի արձանագրուած դէպքին համար առանձնաբար որեւէ քրէական կամ դրական պատասխանատուութեան պիտի չենթարկուի: